Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հարցազրոյց՝ Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի Տնօրէն Ժան Գոսագեանի Հետ

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ

«Արիւն-աւերանքի դարեր եկան ու գնացին, գահեր հիմնուեցան, գահեր խորտակուեցին, ազգաբնակութիւնը սպառուելու չափ ջնջուեց, ստրկութեան ամենադաժան լծեր կրեց իր վզին: Բայց խաւարի ու անէծքների մէջ չէին մարում կենդանութեան կրակները: Դրանք ամէն ժամանակ, ամէն տեղ միեւնոյն կերպարանքն ունէին՝ Մեսրոպեան գիրը: Մեր հազարամեայ անցեալի այն երկար ճանապարհին, որի վրայ փռուած են մեր անհուն տառապանքները, ո՛չ բանակներ ունէինք մեր պահպանութեան համար, ո՛չ ուժ, ո՛չ հնարաւորութիւն, ո՛չ էլ դրսի օգնութիւն, այլ մի հատիկ բան միայն՝ Մեսրոպեան գիրը: Կամենո՞ւմ էք տեսնել նրա հրաշագործութիւնը՝ դիտեցէ՛ք մեր պատմութեան ամենամռայլ, զարհուրեցնող շրջանները, երբ բռնաւորի սուրը գերեզմանոց էր դարձնում մեր երկիրը: Դուք կը տեսնէք խաւար եւ մեռելութիւն, գրականութիւնը դադարում է, երկիրը վայրանանում է, անապատի փոխւում: Բայց մէկ էլ նշմարում էք, որ մի փոքրիկ լոյս վառուեց. հեռաւոր մի խորշում բացուել է դպրոց եւ մարդիկ գիշեր-ցերեկ գիրք են կարդում: Փոխւում է տեսարանը: Կամաց-կամաց երեւան են գալիս մարդիկ, աշխարհը ձգտում է դէպի բարեկարգութիւն, եւ արիւնոտ պատմութեան էջերում լոյսին են տալիս ժպիտ ու յոյս պատճառող երեւոյթներ: Անցան բռնութեան երկաթէ դարերը, նոր ժամանակներ լուսացան, երբ ազգերը պիտի մկրտուէին լուսաւորութեան մէջ: Գրականութիւնը բաժանուեց եկեղեցուց, աշխարհիկ կերպարանք ստացաւ: Հայերի առաջ էլ դրուած էր լինել-չլինելու անողորմ հարցը: Այդ խորհրդաւոր ժամանակում դարձեալ Մեսրոպն էր, որ եկաւ մեզ առաջնորդելու դէպի այդ նոր պահանջը: Եւ մենք էլ մտանք կրթուող, առաջդիմող ազգերի շրջանը: Հազար հինգ հարիւր տարի է, ահա՛, ինչ մեզ հետ է Մեսրոպը»:
ԼԷՕ

ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը իր պատմութեամբ ծանօթ է շատերուն, կարելի՞ է որոշ բացատրութիւն տալ այն զանգուածին, որ ցարդ անծանօթ կը մնայ վարժարանին:
ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- «Ֆերահեան»ը, ըլլալով Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանը՝ ծանօթ է բոլոր ամերիկահայութեան: Հիմնադրուած է 1964 թուականին եւ շուտով պիտի տօնակատարենք հիմնադրութեան 50ամեակը: Նկատի ունենալով, որ Լոս Անճելըսը այն քաղաքն է, ուր ամէն տարի հայութեան նորանոր զանգուածներ կը հաստատուին, իրականութիւն մը կը ստեղծուի, որ շատ-շատեր անծանօթ կը մնան «Ֆերահեան»ին, որովհետեւ եկողները իրենք նորեկներ են գաղութին մէջ, եւ ժամանակ կ՛ուզէ, որ տեղեկանան, թէ գաղութին մէջ ինչպիսի՛ հաստատութիւններ կան եւ ի՛նչ դերակատարութիւն ունին անոնք: Այդ իմաստով, հետեւողական քարոզչութիւնը իր օգտակարութիւնը ունի ծանօթացնելու «Ֆերահեան»ը նորահաս սերունդներուն, ինչպէս նաեւ՝ շրջանէն ներս նոր հաստատուած հայութեան:
Երկու բառ՝ դպրոցի իրավիճակին մասին. դպրոցը մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան է, նաեւ ունի իր մանկամսուրի բաժինը՝ երկու, երեք եւ չորս տարեկաններու համար. դպրոցը կը գտնուի երկու համալիրներու մէջ՝ նախակրթարան, մանկապարտէզ եւ մանկամսուր, Նորթ Հիլզ քաղաքը, իսկ վեցերորդէն տասներկրորդ՝ Էնսինօ քաղաքը, ուր 48 տարիներ առաջ հիմնադրուեցաւ դպրոցը: Ներկայիս դպրոցը ունի 654 աշակերտներ եւ 95 հոգինոց ուսուցչական կազմ ու պաշտօնէութիւն:

Ս.Թ.- Վերջին տարիներուն երկրի դիմագրաւած տնտեսական տագնապները ի՞նչ ձեւով անդրադարձ ունեցան դպրոցի աշակերտութեան թիւին վրայ:
Ժ.Գ.- Տեղին է այս հարցումը, որովհետեւ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, հայկական դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը նուազած է 25 տոկոսով: Փաստօրէն, տասը տարի առաջ մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարան, Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցները ունէին շուրջ 4500 աշակերտներ, իսկ ներկայիս ունինք մօտաւորապէս 3500: Յայտնենք, որ այս թիւը ամբողջ գաղութի աշակերտութեան թիւին հետ բաղդատած՝ դժբախտաբար հազիւ եօթը կամ ութ տոկոսը կը կազմէ: «Ֆերահեան»ը այն հազուագիւտ դպրոցներէն է, որ պահպանած է իր թիւը եւ նկատառելի կորուստ չէ ունեցած. անշուշտ՝ այս մէկը կը պարտինք դպրոցի ուսումնական բարձր մակարդակին եւ դպրոցին հանդէպ մեր ծնողներու նուիրուածութեան:

Ս.Թ.- Նշեցիք ծնողներուն մասին. ինչպիսի՞ շրջանակէ կու գան այս ծնողները եւ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտները:
Ժ.Գ.- Ինչպէս ըսի, մեր ծնողները յատուկ նուիրուածութիւն ունին դպրոցին հանդէպ եւ այդ կը ծնի զանազան պատճառներէ. ամէնէն կարեւորը այն է, որ մեր ծնողներուն քսանհինգ առ հարիւրը «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտներ են, որոնք հաւատալով «Ֆերահեան»ի առաքելութեան՝ իրենց զաւակները ամենայն ինքնավստահութեամբ կ՛ուղղարկեն հայկական վարժարան, այս պարագային՝ յատկապէս «Ֆերահեան»: Իսկ գալով ծնողներու բաղադրութեան՝ գաղութի բոլոր տեսակի ենթակառուցուածքներէն կամ ենթագաղութներէն ներկայացուցչութիւն ունինք: Ունինք երրորդ սերունդի ամերիկահայ ծնողներ, ունինք Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն՝ 20-40 տարի առաջ շրջանս հաստատուած ծնողներ, ունինք Միջին Արեւելքէն վերջերս ժամանած ծնողներ, ունինք նաեւ նորանկախ հայրենիքէն արտագաղթած եւ այժմ շրջանս հաստատուած ծնողներ: Փաստօրէն՝ բոլոր տեսակի հայութեան ներկայացուցիչներ կան դպրոցէն ներս:
Ս.Թ.- Իսկ վարժարանը ունի՞ նիւթական մարտահրաւէրներ. եթէ այո՝ ի՞նչը կը նպաստէ նուազեցնելու այդ մարտահրաւերնէրը:
Ժ.Գ.- Նիւթականը անշուշտ մեծ մարտահրաւէր մըն է. օրինակի համար՝ ամերիկեան կառավարութիւնը, մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարան, 11,000էն 13,000 տոլար կը ծախսէ իւրաքանչիւր աշակերտի համար, իսկ մենք՝ դպրոցս, իւրաքանչիւր աշակերտէ կը գանձենք 7,700 տոլար, 2013-2014 տարեշրջանին համար: Անշուշտ զեղչ կը տրամադրուի երկու զաւակ ունեցող ընտանիքին, այս պարագային՝ կրթաթոշակը 7000 տոլար է իւրաքանչիւր զաւակի համար, իսկ երեք զաւակ ունեցող ընտանիքի պարագային՝ 6200 տոլար իւրաքանչիւր երեխայի համար: Այն ընտանիքները, որոնք կարիքն ունին նիւթական նպաստի, բնականաբար քսան տոկոսէն մինչեւ երեսունհինգ տոկոս զեղչ կրնան ստանալ՝ համապատասխան իրենց կարիքներուն: Այն ընտանիքները, որոնք տարեկան 65,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունին, կրնան դիմել կրթաթոշակի յաւելեալ զեղչ ստանալու համար: Երբ կառավարութիւնը այդքան մեծ ներդրում կը կատարէ, իսկ անձնական դպրոցները իւրաքանչիւր աշակերտի համար շատ հանգիստ կերպով 15,000էն մինչեւ 25,000 տոլար գանձումներ կը կատարեն, հայկական դպրոցը ստիպուած է մրցունակ մնալու այս պայմաններուն մէջ: Ահաւասիկ այսպիսի միջավայրի մէջ է, որ հայկական դպրոցը պէտք է գոյատեւէ նիւթական գետնի վրայ: Հպարտ ենք, որ դպրոցը առայժմս նիւթական բաւարարուածութեան մէջ կը գտնուի, որովհետեւ տարեկան մօտ 200,000-250,000 տոլարի բացը՝ շուրջ հինգ միլիոն տոլար պիւտճէին վրայ, կը գոյացուի դպրոցի Ուսումնական մարմինի եւ ծնողական յանձնախումբերու գործակցութեամբ ծրագրուած դրամահաւաքներուն միջոցով:

Ս.Թ.- Պետական դպրոցներու եւ այլ անհատական դպրոցներու հետ ընդհանուր մրցակցութեան այս պայմաններուն տակ, «Ֆերահեան»ը ինչպէ՞ս կրցած է գոհացնել իր ծնողներուն կարիքները, յատկապէս՝ ուսումնական գետնի վրայ:
Ժ.Գ.- Բաւական դժուար աշխատանք մըն է ուսումնական գետնի վրայ հարկ եղածը մատակարարելը մեր աշակերտութեան, բայց եւ այնպէս, դպրոցը յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը եւ միշտ կը հպարտանայ իր արձանագրած արդիւնքներով: Օրինակի համար՝ երկրորդական դպրոցի մակարդակին վրայ, 11րդ դասարանի մեր աշակերտները պարտադիր կերպով կը մասնակցին «Էյ.Սի.Թի.» (ACT) ընդհանրական քննութիւններուն (standardized tests) եւ անոր նախորդող քննութիւններուն՝ տասներորդներու պարագային՝ «Plan», իններորդներու պարագային՝ «Explore»: Այս քննութիւններուն մեր արձանագրած արդիւնքները բաւական բարձր են: Բացատրեմ, թէ մենք ինչպէ՛ս կը կատարենք այդ բաղդատականը: Քալիֆորնիոյ նահանգը պարտաւորիչ կերպով քննութեանց (Standardized tests) մասնակցելու որոշում չունի: Առ այդ, դպրոցի ընդհանուր միջինը չենք կրնար բաղդատել Քալիֆորնիոյ միջինին հետ: Սակայն, Ամերիկայի մէջ որոշ նահանգներ, պետական որոշումով, պարտաւորիչ դարձուցած են աշակերտներու կողմէ «Էյ.Սի.Թի.»ի քննութիւններուն մասնակցիլը: Այսպէս, մենք մեզ կրնանք բաղդատել սոյն նահանգներու արդիւնքներուն հետ: Մենք զատած ենք ամէնէն յաջողակ նահանգը, որն է Իլինոյը: Մեր դպրոցի արդիւնքներուն միջինը բաղդատելով Իլինոյ նահանգի աշակերտութեան միջինին հետ՝ կը նկատենք, որ մերը աւելի բարձր է, թէ՛ անգլերէն ընթերցանութեան, թէ՛ անգլերէն շարադրութեան եւ թէ թուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել առաջին դասարանէն մինչեւ ութերորդ դասարան առնուած ընդհանրական քննութիւններու պարագային (stanford 10): Առաւել, մենք մեզ նախորդ տարիներու նիշերուն հետ կը բաղդատենք եւ կը քննենք, թէ դպրոցը, տոկոսային առումով, հարցումներուն որքա՞նը կրցած է պատասխանել:
Ուսումնական ծրագիրի բնագաւառէն ներս, դպրոցը պետական ծրագիրի որդեգրումէն բացի, աւելցուցած է College Board-ի առաջադրած «Էյ.Փի.» (AP courses) դասերը, որոնցմէ տասնմէկ հատը կը տրամադրուի դպրոցին կողմէ: «Էյ.Փի» դասերը, այնպիսի դասեր են, որոնցմով երբ աշակերտը համալսարան կը փոխանցուի, կը ստանայ համապատասխան վարկանիշ համալսարանական ուսումնական ծրագիրին համար, ուրեմն՝ կրկնակի նիշ կը ստանայ թէ՛ երկրորդականի եւ թէ քոլեճի համար: Աւելին, երկրորդականի պարագային, այսպէս ըսած՝ աւելի կշիռ ունին այս դասերը, որովհետեւ երբ պարզ «A» նիշը 4.0 միջինը կը ներկայացնէ, այս դասերուն համար «A» նիշը 5.0 կը ներկայացնէ, ուրեմն՝ ընդհանուր միջինի բարձրացման կը նպաստեն անոնք: Այս «Էյ.Փի.» դասերու գծով նշեմ, որ մեծ է թիւը մեր աշակերտներուն, որոնք երբ քոլեճ կը փոխանցուին եւ իրենց հետ կը տանին 5-7 «Էյ.Փի.» դասեր, այդ կը կրճատէ իրենց համալսարանական կեանքը մէկ կամ երկու վեցամսեակով (semester): Վերջերս, յաճախակի կերպով կը հանդիպինք «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտներու, որոնք չորս տարուան համալսարանական ուսումը, փոխանակ ներկայիս արդէն իսկ բնական համարուող հինգ տարիէն աւարտելու, կը վերջացնեն երեք տարիէն, ինչ որ թէ՛ ժամանակի եւ թէ նիւթականի մեծ խնայողութիւն է:
Յատկանշական է, որ վերջին 7-8 տարիներուն, դպրոցը միշտ ալ պահպանած է իր աշակերտներուն երկու երրորդը չորս տարուան համալսարան ընդունուելու պարագան. այս երկու երրորդին կէսէն աւելին կ՛ընդունուի UC համալսարանի համակարգը, մնացեալը՝ Cal-State համակարգը, իսկ այդ մէկ երրորդը, որ համալսարան չէ ընդունուած, իր ուսումը կը շարունակէ երկու տարուան համայնքային քոլեճներու մէջ եւ ապա կը փոխանցուի չորս տարուան համալսարան ու կը ստանայ իր վկայականը:
Անշուշտ կարելի է ներկայացնել այլ չափանիշներ եւս, որոնց մէջ դպրոցը յաջողութիւններ արձանագրած է. հոս կը բաւարարուինք այսքանով: Միայն աւելցնեմ, որ դպրոցը ունի մեծ թիւով արտադասարանային ծրագիրներ, որոնք

դասերու կողքին կը բարձրացնեն աշակերտին գիտելիքներու մակարդակը եւ կեանքի հանդէպ անոր ունեցած փորձառութիւնը:

Ս.Թ.- Մինչ օրս դպրոցը քանի՞ շրջանաւարտ ունի. անոնք որքանո՞վ կը նպաստեն դպրոցի բարգաւաճման եւ յառաջընթացին:
Ժ.Գ.- Մինչեւ հիմա դպրոցը 1955 շրջանաւարտ ունեցած է, եւ յոյսով ենք, որ մինչեւ դպրոցի 50ամեակը՝ 2000 թիւը պիտի անցնինք: Ինչպէս նշեցի, մեր աշակերտներուն քսանհինգ տոկոսը շրջանաւարտ հայր կամ մայր ունի, իսկ շատերը կ՛ուզեն գալ եւ դպրոցէն ներս ուսուցչական ասպարէզ որդեգրել կամ ծառայել ծնողական ու ուսումնական մարմիներու մէջ, աշխատիլ ակադեմական բաժանմունքներու հետ եւ իրենց գիտելիքները տրամադրելով՝ օգտակար հանդիսանալ: Այսպէս, «Ֆերահեան»ի շուրջ կոկիկ համայնք մը գոյութիւն ունի. կրնանք ըսել, որ ասիկա պիտի ընդարձակուի եւ երկրորդ սերունդ ֆերահեանականներու կողքին՝ շատ շուտով պիտի սկսինք ականատեսը ըլլալու երրորդ սերունդ ֆերահեանականներու, որոնց ոչ թէ հայրը կամ մայրը, այլ մեծ հայրն ու մեծ մայրը «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտ են:

Ս.Թ.- Իբրեւ տարիներու տնօրէն՝ ի՞նչ կրնաք ըսել դպրոցի յաջողութիւններուն մասին:
Ժ.Գ.- Ունենալով տասնամեակներու կեանք՝ դպրոցը մնայուն կերպով վերանորոգման, մնայուն կերպով ուսուցչական կազմի վերադաստիարակութեան, աշակերտութեան զանգուածի նորացման կարիքն ունի, անոր համար կարելի չէ յաջողութիւններուն անդրադառնալ՝ նկատի ունենալով ամբողջ հինգ տասնամեակները: Պիտի ուզէի իւրաքանչիւր տարի ինքն իր յաջողութիւններով արժեւորել. պիտի կեդրոնանամ միայն այս տարուան արձանագրուած իրագործումներուն վրայ եւ կ՛ուզեմ նշել կարեւորագոյնները:
Առաջին՝ յաջողութեամբ աւարտեցինք WASC-ի դպրոցի վարկաւորման աշխատանքները (School accreditation), զորս սկսած էինք աւելի քան տարի մը առաջ, եւ վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին շատ ծանր կերպով աշխատեցանք այդ ուղղութեամբ: Ըստ երեւոյթին, Յուլիսի վերջաւորութեան պիտի տեղեկանանք վերջնական արդիւնքին մասին, բայց արդէն իսկ գիտենք, որ յաջողութեամբ աւարտած ենք զայն եւ անպայմանօրէն պիտի ստանանք յաջորդ վեց տարուան որակաւորումը:
Երկրորդ՝ դպրոցը ուսումնական մարմինին ճամբով ապահոված է աւելի քան 200,000 տոլարի նուիրատուութիւն, որպէսզի պիւտճէին ուղղութեամբ հաւասարակշռութիւն կատարէ:
Երրորդ՝ UCLA-ի «Երազ Հիմնադրամ»էն, նախապէս ծանօթ իբրեւ «Լինսի» հիմնարկ, ստացած ենք մեծագումար նուիրատուութիւն մը, որ կը յատկացուի դպրոցի արհեստագիտութեան կարիքներուն:
Չորրորդ՝ այս տարի ամբողջացուցինք 28 դասարաններու մէջ smart board-երու (Active Board) զետեղումը: Աւելին, ամբողջ ուսուցչական կազմը հետեւած է 10էն 15 ժամնոց դաստիարակչական ծրագիրի, որպէսզի կարենայ գործածել այս նորագոյն գործիքը: Նշենք, որ բոլոր դասարաները օժտուած են համացանցի կապով, բոլոր ուսուցիչներուն տրամադրուած է անձնական համակարգիչներ եւ իւրաքանչիւր դասարան Active Board-ի կողքին ունի գրասեղանի լուսանկարչական մեքենայ (document camera):
Հինգերորդ՝ բոլոր ուսուցիչները արդէն իսկ լրացուցած են համացանցի միջոցաւ աշակերտներուն դասերու եւ նիշերու տեղեկութիւններ փոխանցող ծրագիրի վարժութիւնը եւ արդէն իսկ կ՛օգտագործեն զայն իրենց առօրեայ ուսումնական կեանքին մէջ:
Վեցերորդ՝ նկատի ունենալով այն դժբախտ իրադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Քընեթիքըթ նահանգի «Սանտի Հուք» դպրոցին մէջ եւ որուն զոհ գացին մեծ թիւով անմեղ երեխաներ, նաեւ ծնողներու զգայնութեանց ընդառաջելով՝ դպրոցը առաւել եւս բարելաւեց իր ապահովական դրութիւնը, յատկապէս Նորթ Հիլզ համալիրէն ներս, ուր նոր ցանկապատ մը աւելցուեցաւ դպրոցի կանգառին եւ դասարաններուն միջեւ: Նոյն մտահոգութենէն մեկնած, դպրոցին կրակի առնչուող ահազանգի դրութիւնը, որ բաւական հին էր, նորագուեցաւ եւ երկու տարբեր համակարգեր իրարու միացուեցան: Նոյնը կատարուեցաւ Էնսինոյի պարագային, ուր աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի ամբողջութեամբ նորոգուի կրակի ահազանգի դրութիւնը: Եղածին տարողութիւնը բացատրելու համար, պատկերացում ունեցէք, որ շուրջ 80,000 տոլար ծախսուած է ապահովական այս բարենորոգութիւններուն վրայ:
Եօթներորդ՝ այս տարի եւս մեր աշակերտները, կրկնելով նախորդ տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւնները՝ ապահոված են բարձրագոյն նիշերը ընդհանրական քննութիւններու մէջ եւ երկու երորդով ընդունուած են չորս տարուան համալսարաններ:
Ութերորդ՝ օգտուելով ներկայի հաղորդագրութեան արդիական միջոցներէն՝ դպրոցը բարելաւեց իր համացանցի կայքը. այժմ ունինք արդէն իսկ գործող նոր կայք մը եւ տակաւին չբաւարարուելով՝ այս մէկն ալ պիտի ենթարկուի հիմնական փոփոխութիւններու: Առաւելագոյն ձեւով կ՛օգտագործենք նաեւ մասայական ե-նամակի դրութիւնը, որուն վրայ աւելցուցած ենք «Ֆէյսպուք» հաղորդագրութեան միջոցը: Այս վերջինը կ՛օգտագործենք դպրոցի արտադասարանային բոլոր գործունէութիւնները արագօրէն ծնողներուն պատկերազարդ կերպով ներկայացնելու համար:
Իններորդ՝ դպրոցը սկսած է աշխատանք տանելու՝ վերաձեւաւորելու համար գրադարանը եւ յատկապէս հայկական բաժինը: Հայերէն գիրքերը վերադասաւորուած են պատմական ժամանակաշրջաններու համաձայն, ինչպէս՝ 19րդ դարու զարթօնքի շրջան, յեղափոխական շրջան, Եղեռնի շրջան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Սփիւռքի շրջան, Սովետական շրջան, նորագոյն Հայաստանի անկախութիւն, եւ մեր գրականութիւնը բաժնուած է համաձայն այս պատմական շրջաններուն, ինչպէս նաեւ՝ գրական շրջաններու: Հայկական բաժինին մէջ նաեւ կ՛աւելցնենք Հայ Դատի հետազօտութիւններուն համար առանձին բաժին մը, որ «Արշաւիր Յովսէփեանի Հայ Դատի հաւաքածոյ» անունը կը կրէ: Նաեւ, ունինք համայնքի պատմութեան մասին հետազօտութեան բաժին մը, իսկ անգլերէն գիրքերու պարագային՝ աշակերտին անմիջական ընթերցանութեան գիրքերու նորագոյն դասաւորումներէն բացի, ի գործ կը դրուի նաեւ համացանցային գրադարան մը, որ կը կոչուի «ProQuest», որուն ճամբով աշակերտները կարելիութիւնն ունին իրենց ուսումնական մակարդակով եւ հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս գիրքերու, յօդուածներու եւ նկարներու հասանելիութիւնը ունենալու, փոխանակ՝ Google-ի կամ այլ պրպտող մեքենաներու ճամբով ընդհանրական տեղեկութիւններու հասնելու, ինչ որ կրնայ իրենց համար պատշաճ չըլլալ:
Տասներորդ՝ դպրոցը Ուսումնական մարմինի եւ ծնողական մարմիններու կողքին, ստեղծեց յատուկ մասնագիտական մարմիններ, ինչպէս՝ օրինական հարցերու յանձնախումբ, Technology-ի օգտագործման յանձնախումբ, դպրոցական ոգիի բարձրացման յանձնախումբ, հայեցի դաստիարակութեան եւ պատկանելիութեան ոգիի բարձրացման յանձնախումբ, շինարարական յանձնախումբ, դպրոցի գեղեցկացման յանձնախումբ, յատկապէս՝ սննդական յանձնախումբ, որ ոչ թէ միայն դպրոցի ճաշատեսակներու քննարկումը կը կատարէ, այլեւ աշակերտներուն մօտ գիտելիքներու ընդհանրական բարելաւման աշխատանք կը տանի՝ առողջապահական հարցերու գծով:
Տասնմէկերորդ՝ շրջանաւարտներու միութեան 150,000 տոլար մեծ նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ վերանորոգել մարզադաշտի գետինը. շուտով պիտի զետեղուին նաեւ նոր կողովագնդակի շարժական սիւները:
Տասնեկրորդ՝ յաջողութիւններուն մեծագոյնը թերեւս Նորթ Հիլզ համալիրէն ներս 23,000 ոտք տարածութեամբ նոր նախակրթարան մը կառուցելու ամբողջական թղթածրարը քաղաքապետարանին ներկայացնելը եղաւ: Այդ ուղղութեամբ արդէն ցանկագրուած են պաշտօնական ժողովներ եւ յոյսով ենք, որ քանի մը ամիսներու ընթացքին կը ստանանք շինարարութեան իրաւունքը ու ամբողջութեամբ կը նուիրուինք շինարարական աշխատանքին՝ մաղթելով, որ 50ամեակին, դպրոցը օժտուած կ՛ըլլայ նորակառոյց նախակրթարանով մը, որ պիտի կոչուի Մարի Գապայեան նախակրթարան:
Կան նաեւ տարեկան տարողութեամբ կրկնուող յաջողութիւններ, որոնց նշումը պարզապէս դպրոցի ընթացիկ աշխատանքներու նկարագրումը պիտի ըլլայ:
Մեր մեծագոյն յաջողութիւնը Ամերիկայի ձուլման այս մեծ կաթսային մէջ հայկական մթնոլորտի պահպանումն է եւ հայեցի դաստիարակութեամբ նոր սերունդներու պատրաստութիւնը: Աշխատանք մը, որ համայն գաղութի օժանդակութեան կարիքն ունի:


Այս Էջը Կը Հովանաւորէ


Sevan Bakery



Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles