Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Պսակ

$
0
0

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Նորայր Տատուրեան

Հայոց մայրենին պսակուած է բազմաթիւ հեշտալուր բառերով, սակայն ո՛չ մէկը ունի անոր ճկունութիւնը, ազնուութիւնը: «Պսակ» բառն է անիկա: Այսօր, երբ հայրենի դաշտերը պսակուած են գոյնզգոյն ծաղիկներով, մեր մարզիկները միջազգային խաղերէ կը վերադառնան ոսկէ մետալներով պսակուած, բայց նաեւ բազմահազար հերոսներու դագաղները պսակուած են անթառամ ծաղկահիւսերով, չէի կրնար անտեսել անոր գրաւչութիւնը, ու որոշեցի յօդուածաշարս պսակել՝ «պսակ» բառի պերճ պատմութեամբ:

Չենք գիտեր, թէ ո՛ր հայուհին էր, որ իր մազերը առաջին անգամ կապեց դաշտածաղիկներով հիւսուած պսակով մը, կամ՝ ո՛վ էր հայկական եկեղեցւոյ մէջ պսակուած առաջին զոյգը, սակայն մեզի քաջ ծանօթ է «պսակ» բառի գրական ոդիսականը:

Ըստ լեզուաբաններու՝ պահլաւերէն փոխառութիւն է «պսակ» բառը, բունը՝ pusak: Անյայտ է ծագումը անոր: Իրանական այլ լեզուներու մէջ ունի լայն տարածութիւն՝ տարբեր հնչիւններով, ինչպէս` pusag, pasak, basak եւ bisk: Բառի առաջին ձայնաւորը վաղուց հեռացած է հայերէն տարբերակէն, ու գրաւոր լեզուի մէջ բառը միշտ ալ ծանօթ եղած է «պսակ» ձեւով: Իսկ մեր գաւառաբարբառները ունեցած են բառի ճոխ երանգեր. Ալաշկերտի եւ Մշոյ մէջ՝ պսագ, Խարբերդի, Համշէնի եւ Սեբաստիոյ մէջ՝ բսագ, Վանայ, Արցախի եւ Գորիսի մէջ՝ փսակ, Հաճնոյ մէջ՝ բսսօգ, Զէյթունի մէջ՝ բօսօգ, Մուսա լեր՝ բսսիւգ:

«Պսակ» բառը եղաւ դալար, միշտ ծաղկող, պտղաբեր, այնքան աճեցաւ եւ ճիւղաւորուեցաւ, որ մեր մայր լեզուին տուաւ յիսունէ աւելի գեղատեսիլ բառեր, ինչպէս՝ պսակագեղ, պսակազարդ, պսակադրութիւն, պսակաթերթ, պսակակապ, պսակակից, պսակահանդէս, պսակահիւս…: Ունեցանք նաեւ «պսակ»ով վերջացող հին ու նոր բառեր. նորապսակ, խաչապսակ եւ լուսապսակ… Այդ բոլորին մէջ, յարգելի՛ ընթերցող, դուք անշուշտ նկատեցիք բառին բառացի եւ փոխաբերական իմաստները: «Պսակ»ը ո՛չ թէ միայն թարմ ծաղիկներով ու ոստերով հիւսուած շրջանակաձեւ զարդ է, այլ նաեւ՝ թագաւորներու ոսկեձոյլ կամ արծաթաձոյլ գոհարազարդ թագը, հերոսներու դափնիի կամ ձիթենիի ճիւղերէ պատրաստուած փառքի շրջանակը, հանգուցեալի դագաղին վրայ դրուած յարգանքի ծաղկազարդ նշանը, ամուսնացողներու գլխուն դրուող թագը, պսակադրութեան ծէսը, ինչպէս նաեւ՝ ամուսնութիւն, լոյսի փունջ, կատարելութիւն, գրական եւ գեղարուեստական վաստակի բարձրագոյն աստիճան, պարծանք եւ զարդարանք: Սակայն, այս բառը միշտ չէ որ յայտնուեցաւ լուսաւոր ու պայծառ վիճակներու մէջ: Անոր համար հայերէնը հիւսեց երեք յաւելեալ բառեր. պսակալուծում, պսակազերծ եւ պսակազուրկ:

0000BSAG

Ծաղիկներու չափ համեստ այս բառը պսակեց նաեւ ընտիր արտայայտութիւններ, թէ՛ գրաբար եւ թէ աշխարհաբար, ինչպէս՝ «Պսակ հիւսել, կապել, կազմել», «Պսակ արեգական, պարծանաց, ծաղկաց, փառաց, սրբոց»: Տէրունական 33 թուականին, Ուրբաթ օր մըն էր, երբ մէկ այլ պսակ տեսանք` Յիսուսի գլխուն վրայ՝ «Պսակ ի փշոյ»:

Բազմաթիւ բանաստեղծներ իրենց գործերը զարդարեցին «պսակ» բառով: Առաջինը Գրիգոր Նարեկացին էր, լուսապսակ ճակատը հայկական բանաստեղծութեան: Նարեկացին մեր լեզուի ընդարձակ դաշտերէն քաղեց բուրումնաւէտ բառեր ու կազմեց անթառամ պսակ մը՝ «Մատեան Ողբերգութեան», մեր քնարական գրականութեան պսակը: Ահա՛ «Մատեան»ին պսակները. «Փշանիւթ պսակ», «Անթառամելի պսակ», «Պայծառութեան պսակ», «Պսակ՝ թագաւորաց, ճգնաւորական, լուսապաճոյճ, պճնութեան, պերճութեան», «Աստուածութիւն անճառ՝ ամենահարուստ մեծութեամբ յաւէտ պսակեալ»: Ապա, Նարեկացին նայեցաւ Մարիամ Աստուածամօր պատկերին եւ ըսաւ. «Կին ժրագլուխ, պսակ պարծանաց»: Իսկ 1500ներուն ապրած Մարտիրոս Խարասարցին, կենսասէր պսակը մեր աշխարհիկ գրականութեան, որ յայտնի է «հարսանեաց եւ ուրախութեան» տաղերով, ստեղծեց գրական գեղեցիկ մէկ պատկեր. «Ժողովեցան ազգ եւ ազինք, / Ի տեսանել նոր փեսային, / Լուսապսակ ի գլուխ եդին (դրին). / Աստուած օգնէ թագաւորին»: Հարիւր տարի ետք, Պոլսոյ մէջ, Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը Նիկոմիդիա քաղաքին ընծայեց «պսակ» մը, քանզի այդ քաղաքն էր «Նման կայսեր թագն ի գլխոյ»: Քէօմիւրճեանի քերթուածը ընտիր երկ էր՝ նուիրուած այդ ծովահայեաց ու գեղատեսիլ քաղաքին. «Որպէս գլուխ պսակաւոր, / Կարմիր քօղով հարսի նման / Խնդա՛ քաղաք Նիկոմիդիա»: Նոյն օրերուն, ծնունդով թոխաթցի Թաթոս վարդապետը, որ հեղինակն է շուրջ 30 կրօնական եւ բարոյախրատական բանաստեղծութիւններու, գրի առաւ հետաքրքրական երկխօսութիւն մը. «Հոգին մարմնոյն ասաց. Եղի՛ր բարունակ, / Զբարին պտղաբերես, որ լինայ բաժակ: / Մարմինն հոգոյն ասաց. Լինաս նահատակ, / Հանդիպիս շատ բարու, առնուս դու պսակ»: 1600ներուն Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացին ալ նայեցաւ Աստուածամօր սրբապատկերին ու ըսաւ. «Է՛ արեգակն ազգեաց Կոյս չքնաղագոյն, / Պսակ աստեղափայլ զանազանագոյն / Պսակ եւ փառք գլխոյդ արժան»: Քաղաքներ «պսակելու» հայկական աւանդութեան վրայ ոստ մը աւելցուց Խրիմեան Հայրիկը: Ըստ անոր, Վան քաղաքն էր արժանի պսակի. «Ո՜հ, գեղեցիկդ Վան, Վասպուրական աշխարհի զարդն ու պսակ»: Սիամանթօն փափաքեցաւ հասնիլ Մեսրոպ Մաշտոցի պսակին. «Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՜վ Մեսրոպ, / Որ / Հայոց հողէն մինչեւ աստղերը հասնող / Քու ոսկիէ սանդուխէդ վե՛ր բարձրանամ… / Ու պսակէ ի պսակ եւ լոյսէ ի լոյս՝ / Ես ի քե՛զ գամ իմ այս երգս երգելու»: Աւետիք Իսահակեանը ըսաւ, թէ ինք արդէ՚ն ունի պսակ մը. «Ճակատիս աստղէ պսակ ունիմ», մինչ Չարենցը այդ պատիւը պարգեւեց երկու այլ բանաստեղծներու. «Նարեկացու Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ»: Իսկ Դանիէլ Վարուժանը իր գրիչով փառքի պսակներ հիւսեց՝ մշակներու համար. «Գլուխն իրենց, զոր կը հակեն առջեւը սուրբ խորանին, / Պսակուած է միշտ ոսկի փոշիներովը յարդին» (Մշակները): Վարուժանը նոյն բառով զարդարեց նաեւ Նազենիկի՝ Սիւնեաց նահապետ Բակուրի խարտեաշ հարճի գեղեցիկ մարմինը. «Եւ գլխուն շուրջը պսակ մը վարդերու» (Հարճը):

Վերջապէս, «պսակ» բառով ճաճանչաւորուեցաւ հայկական գրատպութիւնը: Այդ բառով զարդարուեցան բազմաթիւ ընտիր հրատարակութիւններու շապիկներ. «Պսակ Քրիստոսի», «Պսակ: Ժողովածու Րաֆֆու Գրուածքներից», «Գալուստի եւ Շուշանիկի Պսակուելը: Հարսանեկան Պատկեր Աղէքսանդրապոլի Կեանքից», «Արամի Պսակը: Հայ-թրքական Ընդհարումներից Մի Պատկեր», «Պսակն Խրիմեան»ջ եւ «Օրերի Պսակը»՝ լոկ տարի մը Կ. Պոլսոյ մէջ բնակած Կոստան Զարեանի հայերէն առաջին գիրքը՝ լոյս տեսած նոյն քաղաքին մէջ:

«Պսակ» բառի վերջին զարդը եղաւ երգ մը, զոր գրի առաւ մանկավարժ եւ մանկագիր Յակոբ Աղաբաբը. «Պսակ-պսակ, տիկնի պսակ, / Փեսան եկաւ լիքը քսակ. / Օրհնուի մեր տիկնի պսակ. / Տիրնա՜- նինէ՜, տիրնա՜- նինէ՜»:

Ձեր օրերը, յարգելի՛ ընթերցող, թող օրհնութեամբ եւ երջանկութեամբ պսակուին, եւ թող միշտ այս բառով զարդարուին հայ հերոսներու եւ հարսերու գլուխները: Այսօր հրաժեշտ կու տամ՝ ուշ-միջնադարու բանաստեղծ Աւետիք Մհտեսիի բարեմաղթութիւնները արտագրելով.

«Քրիստոս ո՛չ յիշէ ձեր մեղքն,

Աւուր դատաստանին խնդաք,

Ձեզ պարգեւէ արքայութիւն

Եւ տացէ լուսեղէն պսակ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles