Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» 28-30 Մայիսին Պիտի Ցուցադրուի NBCLX Կայանէն

$
0
0

 

0526Ani and Steve

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը Ապրիլի ընթացքին վեց անգամ  ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, NBCLX կայանէն:

Քաջալերուած ֆիլմին ցուցադրութեան ստեղծած խանդավարութենէն՝ բեմադրիչը եւ կայանը համաձայնած են 28-30 Մայիսին, ֆիլմը դարձեալ ցուցադրել նոյն կայանէն։

Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիին ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:

Ստորեւ ցուցադրութիւններու ժամանակացոյցը.

– 28 Մայիսին, կ.ե. ժամը 4-5

– 29 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6-7

– 30 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8-9

Լոս Անճելըսի մէջ NBCLX-ը ձրիաբար տրամադրելի է 4.3 ալիքէն, Roku-ի եւ Peacock-ի միջոցաւ կամ LX.com կայքին վրայ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles