Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ

Ընտանիք, դպրոց եւ հայեցի դաստիարակութիւն. հաւաքական պատասխանատուութիւններ՝ հայ մանուկին ջամբելու ազգային, մշակութային եւ բարոյական արժէքներու հիմքերը, նախնական կրթութեան ճամբով, որուն միջոցաւ հայ մանուկը պիտի դառնայ վաղուան տիպար մարդը, հայը եւ տէրը հայութեան ժառանգութեան:
Դպրոցը հայ մանուկին երկրորդ տունն է, իսկ հայ ուսուցիչները՝ իրենց կոչումով ազգային գիտակցութեան նուիրեալ այն առաքեալները, որոնք Մեսրոպեան տառերու հանդէպ սիրոյ հունտը սերմանելով եւ հայ մանուկը հանգրուանէ-հանգրուան դաստիարակելով, պիտի առաջնորդեն դէպի ինքնաճանաչում եւ խոր իմացութիւն՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ծալքերուն:
Հայեցի շունչով դաստիարակութեան փաստերէն մէկը վայելեցինք, Յունիս 2, 2013ին, Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսին, որուն ընթացքին մանկամսուրի աշակերտները քով-քովի եկած, հայ ժողովուրդի պատմական օրերու եւ աւանդութիւններու կենդանի ներկայացումով, ծնողներուն ու հանդիսատեսներուն պարգեւեցին պարծանքի, երախտագիտութեան  պահեր, հոգածութեան եւ նախանձախնդրութեան վկայութիւններ, ներշնչեցին բարոյական եւ ազգային հպարտութիւն:
Երեք եւ չորս տարեկան առոյգ, եռանդուն, առողջ եւ արթուն միտքով, ազնիւ հոգիով հայ երեխաներ էին բեմին վրայ, որոնք բաժնուած էին «Լուսին» եւ «Աստղ» երկու խմբակներու եւ իրենց կատարած հայերէն արտասանութիւններու, հայերէն երգերու եւ հայկական պարերու ընդմէջէն կը ցոլացնէին մեր ազգի անցեալ, ներկայ եւ ապագայ առաջնորդները:
Ներկայութեամբ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի, գաղութի արժանաւոր դէմքերու, շրջանի ՀՅԴի եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանի, մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեանի, վարիչի օգնական Փեկի Իշխանեանի, մանկամսուրի պատասխանատուներու եւ ուսուցչական կազմի, ծնողները, հարազատները եւ բարեկամները վայելեցին կազմաւորուող նոր սերունդին Մեսրոպաշունչ հայ լեզուն, ըմբոշխնեցին ազգի պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները, հայեցի մթնոլորտն ու շունչը, եւ աւելի եւս ամրապնդուելով իրենց ազգային պատկանելիութեան խոր գիտակցութեան մէջ՝ անոնք բարձր գնահատեցին մանկամսուրի աշխատողներու գործը, անոնց ստեղծած ջերմ ու դաստիարակիչ մթնոլորտը:
Յատուկ օր մըն էր ուսուցչուհիներուն համար, որովհետեւ անոնք այդ օրը քաղեցին իրենց բծախնդիր աշխատանքին, անսակարկ նուիրումին եւ զոհողութեան գնահատելի արդիւնքները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles