Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԵՈՒՆԵՍՔՕն Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախի Պատմամշակութային Կառոյցներու Պահպանման Գործին

$
0
0

1121UNESCO

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵՈՒՆԵՍՔՕն պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային կառոյցներու պահպանման գործին եւ կը նախատեսէ հոն ուղարկել մասնագէտներու խումբ մը:  Այս մասին, ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի պաշտօնական կայքին՝ յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին գլխաւոր տնօրէնը պաշտօնապէս առաջարկեց ճարտարարուեստական օժանդակութիւն տրամադրել ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ, որուն ներկայացուցիչները, սակայն, մինչ օրս չէին կրցած այցելել այդ տարածքներ: Անոնք կրնան դաշտային առաքելութիւն իրականացնել բոլոր շահագրգիռ կողմերուն համաձայնութեամբ, որպէսզի կազմեն տարածաշրջանի ժառանգութեան առաւել նշանակալի մշակութային արժէքներու նախնական ցանկը: ԵՈՒՆԵՍՔՕն պիտի աշխատի համապատասխան բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի պայմաններ ստեղծէ այս առաքելութեան համար: Նախաձեռնուած են բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ», յայտնեց Օտրէ Ազուլէ՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները տեղի ունեցան 18 Նոյեմբերին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles