ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Երեւանի պետական բժշկական 100ամեայ ուսումնական հաստատութիւնը պատմութիւն ունի ամէն անկիւն: Համալսարանի բակին մէջ «Կանաչներ» իւրայատուկ անուանումը ստացած այս նստարաններուն նոյնիսկ ցուրտ եղանակին տասնեակ զրոյցներ ծաւալած են ու կը ծաւալին ուսանողական ծանրաբեռնուած առօրեային, դասերուն, ապագայ բժիշկները հետաքրքրող այլ թեմաներու մասին: ԵՊԲՀ վարչական եւ կեդրոնական մասնաշէնքերու յետնամասի բակով անցնելով արդէն երկու օր է, անկարելի է չնկատել «Կանաչների» պատը զարդարող նկարը, որ հեղինակած է Ընդհանուր բժշկութեան բաժանմունքի 5րդ տարուան ուսանող Շանթ Կարապետեան:
Չորս օրեր՝ ընդհանուր առմամբ 18 ժամ տեւողութեան քրտնաջան աշխատանքէ ետք, դատարկ պատին պատկերուած է հիւանդապահուհիին նկարը՝ ծաղիկը ձեռքին, այդ կերպ համալսարանական սիրուած տարածքը ողողելով արուեստի շունչով:
«Պէտք էր ինչ-որ բան մտածել, որպէսզի սիմվոլիկ (խորհրդաշական-Խմբ.) լինի, արուեստի շնչով ողողուած, բայց ամենագլխաւոր պատճառը բժշկականի 100ամեակն էր: Մէկ տարի է մտածում էի՝ ինչ նուէր կարող եմ անել համալսարանին: Սկզբում մտածում էի կտաւի տեսքով, յետոյ կտաւը մեծացաւ դարձաւ 5 մետր բարձրութեան պատ: Նկարի մէջ նկարներ կան, բառեր ու մարդիկ կան: Էսթետիկ կողմը պահել եմ: Հասարակ նկար չէի նկարի այդ տեղում, այդ մասշտաբի», յայտնեց ուսանողը:
Ապագայ բժիշկ-նկարիչին համաձայն՝ իւղաներկով գծուած նկարը յաւերժ կը մնայ բժշկականի պատմութեան մէջ: Ուսանողը արդէն հասած է վայելելու նկարին շուրջ յառաջացած ուշադրութիւնը եւ հասարակութեան դրական արձագանգը:
Ասիկա Շանթին առաջին ստեղծագործական գնահատելի աշխատանքը չէ։ Ան կ՛ուզէ մասնագիտանալ գեղագիտական վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ, ըստ անոր, այդ մարզը սերտօրէն կ՛առնչուի նաեւ արուեստին հետ: