Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հրատարակուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի Գիտաժողովին Նիւթերը

$
0
0

0323HH100

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի 14րդ հրատարակութիւնը նուիրուած է Մարտ 2018ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած եռօրեայ համահայկական համագումարին։

Հատորին խմբագիրն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։ Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը։

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի նուիրուած կոնդակին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն նախագահներուն, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Կաթողիկէ պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան նախագահին ողջոյնի խօսքերուն կողքին, ժողովածուն կ՛ընդգրկէ համագումարի 33 զեկուցաբերներուն գիտական եւ պատմական վերլուծութիւնները՝ նորանկախ Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն վերոբերող, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցին մասին՝ մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հոլովոյթին մէջ։ Հատորը նաեւ կ՛ընդգրկէ Արամ Մանուկեանի տիպարը, Վանի հայկական իշխանութիւնը, անկախութեան շարժումը եւ անկախութեան գաղափարի արծարծումը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական հարցի՝ արտաքին քաղաքականութեան հետ առնրութեան վերաբերող նիւթեր։

Հատորը կը բաղկանայ 575 էջերէ եւ կը ներառէ համագումարէն խումբ մը նկարներ։

Գիրքը կրնաք ձեռք ձգել՝ այցելելով գրատան www.ciliciabookstore.com կայքը ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles