Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Անկախութիւն Եւ Պատերազմ

$
0
0

1104ASA1

Այս տարի անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տօնեց իր վերանկախութեան 29րդ տարեդարձը:

Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գտնուող հայկական հիւպատոսութիւնները կարելին ըրին այս օրը աշխարհասփիւռ հայերուն հետ նշելու համար ՝ Գանատայէն մինչեւ Պուրճ Խալիֆա, Ռիո Տէ Ժանէյրոյէն մինչեւ Ուքրանիա:

Հայ Քոյրերու վարժարանն ալ ցնծաց այդ օրը: Մեծ ու պզտիկ ուրախացանք եւ խանդավառութեամբ եռագոյն դրօշակներ պատրաստեցինք, արտասանեցինք ու երգեցինք: Հպարտացանք մեր միասնականութեամբ:

Բայց այս ուրախութիւնը երկար չտեւեց, եւ խաթարուեցաւ մեր անդորրը՝ թշանմիին չար ձեռքով:

Կ՛ապրինք պատմական ժամանակաշրջան մը եւս: Սկսաւ լայնածաւալ պատերազմը արցախահայութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան համար: Առաջին իսկ օրէն կազմուեցան կամաւորական ջոկատներ: Աշխարհի չորս կողմէն կամաւոր հայեր ժամանեցին հայրենիք, իրենց մատղաշ զինուորներուն թիկունք կանգնելու հայրենասիրական վեհ նպատակով:

Հայ ազգաբնակչութիւնը յարձակումի կ՛ենթարկուի: Բախումները կը սաստկանան օրէ օր:

1104ASA2

Մարդասէր Եւրոպան գոցեց աչքերը, խաղաղասէր Ամերիկան լուռ է, քաղաքակիրթ ազգերը խղճացին լոկ: Եւ այն ժամ հասկցանք, որ մենք միայն մէկ պաշտպան ունինք. հայ զինուորը՝ Հայոց Բանակը:

Աշխարհը աչքը գոցեց խիղճին վրայ: Բայց անոնք չիմացան, որ հայերը ունին զօրաւոր եւ միասնական Սփիւռք: Անիկա միշտ նեցուկ կանգնած է իր շատ սիրելի Արցախին եւ Մայր Հայաստանին: Մենք թոյլ չենք տար, որ լուռ մնան այս արհաւիրքին ատեն:

Հայ Քոյրերու վարժարանը, Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին դրամահաւաք կազմակերպեց: Սիրելի աշակերտները, ծնողները, անձնուէր ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը եւ դպրոցիս հոգաբարձութիւնը անսակարկօրէն իրենց օժանդակութիւնը եւ մասնակցութիւնը բերին: Հաւաքուեցան 30 տուփ հագուստեղէն, կօշիկներ, դեղորայք եւ շուրջ 17,000 տոլար՝ մեր սիրելի Արցախին համար:

20 Հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Բարսեղ Ծ. վրդ. Պաղտասարեան աղօթքով առաջնորդեց մեր դպրոցի մոմավառութիւնը, ապա իր սրտի խօսքը եւ պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Թող որ լսելի

դառնան մեր բոլորին աղօթքները: Թող որ Երկնային Հայրը իր աջով եւ խաչով պահպանէ Հայոց երկիրին սահմանները: Անսասան ուժ եւ կարողութիւն տայ մեր քաջարի զաւակներուն: Ըլլանք միաբան՝ մէկ սիրտ ու մէկ բռունցք այս օրհասական օրերուն:

Հպարտ ենք, այո՛, բայց երանի հպարտութիւնը այսքան ցաւոտ չըլլար: Յաւերժ փառք եւ խոնարհութիւն մեր հերոսներուն:

Ապրողները պարտք են ձեզի, սիրելի՛ տղաք:

 

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

1104ASA3


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles