Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայաստանի Մէջ՝ «Փարոս»ի Բարեսիրական Գործունէութեան Մասնակցելու Առիթ

$
0
0

0505paros

ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 Յունիսէն 31 Հոկտեմբեր ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն տարբեր տարիքի երիտասարդներու անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման գործին, կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներուն ընդմէջէն:

30 Յունիսէն 18 Յուլիսին իրականանալիք ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 17-23էն տարեկանները, 16 Յուլիսէն 1 Օգոստոսի ծրագիրին՝ 24-45 տարեկանները, իսկ հայ արհեստավարժներու (24-45 տարեկան) յատուկ ծրագիր մը պիտի իրականացուի 15-31 Հոկտեմբեր ին։

2013էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը կ՛ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական, մշակութային եւ տեսարժան վայրերը:

Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը 15 Մայիսն է:

Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել «Փարոս» կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով։

Դիմումնագիրներուն եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել  կայքէջը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles