Վեհանոյշ Թեքեան
Համաճարակ, պայթիւն, թալանող պետութիւն, կատարեալ չքաւորութիւն. ո՞ւր մնաց մայրիներու գեղածիծաղ երկիրը։ Պատերազմէն 45 տարի ետք՝ բազմաթիւ վերյառնումներէ ետք, Լիբանանի երբեմնի պատմուճանը կերպարանափոխուած՝ ցնցոտի հագած է։ Բայց հայու հոգին տոկուն է ու հաւատացեալ. երդիքը պահել գիտէ։ Ասեղին ծակէն դուրս գալ գիտէ։ Նոյնիսկ եթէ թռչի՝ տուն կը շինէ, իր հին բոյնը կը յիշէ….
Աս ի՜նչ զուլում է հայաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը։ Թէ՛ մեր ծննդավայրին մէջ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայրենիքին մէջ մեր ազգը առօրեայ մտատանջութիւններու մէջ թաթխուած է։ Օտար ազգերու, ինչպէս նաեւ հայրենակիցներու, մինչեւ իսկ մեզի նման ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգին ախորժակներուն զոհ։
«Հա՛յր Աստուած, անցո՛ւր մեզմէ այս բաժակը․ Թուրքին, ազերիին, իրենց սեփական ժողովուրդին վրայ արձակազէն կանգնող, հայոց բանակը տկարացնող, ինչպէս նաեւ բոլո՜ր օտարազգի բռնացող ու թալանող սադայելներուն տուր։ Թող այլեւս անո՛նք համտեսեն այս թոյնը, որպէսզի ի վերջոյ մեր տառապող ժողովուրդը գտնէ իր արփաշող, արդար կեանքը։
Բայց անկէ առաջ՝ ժողովրդապաշտ, իմաստուն, խղճամիտ ու անդաւադիր, նոր նահատակներէ խնայող, սահմանները պաշտպանող, աղքատութեան ու անյուսութեան ճանկերէն ազատող ամրակուռ պետութիւն տուր։ Մարդիկ ու կիներ, որ նիւթի ու պաշտօնի գերի ըլլալով՝ ժողովուրդը չեն գերեվարեր։ Չարը չէզօքացուր, բարին ամրացուր։
Խաղաղասէր, բարձրագոյն մշակոյթ, անհամար եկեղեցիներ ստեղծող հայ ժողովուրդը լիուլի արժանի է անոր։ Կ՛ըսես, թէ ուր որ երկու-երեք հոգի իմ անունովս բան մը խնդրեն, պիտի տամ անոնց։ Ահաւասիկ մենք հազարներո՜վ կը խնդրենք. հաճի՛ս անմիջապէ՛ս տո՛ւր»։