Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լոյս Տեսաւ Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն» Հատորը

$
0
0

1028hajin

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն)» հատորը, զոր թարգմանած է Անդրանիկ Տագէսեան: Հատորը լոյս տեսած է Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան կողմէ, մեկենասութեամբ Րաֆֆի եւ Հենրի Սիսլեաններուն:

Հաճնոյ հերոսամարտի 100ամեակի ոգեկոչումի ծիրին մէջ, Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան ծրագրած ձեռնարկներու շարքին երկրորդ հատորն է այս մէկը:

Հատորը օրագրութիւնն է «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»ի (ՆԻՌ) Հաճնոյ մէջ վերահաստատած որբանոցին պատասխանատուներէն Ալիս Քիփ Քլարքի:

Քլարք Հաճըն կու գայ զինադադարին, աջակցելու որբանոցին վերաբացումին: Ինք եւ միսիոնարուհի Էտիթ Քոլտ կը յաջողին հաւաքել Հաճընի եւ շրջակայ գիւղերու փողոցները թափառող մեծաթիւ հայ որբերէն շուրջ 260ը եւ զանոնք պատսպարել ՆԻՌի որբանոցին մէջ: Սակայն, այս որբերը կեանքի վերադարձնելու, կեանքին հանդէպ յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչելու միսիոնարուհիներուն փորձերը կը խանգարուին Հաճընի պաշարումով եւ կ’ընդհատուին Հաճընի անկումով: Յիրաւի, խաղաղութեան եւ վերականգնումի ճգնող հաճընցիներուն միամեայ ջանքը կը խոչընդոտուի թրքական պաշարումով, ապա կը խորտակուի՝ թրքական գրաւումով եւ շուրջ 7000 հաճընցիներու եւ որբերու ջարդով:

Քլարքի օրագրութիւնը հարազատ եւ անմիջական ոճով պատումն է այս եղեռնագործութեան: Քլարք կը ներկայացնէ որբերուն հոգեփոխութիւնը, անոնց՝ իրենցմէ երես դարձուցած կեանքին դարձեալ կառչիլը: Դժբախտաբար, սակայն, այս որբերուն վերադարձը դէպի յուսատու կեանք կ’ըլլայ ողբերգականօրէն կարճ: Նոյնինքն Քլարք իր օրագրութիւնը կը փակէ թերի պատասխանուած հարցադրումով՝ թէ ինչո՛ւ արդեօք այս որբերը մահէն կեանքին բերուեցան պահ մը միայն, ապա դարձեալ մատաղուեցան մահուան…:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles