ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սօս Սարգսեան»ի անուան «Համազգային» թատրոնը տարեվերջին Արցախ այցելեց` մանուկներուն եւ պատանիներուն հրամցնելու «Սպիտակաձիւնիկն ու 7 թզուկները» ներկայացումը: Թատրոնի դերասանական խումբը հանդէս եկաւ Ճարտարի, այնուհետեւ Մարտակերտի, Ասկերանի, ապա 3 օր` Ստեփանակերտի մէջ:
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած «Սօս Սարգսեան»ի անուան «Համազգային» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան նշեց, որ տպաւորութիւնները աննկարագրելի են:
«Երբեք այդքան իմաստաւորուած չեմ զգացել մասնագիտութիւնս, որքան Արցախ կատարած վերջին այցելութեան ընթացքում: Մեր շուրջբոլորը կան երեխաներ, որոնք պէտք է չզգան այն, ինչ տեղի է ունեցել, որոնք պէտք է ուրախանան: Դու ես այն մասնագիտութեան տէր մարդը, որ կարող ես երեխային ուրախացնել հեքիաթով: Տպաւորութիւններն աննկարագրելի են, սկզբում խաղացինք Ճարտարում: Այնտեղ ոչ բոլոր օրերին հոսանք կար, այնպիսի օր էինք այնտեղ հասել, որ այդ ժամանակ ելեկտրամատակարարում չկար, սակայն շատ արագ պայմաններ ստեղծուեցին, եւ ամբողջ դահլիճը հաւաքուեց», յայտնեց Նարինէ Գրիգորեան:
Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը Արցախի մէջ անցուցած օրերը բնութագրեց այսպէս՝ փոխադարձ ուժի, փոխադարձ երջանկութեան փոխանցում: Դերասանները ուրախ էին, որ արցախցիները կան, վերադարձած են տուն, պինդ կառչած են հայրենի հողին: Արցախցիներն ալ երջանիկ էին, որ դերասաններ եկած են, իսկ այդ կը նշանակէ, որ կեանքը կը շարունակուի։
«Շատ ուժ հաւաքած ենք եկել, դա մեզ համար վերելքի մի նոր շրջան եղաւ: Այդ զգացողութեամբ պէտք է կարողանանք վարակել նրանց, որոնք սկսել են հիասթափուել վիրաւոր հայրենիքի գիտակցութիւնից», ըսաւ Ն. Գրիգորեան։
Արցախէն ստացուած տպաւորութիւնները այնքան ջերմ են ու դրական, որ ստիպեցին տարուան ծրագիրներուն մէջ անպայման ներառել Արցախ այցելութիւնը: Տարեսկիզբին Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին համազգայնականները հանդիպում ունեցան Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւ պայմանաւորուեցան, որ յաճախ Արցախ պիտի այցելեն նոր ներկայացումներով:
«Համազգային» թատրոնը կը պատրաստուի տարուան ընթացքին հանդէս գալ նոր ներկայացումներով: