Վարեց՝ ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Անունս Ռուբէն Խաչէր: Խաչէր եղած է հօրս անունը: Մենք Սաճոնեան ենք:
Զրուցակիցս իր հօր անունը իբրեւ մականուն որդեգրած Ռուբէն Խաչէրն է, մարաշցի երաժիշտ, կամաւոր զինուոր Խաչէր Սաճոնեանի եօթը զաւակներէն հինգերորդը, որ իր սերունդի բազմաթիւ հայորդիներու նման եղեր է Պէյրութի Թռչնոց Բոյն որբանոց-վարժարանի բնակիչներէն մէկը: Ան կը պատմէ իր եւ իր հօր ոդիսականը՝ Մարաշէն Հալէպ, Պէյրութ ապա «Թռչնոց Բոյն» երկարող հէքիաթ մը: Անոր պատմութիւնը տեսանելի ու առարկայական կը դառնայ, երբ պարբերաբար կ՛ակնարկէ իր հօր պատկանած քանի մը իրերու – Մարաշէն մնացորդ մասունքներ – որոնք հրաշաբար փրկուած ու այժմ բնակութիւն գտած են Լոս Անճելըսի իր տան մէջ: Այս բոլորը մամուլի մէջ տեղադրելու եւ յաւերժացնելու նպատակով, մտերմիկ զրոյց մը կ՛ունենանք՝ բաժակ մը թէյի բոյրով համեմուած: Ռուբէն Խաչէրի խօսքը կը սկսի հօրենական նախապատմութեամբ:
– Հայրս եղած է մարաշցի: Հինգ եղբայր էին: Հինգն ալ նուագող եղած են արհեստով: Հայրս նաեւ եղած է քաղաքի ինքնապաշտպանութեան մէջ կռուող ֆետայի: Երբ Մարաշի ջարդը կը սկսի, ան շտապելով տուն կու գայ, որպէսզի ընտանիքը փրկէ: Այն ժամանակ իր երեք անչափահաս զաւակները եւ կինը մորդուած կը գտնէ: Հայրս ապա կ՛երթայ Իսկենտերուն ու հոն կը գտնէ երկու եղբայրները: Որոշ ժամանակ մը հոն կը մնան անոնք, ապա կ՛անցնին Հալէպ: Հալէպի մէջ կը գտնեն իրենց մեծ եղբայրը՝ մասամբ խելագարուած: Հոն է, ուր հայրս կը ծանօթանայ զէյթունցի աղջկայ մը հետ: Դարձեալ կ՛ամուսնանայ: Մօրս անունը եղած է Սիմա Դաթոյեան: Հայրս այդ ամուսնութենէն դարձեալ կ՛ունենայ զաւակներ. հինգ տղայ, երկու աղջիկ: Ես հինգերորդն եմ:
Սուրճի սեղանին վրայ է իր երաժիշտ-խմբավար հօր նուագի ձեռագիր տետրակը: Մելանով ու նախորդ դարու ճաշակով գեղագրուած պարանուագներու եւ ուրախ առիթներու երգերու ընտարանի մըն է անիկա, որ կը պարունակէ «թանկօ», «չարլիսթոն» եւ այլն:
– Ըստ լսածիս, Հալէպի մէջ խնճոյքներու կամ հարսանիքներու կ՛երթան, եղեր: Կամ՝ ինք քանի մը հոգի կը ղրկէ, եղեր, ըսելով՝ «Գացէք այս ինչ տեղը նուագեցէք»: Ան Մարաշի մէջ նուագած է, բայց որքա՛ն ժամանակ եւ ինչպէ՛ս՝ չեմ գիտեր: Ինք մասնաւոր նուագախումբ մը չէ ունեցած, բայս գիտեմ, թէ նուագեր են քաղաքի լատին կաթոլիկներու եկեղեցիին մէջ: Քլարինէթ կը նուագէր: Ես անիկա տեսած եմ: Իր նուագած քլարինէթը, դժբախտաբար, չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր գնաց:
Ան կը բացատրէ նաեւ, թէ հայրը Հալէպի մէջ ինչո՞ւ «ժեներալ» կը կոչուէր:
– Հասակաւոր է, եղեր, ու իբրեւ ֆրանսական բանակի սպայ եւ նուագախումբի խմբավար-պատասխանատու` բոլորն ալ ի յարգանք «ժեներալ» կոչած են զինք:
Պատերազմը եւ տեղահանութիւնը երբ վերջ կու տայ Մարաշի հայկական կեանքին եւ «չարլիսթոն»ներուն, Սաճոնեան ընտանիքն ալ կ՛ընդունի իր բաժինը:
– Դժբախտաբար չեմ յիշեր բոլոր հօրեղբայրներուս անունները… Կար Անտօնը, Վարդանը, Յովսէփը. Վարդանը պզտիկ եղբայրը եղած է: Մայրս ունեցեր է եղբայր մը միայն: Անոնք ալ պատահմամբ Հալէպի մէջ գտեր են զիրար: Ան կը պատմէր, թէ օր մը, մօրս ապրած թաղը քանի մը փայտահատ եկած են փայտ կոտրելու: Դիմացի դրացիէն ջուր ուզեր են: Երբ մայրս ելած է ջուր տալու, մարդը ապշած կեցած է, ապա ըսած է իրեն, որ այս ինչ տեղդ «պէն»ի պէս բան մը կայ, այդպէս չէ՞: «Այո» ըսած է մայրս: «Դուն Սիման ես», ուրախացած է մօրեղբայրս: Այդ օր քոյր-եղբայր միացեր են: Բայց 1945-46ի գաղթին Հայաստան գացած է եղբայրը: Մայրս առանցին մնացած է: Ուրիշ մէկը չունէր:
Ապա կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի Նոր Գիւղ հայաբնակ թաղամասին մէջ, յետ-պատերազմական տարիները եղան նոր զրկանքներու եւ պայքարի տարիներ, ապա երեք քոյր-եղբայրներ յայտնուեցան որբանոցի մէջ:
– Հայրս զինուորական եղած է, միշտ զօրանոց գտնուած է: Ո՞ւր էր զօրանոցը… Հաւանաբար քաղաքին մէկ ծայրը, այդ պատճառով ալ տունը շատ չէր կենար: Այսինքն՝ հօրս շատ չեմ տեսած: Մայրս աւելի կը յիշեմ: Անգամ մը դպրոց եկաւ, զիս առաւ: Տան ճամբուն վրայ տեսանք գերմանական մոթորքլիստներ՝ երկու զինուորներով: Անոնք խուզարկում կը կատարէին: Մայրս անմիջապէս հօրս վերարկուն, զինուորական գլխարկը եւ պոթը (մոյկ) տոպրակի մը մէջ դրաւ, խոհանոցի գետինը, ուր կրակ կը վառէին, փորեց, ու զանոնք հոն թաղեց: Այն ատեն հօրս սուրն ալ պահեց մայրս, նեղ վարդանոց մը կար, վարդի պարտէզ մը, այդտեղ թաղեց: Օր մըն ալ դպրոցէն եկայ, ինծի կտոր մը հաց տուաւ: Մամայիս ըսի. «Մամա՛, աս ի՞նչ տեսակ հաց է, ամէնը սեփ-սեւ բաներ կան մէջը»: Մայրս նայեցաւ, «Կե՛ր տղաս, ասոնք կ՛ուտուին»՝ ըսաւ: Կ՛երեւի, թէ Առաջին հաղորդութեան առիթով այդ կարկանդակը տուած էր: Հալէպ ճեզուիթներուն դպրոցը գացած եմ: Հայրս 1946ին մահացաւ, մայրս ալ՝ 1948ի սկիզբը: Հայրս 1878ի ծնունդ էր: Մայրս աւելի երիտասարդ էր: Երբ մայրս ալ մահացաւ, տան մէջ եօթը հոգի մնացինք: Մեծ քոյրս, որ այն ատեն 14-15 տարեկան էր, ամուսնացած էր արդէն: Մայրս, նախ քան մեռնիլը, իրեն ամուսնացուց: Անկէ ետք մենք տունը մնացինք: Կը յիշեմ, թէ հօրեղբօրս տան դիմացը կ՛ապրէր մեր «մամային»՝ Մարիա Ճաքըպսընի, որդեգրած աղջիկը: Երբ հօրեղբօրս կինը կը տեսնէ, որ հոն եկած է «մաման», կ՛երթայ եւ բարեխօսութիւն կ՛ընէ: Ճաքըպսընը «Կ՛ըլլայ, բերէ՛ք», կ՛ըսէ: Ան պզտիկ քրոջս՝ Աննային, կը տանի Լիբանան, որբանոց: Աննան այն ատեն մէկուկէս կամ երկու տարեկան էր: Երկու-երեք ամիս ետք, Ապրիլ 3ին, մենք ալ կ՛երթանք Լիբանան. ես եւ պզտիկ եղբայրս՝ Միքայէլը: Իսկ մեծերը կը մնան Հալէպ:
Որբանոցի յիշատակները վառ են: Երանութեամբ կը պատմէ ան լաւ կազմակերպուած ու ապահով որբանոցին օրերէն քաղուած պատկերներ:
– Առաջին գիշերը պառկեցանք Պուրճ Համուտի մէջ: Յաջորդ օրը տիկին մը մեզ դպրոց տարաւ, Ճըպէյլ, Պէյրութէն 20 քիլոմեթր հիւսիս, Միջերկրականի ափին, պատմական Պիպլոս քաղաքը: Հոն մեզ յանձնեց Մարիա Եաքոպսոնին: Քրոջս ըսին՝ «եղբայրներդ եկան»: Առաջին անգամ քայրս տեսայ հոն…: Դպրոցը երջանիկ էինք: Ընդհանրապէս որբանոց եղողները երկու, երեք, երբեմն ալ չորս զաւակ կ՛ըլլային եւ անոնց մայրերը եկած կ՛ըլլային: Շատերուն մայրերը հոն կ՛աշխատէին: Մենք որոշ խումբերու բաժնուած էինք: Ամէն մէկ խումբ չորս-հինգ տղոցմէ կը բաղկանար: Անոնք բակերու բաժնուած էր: Պէտք էր առտու կանուխ ելլէինք ու նախ այդ բակերը մաքրէինք: Անկէ ետք զանգակը կը զարնուէր ու մենք մարզանքի պէտք էր, որ երթայինք: Մարզանքէն ետք՝ լուացուիլ եւ ճաշարան: Ճաշէն ետք՝ աղօթքի: Աղօթքէն վերջ դպրոցը կը սկսէր: Ասոնք իրարու ետեւ, ամէն օր նոյնն էր…: Անշուշտ հայերէն կը խօսէինք: Բոլորն ալ հայերէն կը խօսէին, ներառեալ ինք՝ մամա Ճաքըպսընը: Իր մայրենի լեզուն անշուշտ գիտէր, անգլերէն ալ գիտէր, բայց հայերէն շատ լաւ կը խօսէր: Կային նաեւ քանի մը արաբ քրիստոնեայ տղաք, մէկ հատ ալ արաբ աղջիկ կար, անունը Սըննի Նիժէթ էր: Դպրոցին մէջ լաւ էինք: Ֆութպոլ կը խաղայինք, սկաուտական շարժում կար, կամաւոր տղոց ընկերութիւն կար՝ տանիմարքական…:
Տանիմարքցի այդ նուիրեալ կինը, որ «մայր» էր հազարաւոր հայ որբերու եւ տեղահան եղածներու համար, պատասխանատու էր անոնց սնունդին, հայեցի դաստիարակութեան, հոգեւոր կրթութեան եւ ապահովութեան, ան պարտաւոր էր նաեւ, ըստ Խաչերի՝ «խիստ» ըլլալու:
– «Մայրիկը» խի՛ստ էր: Երբ զինք տեսնէինք՝ կը փախչէինք, որ մեզ չտեսնէ: Շատ խիստ էր, բայց՝ շատ գուրգուրոտ: Կը գուրգուրար, կը համբուրէր, կը շոյէր:
Թէեւ ուրախ էին որբանոցին մէջ եւ ապահով, բայց հոն ալ տեղի ունեցած են ողբերգութիւններ:
Դպրոցը ամարանոց մը ունէր, 20 քիլոմեթր հեռու Թըրզայա գիւղին մէջ: Ամառները հոն կ՛երթայինք: Ամէն 15 օրը անգամ մը երկու տղայ, երկու աղջիկ կու գային որպէսզի այնտեղի պատասխանատուին օգտակար ըլլան: Մենք ալ նոյնպէս, շինարարութիւն մը կար եւ այդ շինարարութեան օգտակար պիտի ըլլայինք: Մարիա Ճաքըպսընի խոհանոցին տանիքը «սէմէնթ» պիտի թափուէր: Ես եւ Խորէն անունով ինձմէ մեծ տղայ մը գացինք հոն: Չեմ յիշեր՝ երրորդ թէ չորրորդ օրն էր, սկսանք աշխատելու: Վարէն պարոն Յակոբը երկաթները կու տար, մենք ալ վերէն կը բռնէինք, կը քաշէինք, պարոն Պօղոսն ալ կը շարէր, որ վերջը պէթոն թափուէր: Ալ ինչպէ՛ս եղաւ՝ չեմ գիտեր, միասին ինկանք երրորդ յարկէն վար: Երեք յարկ բարձր էր, հին շէնք էր: Արթնցայ եւ միայն կը յիշեմ, որ ինծի կ՛ըսեն. «Որտե՞ղդ կը ձաւի»: Այս խօսքը լսեցի: Հաւաքուած էին գլուխս: Մատովս աջ ոտքս ցոյց տուի: Առա՛նց խօսելու, անշուշտ: Մատս կոտրուած էր, ակռաներս փշրուած էին, կզակս ծակած էր, յօնքս պատռուած էր: Այդ ձեւով ալ հիւանդանոց մնացի: Երբեմն այցելուներ կու գային: Իսկ ես կը հարցնէի, թէ Խորէնը ո՞ւր է: Կը պատասխանէին, թէ ուրիշ հիւանդանոց է: Կ՛ըսէի՝ «Հոս թող գայ, քովս այս մահճակալը թող նստ»ջ: Վերջը հասկցայ, որ Խորենը տեղւոյն վրայ մահացեր է: Եւ այդ տղան, այդ դպրոցին թիւ մէկ տղոցմէ էր ու քանի մը օրէն պիտի ելլէր, շրջանաւարտ պիտի ըլլար:
Սեղանիկին վրայ ցուցադրուող ամէն առարկայ ունի իր պատմութիւնը, կ՛արթնցնէ ընտանեկան մէկ այլ յիշատակ:
– Ակնոցը, դգալները, այս պզտիկ սուրը, սուինը, սուրճ աղալու գործիքը, արհեստաւորի զանազան գործիքներ, ասոնք բոլորը եղբօրս քովէն բերած եմ: Հալէպէ՛ն: Քրոջս քով սուրճի ափսէ մը կար: Հալէպ կամ Պէյրութ ձգեցիքն: Երանի՜ բերէինք: Իսկ այս դաշոյնին վրայ ես փորագրել տուի հօրս եւ մօրս անունները. «Խաչեր Սաճոնեան», «Սիմա Դաթոյեան»:
Ապա կը պատմէ սափրիչի խանութի մը մէջ պատահած անակնկալը.
– 1955ին, երբ որբանոցէն ելայ, եղբայրս զիս սափրիչի մը ծանօթացուց, որպէսզի հոն երթամ: Օր մըն ալ նորէն հոն գացած էի: Քանի մը հոգի նստած էին, երկու ծերեր, մէկ հոգի ալ աթոռին վրայ էր ու կը սափռուէր: Ես ալ նստայ: Մարդը թրքերէնով ըսաւ. «Այս տղան ալ Խաչերին տղան է» (Պու տա Խաչերըն օղլուտուր): Մինչ այդ այդ մարդը ոտքի ելաւ, զինուորական բարեւ տուաւ ինծի ու ըսաւ. «Ասիկա հօրդ յարգանքին համար է: Քու հայրդ մեզի շատ օգնական եղած է, մեծ զինուորական եղած է, նուագախումբի պատասխանատու եղած է»: Այդ ձեւով այդ մարդուն յարգանքին արժանացայ:
Որբանոցի օրերը կը վերջանան ու կը սկսի սեփական կեանքը՝ իբրեւ լուսանկարիչ:
– Մենք անճարցի պարոն մը ունէինք, պարոն Կարօն: Իրեն կը հարցնէինք, թէ ի՛նչ արհեստ սորվինք: Ան ինծի ըսաւ, որ իմ մատներս երկար են ու աղուոր նկարիչ կրնամ ըլլալ: Հարցուցի, թէ ի՛նչ է նկարչութիւնը: Բացատրեց, որ մութ սենեակ կ՛երթան, դեղեր կան, դեղ պիտի շինեն, եւ այլն: Երբ 1955ին դպրոցէն ելայ, եղբօրս ըսի, որ նկարչութիւն պիտի սորվիմ: Արհեստս այդ եղած է մինչեւ վերջ:
«Թռչնոց Բոյն»էն ելած երիտասարդը, արհեստի ալ տիրացած՝ պատրաստ էր ի՛ր բոյնը շինելու:
– Դրացի էինք: Պէյրութի Մարաշ թաղամասը կ՛ապրէինք ես եւ քոյրս: Պզտիկ եղբայրս արդէն ամուսնացած էր: Դիմացի դրացիս տեսայ՝ երիտասարդ աղջիկ մըն էր: Ան քրոջս ընկերուհին եղած էր ժամանակին: Ծանօթ եղած էր: Անունը՝ Ալիս Պոյմուշակեան: Այդ ձեւով ծանօթացանք եւ ընտանիք կազմեցինք: Ունեցանք երեք աղջիկ եւ բախտաւորուեցանք վեց թոռնիկով:
Անշունչ առարկաները ոգի, պատկանելիութիւն, անհատականութիւն կը ստանան, երբ ընտանիքի մեծերը աւանդազրոյցներով կը փոխանցեն զանոնք յաջորդ սերունդներուն… մշակութային հարստութիւնները պահելու լաւագո՛յն ճամբան: Կը յուսամ, որ ամէն հայ ընտանիքի յիշատակի առարկաները Խաչերեաններու նոթատետրին, դաշոյնին, սուինին եւ սրճաղացին չափ բախտաւոր ըլլան ու պահեն իրենց ինքնութիւնը՝ սեփական երդիքի տակ:
21 Մայիս 2021
Փասատինա, Քալիֆորնիա