Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սահման

$
0
0

«Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց»

(Քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է)

Մովսէս Խորենացի, 5րդ դար

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Նորայր Տատուրեան

Օդանաւը հայրենի հողէն 10,000 մեթր բարձրութեան վրայ կը թռչի: Պատուհան կոչուած սահմանէն վար կայ լիճ մը մեծկակ, ձիւնածածկ գագաթներ եւ հորիզոն մը անսահման: Ապա կը մտածէք, թէ ո’ւր է «սահման» կոչուած այն գիծը, որ կը սահմանափակէ հայ ազգը եւ անոր հնարաւորութիւնները 29.8 հազար քմ տարածութեան մէջ: Այս բարձրութեան վրայ բարեբախտաբար չկան սահմաններ, կամ՝ գոնէ անտեսանելի են անոնք: Այսօր, յարգելի ընթերցող, հազար բառով սահմանուած զրոյց մը ունենանք «սահման» բառի մասին ու փորձեք չափել անոր պատմական եւ լեզուական սահմանաքարերը: Բայց, նախ կ՛առաջարկեմ անտեսել ժամանակի եւ տեղի սահմանները ու մտովի ճանապարհորդել դէպի հայոց Ոսկեդար ու տեսնել, թէ ինչպէս դրուեցան այս երկվանկի առաջին սահմանները:

Ոսկեդարուն հայ մատենագիրները պերճօրէն սահմանեցին «սահման» բառը եւ անոր տուին բառացի, թէ՝ փոխաբերական բազմաթիւ իմաստներ: Այնուհետեւ, ապագայ սերունդներուն մնաց անոր ընդարձակ սահմաններուն մէջ ազատօրէն ստեղծագործել. «Հովե՜ր կ՛ացնին. / Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՛արթննան. / Իրենց խորքէն կը հոսի դող մ՛անսահման», Դանիէլ Վարուժան, «Ու անթա՜րթ, անթա՜րթ նայում էի ես / Անսահման, անծիր երկնքի հեռուն», Եղիշէ Չարենց, «Հայ լեզու… / Ծառերուդ մէջ հովանուտ կ՛երթամ խինդով մ՛անսահման», Վահան Թէքէեան: 19րդ դարու գեղապաշտ գրականութիւնը հարուստ է նման տողիկներով: Սակայն, մենք մեր պատմութեան սկսինք պատմահայր Մովսէս Խորենացիով: «Պատմութիւն հայոց» աշխատասիրութեան մէջ ան առաւել քան վաթսուն անգամ գործածեց «սահման» բառը: Ներկայանալի են հետեւեալ երեք արտայայտութիւնները. «Սահման հայրենեաց», «Սահման հայոց» եւ «Սահման մերոյ»: Եթէ Խորենացիի «Պատմութիւն»ը գլուխ գործոց է՝ գլուխ գործոց է նաեւ անոր գրիչին պատկանող հետեւեալ դարձուածքը. «Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց», այսինքն, քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է: Պատմահայրը մեզի նաեւ բացատրեց, թէ հայերս ինչու «Արմէններ» կոչուեցանք արտասահմանցիներուն կողմէ. «Արամայ բազում գործք քաջութեան պատմին մարտից նահատակութեան, եւ ընդարձակել զսահմանս Հայոց յամենայն կողմանց, յորոյ անուն եւ զաշխարհս մեր անուանեն ամենայն ազգք, որպէս Յոյնք՝ Արմէն, իսկ Պարսիկք եւ Ասորիք՝ Արմէնիկք»:

PAR25րդ դարէն այս կողմ, երբ յաճախ կը կծկուէին հայոց սահմանները, ընդարձակուեցաւ «սահման» բառի սահմանները: Հայոց լեզուն հարստացաւ նորանոր բառերով… Սահմանաբաժան, սահմանագիծ, սահմանագլուխ, սահմանադիր, միասահման, սահմանաքար, սահմանել, սահմանում… Գիրերու գիւտին հետեւեցաւ Հայաստանի առաջին սահմանաբաժանումը Հռովմէական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ… Սահմանադրութիւն, սահմանազանց, սահմանազատել, սահմանազօրք, սահմանապահ…  Երբ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը աւարտեցաւ, անկում ունեցաւ Արշակունիներու հսկայական թագաւորութիւնը եւ հայը մնաց՝ «սահմանազուրկ» (Հնարեցի այս բառը եւ մաղթեցի որ անգամ մը եւս չգործածուի)… Սահմանաթումբ, սահմանախախտ, սահմանածայր, օրինասահման, սահմանանիշ, սահմանափոս… Չորս դար անց, երբ Բագրատունիներու գլխաւորութեամբ վերականգնեցաւ թագաւորութիւնը, հայոց պետական սահմանները ամփոփուեցան Անի քաղաքամօր շուրջ… Սահմանակալ, սահմանական, սահմանակից, սահմանապետ, սահմանավէճ… Երբ իր կեանքի սահմանին հասաւ Բագրատունիներու իշխանութիւնը, «սահման հայրենեաց»ը հրաժեշտ տուաւ հայրենի հողին ու ծուարեցաւ Կիլիկիոյ սահմաններէն ներս… Սահմանակողմ, սահմանագծել, սահմանանիստ, սահմանագրել: Ապա դարձեալ… սահմանազուրկ ազգ: 19րդ դարու երկրորդ կէսին, օտարներու «չափը, սահմանը անցած» ոտնձգութիւններուն վերջ տալու համար հայու սկսած պայքարը 1918 թուականին ծնունդ տուաւ պատուաբեր արտայայտութեան մը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային սահմաններ»:

Մեր նախնիները հնագոյն ժամանակներուն արդէն «սահման» բառին տուեր էին «բովանդակալից բնութիւն առարկայի» եւ «եզր տրամաբանութեան» իմաստները: Իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթի յայտնի աշխատասիրութիւնն ալ, պատահական չէ, որ կոչուած է «Սահմանք իմաստասիրութեան»: Նոյնպէս «սահմանադիր» եւ «սահմանադրութիւն» բառերը, բացի իրենց բառացի իմաստներէն, ունէին փոխաբերական իմաստներ՝ «օրինադիր, կարգադիր, օրէնսդրութիւն», ինչպէս «Սուրբն Ներսէս սահմանադիրն եւ կարգաւորիչ» եւ «Քաղկեդոնական սահմանադրութիւն»:

PARՄիջնադարուն հայ բանաստեղծը փոխանակ երկրային սահմաններով կաշկանդուելու, սիրեց աչքերը բարձրացնել երկինք ու տեսնել ազատութիւն ներշնչող անսահմանութիւնը. «Աստուած անեղ եւ անժամանակ, անսկիզբն… անուստ եւ տիպ անսահման», Ներսէս Շնորհալի, «Անեղն Աստուած անճառական, / Անհուն, անհաս եւ անսահման», Ներսէս Անձնապատցի: «Սահման» բառի ուրախութեան սահման չկար այն օրը, երբ Գրիգոր Նարեկացին այդ երկվանկով սահմանեց Աստուծոյ: Յարգելի ընթերցող, մեր հոգեւոր գրականութեան գեղեցկագոյն նկարագրութիւններն են անոնք, ուստի, եղէք անսահմանօրէն ներող, քանզի պէտք է որ մէջբերեմ բոլորը. «Անսահմանելի բարձրութիւն», «Անսահմանելի տեսիլ», «Սահման բանաւոր», «Անփոխադրելի սահման», «Անկշիռ սահման», «Տէրութիւն անսահմանելի», «Սահման անհետազօտելի», «Սահման փրկութեան», «Աստուած անսահման», «Լուսասահման անդաստանի», «Անսահման զօրութիւն», «Անսահման փառաւորութիւն», «Անսահման անուն եւ անբովանդակելի զօրութիւն», «Ճառագայթ անհաս, ծագումն անսահման»:

Նոր ժամանակներուն, «սահման» բառը, շնորհիւ Յակոբ Պարոնեանի ծիծաղաշարժ իրապաշտութեան, վերադարձաւ երկիր, ճշգրտօրէն՝ Պոլսոյ Ղալաթիա թաղամասը: Ահա այդ կարկառուն թաղի նկարագրութիւնը՝ Պարոնեանի գրիչով սահմանուած. «Ղալաթիոյ սահմանն է – հարաւէն քսակահատներ, արեւելքէն գինուորներ, հիւսիսէն ոճրագործներ եւ արեւմուտքէն երգիչ աղջիկներ։ Դրամի կողմէն սահման չունի. մոլութիւններու մասին անսահման է»: Ապա եկան քնարերգակ բանաստեղծներ: Անոնք մեր երկվանկը փոխադրեցին նոր սահմաններ: Ահա Վահան Տէրեանը եւ անոր մելամաղձոտ «սահման»ը. «Մի՛ թողնիր ինձ միայնակ / Անսահման այս կսկիծում», «Մենակութեան մէջ, գիշերում անքուն… / Եւ իջնում է մի անսահման թախիծ»: Համօ Սահեանը նկարագրեց իր բնութիւնը. «Չեմ ճանաչել հուն ու սահման, / Ծով լինելս չեմ զգացել»: Ռուբէն Հախվերդեանը հայկական երգարուեստի դասական սահմաններէն դուրս ելաւ ու յօրինեց ժամանակակից մեղեդիներ սիրային եւ քաղաքական. «Դու մենակ ես ու ազատ, չունես սահմաններ, / Ես ունեմ հարբած կիթառ եւ ունեմ երգեր», «Իմ յոգնա՛ծ ճամփորդ, ո՞ւր ես դու գնում… / Ո՞ւր է քեզ տանում ճամփան անսահման», «Ես մօտեցել եմ սահմանին վտանգաւոր, / Երբ ինձ սիրում են մարդիկ լուրջ ու կարեւոր»: Ո՞ր անտեսանելի ձեռքը բանաստեղծ նշանակեր է այդ անունները: Պատասխանը 1921 թուականին գրեց Յովհաննէս Թումանեանը, թէ Անսահմանելին կը դնէ իր ձեռքը ընտրեալի ուսի վրայ ու զայն կը սահմանէ՝ բանաստեղծ. «Իմ կնունքին երկինքը՝ ժամ, արեւը՝ ջահ սրբազան, / Ծիածանը նարօտ եղաւ, ամէնքի սէրն՝ աւազան. / Սարը եղաւ կնքահայրս, ցօղը՝ միւռոն կենսաւէտ, / Ու կնքողը Նա ինքն եղաւ, որ սահմանեց ինձ պոէտ»:

1988 թուականին, յարգելի ընթերցող, երկունք էր երկրին մէջ ու հայրենի սահմաններէն ներս տեղ չկար քնարերգութեան: Կրակ էր «սահմանի ողջ երկայնքով» ու զօրակոչ էր ամենուրէք: Այդ պայմանները հարկադրեցին, որ Ալեքսանդր Ղումաշեանը գրի առնէ «Մարտակոչ 88» բանաստեղծութիւնը. «Սահմաններդ սեղմւում են հետզհետէ,- / Տէր իմ Աստուած, այս նահանջը ուր է տանում», «Նեղ են սահմաններդ, երազներդ՝ անդէմ»: Իսկ երբ ծնաւ անկախ Հայաստանը իր նորածին սահմաններով, Յովհաննէս Գրիգորեանը հիասթափութիւն ապրեցաւ.

«Չորս քայլ վեր… սահման է:
Չորս քայլ վար… սահման»:

Յարգելի ընթերցող, «սահման» բառը կը շարունակէ ցոյց տալ փշալարի նմանող իր դէմքը, բնութագրելով՝ մեր յարաբերութիւնը սահմանի այն կողմի հետ: Հայկական մամուլը եւ մեր առօրեայ զրոյցները ողողուած կը մնան նոյնքան խոժոռադէմ արտայայտութիւններով. «Սահմանային վէճ», «Սահմանային բախում», «Սահմանի ողջ լայնքում…», «Սահմանամերձ գիւղ, կամ՝ համայնք», «Փակ սահման»: Այդ վիճակէն դուրս գալու համար կ՛առաջարկեմ նոր բառ՝ «սահմանաշարժ», որ գիշեր մը, յանկարծ պատահէր ու ամէն ինչ վերադառնար իր նախկին տեղը: Մինչեւ որ ատիկա պատահի, 10000 մեթր բարձրութեան վրայ, -երբ նշմարելի են Շիրակի եւ Ուտիքի Սահմանախաչ տեղանքները, Բռնակոթի Սահմանասար տեղանքը, Վայոց Ձորի Սահմանասար լեռը-, մենք մեր յոյսը դնենք բանաստեղծներուն վրայ, որոնց երեւակայութիւնը սահման չունի. «Թռչունները : Սահմանների վրայ փշալարեր չկան / Թռչունների համար», Ալեքսանդր Ղումաշեան, «Լինէ՜ր, այնպէս լինէր, որ չլինէր սահման», Վահագն Դաւթեան: Անսահման երջանկութիւն բոլորիդ՝ մինչ յաջորդ հանդիպում:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles