ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
7-8 տարի առաջ, «Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը» յօդուածաշարը շպարուեր եւ գրաւիչ դարձեր էր «սնգոյր» բառով: Բայց, աւաղ, ինչպէս ամէն ներկ, սնգոյրն ալ մնայուն չէր ու շուտով մաշեցաւ՝ անմխիթար ձգելով գրութիւններուս տեսքը: Ուստի, յարգելի ընթերցող, տիկիններ յատկապէս, այսօր կ՛առաջարկեմ, որ դարձեալ բանանք այդ ընտիր ներկափոշիի արծաթեայ, փղոսկրեայ կամ տօսախեայ տուփը, սնգուրենք այս զրոյցը, որպէսզի անիկա մնայ հրապուրիչ: Սակայն, այդ տուփը պէտք է բանալ ամենայն զգուշութեամբ, քանզի անիկա կը պարունակէ բազմաթիւ մեղքեր, տհաճութիւններ եւ փորձանքներ: Հիմա դուք որոշեցէք՝ զայն բանա՛լ, թէ չբանալ, իսկ ես ներկայացնեմ «սնգոյր» ծաղիկը եւ անոր ստուգաբանութիւնը:
Դաշտային համեստ ծաղիկ է սնգոյրը, բուսաբանական անունով՝ anchusa: Նոյն ընտանիքէն է նաեւ alkanna tinctoria ծաղիկը: Անոր բնաշխարհն է Միջերկրականը: Հայաստանի մէջ անիկա կ՛աճի Կոտայքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ, Երեւանի մօտակայքը: Ծաղիկը երկնագոյն-կապոյտ է, կը ծաղկի Մայիս-Օգոստոս ամիսներուն: Մխիթարեան հայրերէն Գաբրիէլ Մենեւիշեան «Բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ (1897, Վիեննա) նշած է, թէ սնգոյրը ունի «Ցագարաձեւ, գոց, գեղեցիկ կապոյտ ծաղիկներ»:
Պճնասէր օրիորդներ, քաղցրաբոյր բաղադրիչներ պատրաստող դեղագործներ եւ խոհարարներ, դաշտերու մէջ ու լեռներու վրայ ազատօրէն եւ առատօրէն բուսնող սնգոյրը չեն փնտռած իր ծաղիկին համար, այլ՝ իր կարմիր ներկին համար: Իսկ անոր ներկը կու գայ ո՛չ թէ սնգոյրի ծաղկաթերթերէն, այլ՝ անոր հաստ արմատներէն: Արիստակէս Ազարեանի «Յունարէն-Իտալերէն-Հայերէն-Թրքերէն» քառալեզու բառարանը (1848, Վիեննա) անոր մասին կը գրէ. «Բրդեղէնները ներկելու համար ներկ մըն է»: Այլ բառարանի մը մէջ կայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ներկ պաճուճանաց երեսաց»:
Սնգոյրի ներկափոշին մութ կարմիր երանգ կու տայ գինիներուն, պարսկական «ռուղան ճուշ» կոչուած ճաշին, ինչպէս նաեւ այտերուն: Միջնադարուն ֆրանսացի նրբաճաշակ տիկիններ սնգոյրով կը շինէին շրթունքի ներկ՝ «rouge»: Իսկ կահոյք պատրաստող վարպետները սնգոյրը կը գործածէին վարդափայտի գոյն ստանալու համար:
«Սնգոյր» բառը, ըստ Հր. Աճառեանի, ունի իրանեան ծագում, փոխառութիւն մը՝ «սանկեար» ձեւէն, «san+angr»: Բոյսը կը պատկանի «շնխաղող» կոչուած ընտանիքին եւ այդ անուանումը նաեւ կը համաձայնի պարսկականին. «սակ»՝ շուն, «անկիւր»՝ խաղող:
Մայիս կամ Օգոստոս ամիսներուն, սնգոյրը կը վառէր տղաներուն սիրտերը: Բայց ինչպէ՞ս եղաւ, որ սնգուրուած ժպիտներ ուշադրութիւնը գրաւեցին նաեւ… եկեղեցական հայրերուն: Այդ մանր փոշին ինչպէ՞ս դարձաւ «մեղաւոր»: Հասկնալու համար, իջնենք անոր գրական արմատներուն:
«Սնգոյր» բառի հայկական առաջին գործածութիւնը Աստուածաշունչին մէջ է. «Ի բաղանիս մտանէիր, ի ծարիր եւ ի սնգոյր շպարէիր, եւ զարդարէիր զարդու»: Սուրբ Գիրքին մէջ սնգոյրը հաւասարուած է կանանց անպարկեշտ կեցուածքին հետ: Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հայրերը քարոզեցին, թէ կիներն ու աղջիկները իրենց երեսը չշպարեն սնգոյրով: Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ըսաւ. «Թող կիները իրենց երեսները չներկեն»: Հայկական բուսաբանական մատենագրութեան մէջ սնգոյրին նկատմամբ կայ հետեւեալ նշումը. «Խոտ, որ լինի նիւթ գունելոյ լկտի կանանց զերեսս»: Այս եւ նման արտայայտութիւններ թելադրեցին, որ այդ ներկը դրդապատճառն է անբարոյութիւններու: Ռեթէոս Պէրպէրեանն ալ առակով մը միացաւ այդ քարոզչութեան. «Վարդապետ մը շատ կը տրտմէր: / Համայնքին մէջ երբ կը տեսնէր / Սէր ու տենչանք ունայն զարդի, / Շպար սնգոյր եղած յարգի: / «Թողէք, եղբարք, թողէ՛ք, քոյրեր, / Այդ սուտ զարդեր, սին նազանքներ»:
Ապա, հայոց լեզուին մէջ գոյացաւ «սնգոյր» բառին փոխաբերական իմաստը՝ «կեղծիք», «սուտ երեւոյթ», եւ հայոց դարձուածքային բառարանները հարստացան մէկ այլ պատկերաւոր խօսքով՝ «Հին դէմքի նոր սնգոյր», իսկ հայ գրիչները այս վտանգաւոր բառով սնգուրեցին յօդուածներ:
Կարելի է խաբուիլ բառին սիրուն տեսքէն ու կարծել, թէ սնգոյրը քոյրն է համբոյրի, հրապոյրի եւ զգլխիչ բոյրի: Ճշմարտութիւնը, սիրելի ընթերցող, այն է, որ «սնգոյր» բառը չներկեց հայկական քնարական-սիրային քերթուածներ, բայց լայն գործածութիւն գտաւ քաղաքական-գաղափարական գրականութեան մէջ: Պատճառը արդեօք պատմաբան, գրագէտ եւ հրապարակախօս Լէօ՞ն էր՝ Առաքել Բաբախանեան, որ «Գրիգոր Արծրունի» երկասիրութեան մէջ զգուշացուց իր գրչեղբայրները՝ ըսելով, որ երբ միայն թեւաւոր բանաստեղծութիւն եւ ներբող ստեղծէ գրագէտը, «…այն կը դառնայ գեղեցիկ կանանց նման, որոնց բոլոր սիրունութիւնը… սնգոյրով է»: Վիպագիր Րաֆֆին իմաստասիրեց. «Ե՜ղբայր (…) արդարեւ, լուսաւոր կոչուած ազգերի այժմեան քաղաքականութիւնը – այդ մեծ պոռն…ը – իւր կեղծաւոր եւ անուշ լեզուով, իւր դիմակաւոր դէմքի սնգուրած փայլողութեամբ հրապուրում է քո սէրը, բայց հաւատացնում եմ քեզ, բարեկա՛մ, որ նորա այն քաղցրախօս շրթունքների մէջ թաքուցած է մահաբեր թոյնը»: Աւետիք Իսահակեան, մեր ազգի ամէնէն սեւ օրերուն, հեռացուց թշնամիին կարմիր սնգոյրը եւ ցոյց տուաւ անոր իսկական երեսը. «Գիտեն իրենց վայրագութիւնները շպարել, սնգուրել արիւնարբու աչքերը՝ եւրոպացիին խաբելու համար, նրանք շատ վարպետ են խաբելու մէջ եւ եւրոպացիին էլ լաւ են ճանաչում»: Իսկ Նիկոլ Աղբալեան բացատրեց, թէ ի՚նչ կը նշանակէ բանակի մէջ դասալիք ըլլալ ու զայն հռչակել իբրեւ՝ առաքինութիւն. «Հնչուն բառերով սնգուրել դաւաճանութեան երեսը եւ վտանգել յեղափոխութիւնն ու ազատութիւնը»:
Խիստ հազուագիւտ են «սնգոյր» բառի քնարական գործածութիւնները: Անոնցմէ մէկը գրի առաւ Մ. Զգօնը՝ «Վարդեր Քեզ Համար» արձակ բանաստեղծութեան մէջ (1928, Վառնա), ուր նկարագրեց իր կեանքը. «Իմ երկինքը վերջալոյսի սնգոյրն է գունատած»: Իսկ հայ կանանց մէջ Սիպիլն է, որ 16 Սեպտեմբեր 1913ին, Պոլսոյ Փերա վայելուչ թաղամասին մէջ, ուր բոլոր կիները սնգուրուած կը ճեմէին «Grande Rue de Pera»ի վրայ (Փերայի Մեծ Պողոտայ), աւարտեց «Մի՛ Ըսէք» բանաստեղծութիւնը, այն միակ քերթուածը, որ պճնուած է «սնգոյր» բառով. «Մի՛ ըսէք ինձ, թէ բարութիւնն է կեղծիք, / Թէ ժպիտը կնճիռ մըն է սնգուրուած, / Թէ ոչինչ կայ ազնիւ, ոչինչ գեղեցիկ, / Թէ պատրանք են սէրը, ծաղիկն ու քերթուած»:
Ուրախ եմ, որ որոշեցիք բանալ սնգոյրի տուփը ու դուրս հրաւիրեցիք անոր պարունակած հարստութիւնները:
Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի ըլլանք աւելի համարձակ, պիտի բանանք «շիրիմ» բառը՝ երկիւղածութեամբ, որ տեսնենք, թէ գրական ի՛նչ հարստութիւններ յաւերժօրէն կը հանգչին անոր գեղաքանդակ մարմարին տակ: