Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ

$
0
0

MARKARIAN

ՀՐԱՆԴ  Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…

Կաթիլներու ջուրին նման

վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունտն այս ապականած
ու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…
Սերմերու պէս դաշտին նետուած
ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու
եւ տաս անոր գիտակցութիւն՝
վեհին անեղծ
եւ վսեմին սրբամաքուր։
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

Որ մարդուն մէջ,
–      կաւովն ափիդ մարդկայնացած-

Որ մարդուն մէջ,

  • Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-

Որ մարդուն մէջ,

  • ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…
Դեկտեմբեր 9, 1996

Քանկըրս, Նիւ Եորք

 

Ծանօթ.-  Սոյն բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յօրինեց Հայր Մեղրիկ Բարիկեան, այժմ եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան, յԱնթիլիաս, Դեկտեմբեր 1998ին եւ զոր վերանայած է 1 Օգոստոս 2018ին, յԱնթիլիաս:

 

ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

 

ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ՃԷՅՄԶ ՌԱՊԸՐԹ ՌԱՍՍԸԼ*

 

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զանոնք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Անոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ:

Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ՝ …ծառերը չմահանան:

«Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ: Առաջինը պայթուցիկ «ծա»ն է, երկրորդը, զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը:

Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ՛աղօթէ, որ՝ սէրերը չմահանան: «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ» եւ «րէ» տառերով  կը մեղմացնէ նախկինին մէջ նշուած բաղաձայնային կարծրութիւնները՝ զանոնք վերածելով մեղմ հնչոյթներու, թէ՛ էութեամբ, թէ՛ ստորադասութեամբ:

Ծառերը ջուրով կը սնանին, եւ սէրը, բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ, կը դառնայ ջուր, կը դառնայ ամպ, եւ երկրագունտին վրայ ցoղելով կը մաքրէ եւ կը սնուցանէ մարդուն ոգեկան էութիւնը:

Առաջին մասի երաժշտական աւարտին, բանաստեղծը կը հրամցնէ իր երկրորդ պատկերը, որ նոյնպէ՛ս, անձրեւի՝ դէպի-վար հոսքին նման, դարձեալ կը կամրջուի «ծառ» բներգին՝ այս անգամ ցանուած սերմին հետ – իմաստութիւն եւ լուսաւորուած խղճմտութիւն մատուցելով մարդ արարածին:

Մենք բանականօրէն մտային հունտ կը ցանենք, որ կ՛աճի եւ դէպի վե՛ր կը սլանայ մեր գիտակցութեան մէջ:  Եւ այսպէս, Մարգարեան իր գրութեան երկրորդ տունով,  անձրեւի դէպի վար հոսքի ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի վե՛ր՝ վեհ եւ վսեմ… բառերով: Վերջին երկու բառերը քրիստոնէական սրբութեան խորհրդանշաններ կը մատնանշեն …անեղծ, սրբամաքուր…:

Դէպի-վեր սլացքը մեզ դէպի Աստուած կը տանի, կերտողը մարդ արարածին, այն արարածին, որ ծառերու նման կաւով կամ կաւին մէջ կազմուած է: Բանաստեղծութիւնը կ՛աւարտի աղօթքով՝ որ մարդ արարածը չմահանայ – բառացիօրէ՛ն:

«Մարդուն մէջի մարդուն մահացում» արտայայտութիւնը տրամաբանական մեղմ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ: Ինչպէ՞ս կրնայ է իքսի մէջի իքսը մահանալ, առանց ամբողջական իքսը մահանալու: Յետագայ տողերը աակայն եւ բանաստեղծութեան հոլովոյթը կը լուսաբանեն այս հարցադրումը եւ կը լուծեն հակադրութիւնը:

Մարդը  նուաստացած էակ է առանց կարեկցութեան ջուրին եւ լուսաւորութեան հունտին: Առանց անոնց, ան չի կրնար հասնիլ մարդկային կարողականութեան իսկութեան: Կարեկցութիւնը եւ լուսաւորութիւնը վերուստ տրուած պարգեւներ են, եւ որոնց կարելի է հասնիլ միայն աստուածային շնորհքով, որ կը տրուի ի պատասխան աղօթքի աղերսին:

Հոմերոսեան իսկութեան տեսութիւնը, մարդը կը ներկայացնէ իբրեւ ծառ: Ծառին փոփոխուող տերեւները իր սերունդներն են, իսկ ճիւղերը, իր զաւակները. իսկ պատերազմը, սուր կացին է, որ սարերուն վրայի կաղնիները կը հատէ:

Երբ մարդը կը ձախողի մարդ ըլլալէ, պատերազմելու կը դիմէ:

Մարգարեան իր բանաստեղծութեան մէջ ներմուծած է հին հնդեւրոպական՝ մարդ-արարած-ծառ յարակցութիւնը, որ կը բացայայտնուի նաեւ հայկական աւանդութեան՝ ծառն կենաց բառակցութեամբ: Մարգարեան ներմուծած է նաեւ քրիստոնէական խորհուրդը՝ զայն  դրսեւորելով մտային, կառուցուածքային եւ լեզուական հնչեղականութիւններով:

Այս փոքրիկ գլուխ գործոցը իր արժանի տեղը կը գրաւէ Հայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ:

Քսաներորդ դարու շարական մըն է այս բանաստեղծութիւնը եւ աղօթք՝ յաջորդ հազարամեակին

համար:

 

Հոկտեմբեր 1997

 

ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ՃԷՅՄԶ ՌԱՊԸՐԹ ՌԱՍՍԸԼ

 

Փրոֆեսէօր Ճէյմզ Ռասսըլ շրջանաւարտ է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն: Դոկոտորական թէզը պաշտպանած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ ապա ստանձնած է փրոֆեսէօրի պաշտօն Երուսաղէմի «Հիպրու» համալսարանին մէջ:

1993 – 2016 պաշտօնավարած է «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ՝ իբրեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան փրոֆեսէօր, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ քաղաքակրթութեան բաժանմունքին մէջ: Վարչական անդամ է «Տէյվիս» կեդրոնի Ռուս եւ եւրոասիական բաժանմունքին: Ան փրոֆեսէօր է նաեւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանեան եւ Հայկական կրթական բաժանմունքին մէջ:

Համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականը բազմաթիւ գիտական ուսումնսիրութիւններու տէր է եւ  հեղինակ՝ վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու:

Ներկայիս ան կ՛ապրի Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահաանգներ, ուր կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները: Ան նաեւ այցելու փրոֆեսէօր է կարգ մը համալսարաններու։

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles