Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Լռելու Պահը Գիտցի՛ր»

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Այսպէս կը խրատէր փորձառու ծերունին, երբ իր ներկայութեան երիտասարդներ յանդգնէին հեղինակաւոր կարծիքներ արտայայտել, յատկապէս իրենց չվերաբերող նիւթերու մասին:
Հայկական ծանօթ առածին համաձայն՝ «Խօսքը եւ նետը ետ չեն վերադառնար»: Ուրեմն, ինչքա՜ն զգուշաւորութիւն կը պահանջուի իւրաքանչիւր անձէ, որպէսզի նախքան արտայայտուիլը մտածէ, թէ ի՞նչ հետեւանք կրնայ ունենալ իր արտասանած խօսքը:
Մարդու տեսակներուն մէջ զանազանութիւն դնելու լաւ միջոցներէն մէկն ալ, նայիլն է, թէ՝ ինչքա՞ն խօսող է տուեալ անձը: Անշուշտ ամէն ոք գիտէ, թէ «խօսիլ կայ, եւ… խօսիլ կայ»: Մեր եկեղեցին զուր տեղ խօսուած խօսքին համար՝ «զրախօսութիւն» բառը կը գործածէ, նոյնիսկ զանիկա մեղքերու ցուցակին մէջ արձանագրելով: Զրախօսութիւնը անշուշտ, դատարկաբանութեան, դատարկախօսութեան հոմանիշ, սակայն այդ պարզ բառը մեղք կը համարուի, երբ այդ դատարկաբանութեամբ ուրիշին վնաս հասցուի:
Խօսելու սիրոյն՝ խօսիլ Ահա մարդկային այլ տեսակի մարմաջ, որ յաճախ տկար նկարագրով մարդոց կողմէ օգտագործուող յատուկ մեթոտ է: Ոմանք յաւելեալ «հանգամանք» տալու համար իրենց «խօսք»ին, ծխախոտի ծուխի գուլաներու օգնութեան կը դիմեն, սնապարծութեամբ իրենց գրասեղանին ետին պահուըտած:
Հանգամանաւոր խօսելու անյագ զգացումներ ունեցող այս մարդոց ըսածին մէջ քիչ բան կարելի է գտնել օգտագործելի: Առհասարակ իրենց մեծամտութեան աղմկարար փողերը կը դառնան այդ խօսքերը, զորս կը հնչեցնեն տեղի թէ անտեղի, երբ մանաւանդ «պատերազմ»ի վախ չկայ, ո՛չ ալ հակառակորդ մարդ իրենց դիմաց: Ոմանք այդ խօսքերը կը սիրեն նմանցնել «կանացի արտայայտութիւններ»ու, որոնք առհասարակ առաւօտեան սուրճի բաժակին շուրջ կիներ կը փոխանակեն իրարու հետ, յագեցնելով ուրիշի մասին գէթ արտայայտուելու ներքին պապակը: Նոյն փորձառու ծերունին, այդպիսիներու համար կ՛ըսէր, թէ անյապաղ պէտք է փէշով շրջագային անոնք հանրութեան մէջ:
Լռակեաց ըլլալուն մէջ պարտութիւն տեսնելու համոզումը ունենալով, ոմանք անպայման կ՛ուզեն արտայայտուիլ, գէթ «բան մը ըսել», որպէսզի ամէն մարդ իմանայ թէ «լեզու ունին» իրենք: Իսկ ուրիշներ հակառակ համոզումը ունենալով այս հարցին մէջ, լաւ կը հասկնան լռութեան «ոսկի» ըլլալը: Անոնք կը հասկնան «աչքերու լեզու»ն, եւ նոյնիսկ «կը խօսին» այդ լեզուով, առանց մէկ բառ արտաբերելու իրենց շրթներէն…:
Ինքնապաշտպանութեան համար եղած խօսակցութիւնը, ընդհանրապէս «արտօնեալ» շաղակրատութիւն կը համարուի, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ անձը պարտաւոր է պաշտպանել իր արժանապատուութիւնը, ի սէր ճշմարտութեան: Այս պարագային ալ, սակայն, ոմանք կը նախընտրեն լուռ մնալ, միշտ համոզուած ըլլալով, որ ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ իր գլուխը դուրս կը հանէ, այնպէս ինչպէս սուր դանակը երկար չի դիմանար պարկին մէջ, ու զայն պատռելով իր սրածայր քիթը ցոյց կու տայ, կամ ամպերու ետին պահուըտած արեգակը անպայման իր դէմքը դարձեալ կը ցուցնէ:
Խօսելու ցանկութիւնը մանաւանդ հաւաքական կեանքին մէջ աւելիով զգալի կը դառնայ: Այլապէս մինակ մնացած մարդը երբ խօսելու սկսի, կասկածներ կը յառաջանան անոր մտային հաւասարակշռութեան վրայ, զայն նկատելով արդէն հոգեպէս խանգարուած անձ:
Դարձեալ հաւաքական կեանքին մէջ կան առիթներ, որոնց ընթացքին մարդիկ անպայման կ՛ուզեն արտայայտուիլ: Հաւաքներ, հրապարակային զրոյցներ, միտքերու փոխանակման համար կազմակերպուած կլոր սեղաններ եւ այլ առիթներ պատճառ կը դառնան որ մարդիկ անպայման արտայայտուին: Նոյնիսկ զրուցավարներ մտքերը գրգռելու համար, թեր եւ դէմ կողմեր ունեցող խնդիրներու շուրջ հարցադրումներ կը կատարեն, ներկաներու հասարակաց հետաքրքրութիւնը շարժող նիւթեր մէջտեղ կը նետեն, անպայման ներգրաւելու համար շրջապատին մէջ արտայայտուիլ փափաքողները:
Նման պարագաներու մէջ իսկ, շաղակրատելը անպայման արդիւնաւէտ չըլլար: Երբեմն ամբողջ զրոյցի ընթացքին մէկ անգամ արտայայտուողը աւելի ծանրակշիռ խօսքով ելոյթ կ՛ունենայ ու մեծ ազդեցութիւն կը գործէ ունկնդիրներուն վրայ, քան՝ ամբողջ զրոյցի ընթացքին յաճախակի արտայայտուողը, որուն խօսքին կարեւորութիւն ընծայող քիչ ունկնդիր կը գտնուի այլեւս ներկայ հասարակութեան մէջ:
Այս պարագային, իմաստունի համբաւ վայելող բազմաթիւ անձեր յանկարծ տարօրինակ գաղափարներով ելոյթ կ՛ունենան, յուսախաբ ընելով ցարդ իրենց վրայ մեծ համարում ունեցողները: Հետաքրքրական երեւոյթ է նկատել, որ իւրաքանչիւր անձ անպայման կը յենի որոշ «յենակ»ի, ըլլայ այդ մարդ, դրամ, պաշտօն, հանգամանք կամ այլ տեսակի «սիւն»: Օրինակ, ազդեցիկ մէկուն հովանաւորութիւնը վայելող անձը շատ համարձակ իր բերանը կը բանայ, վստահ ըլլալով, որ ամէն ոք նկատի ունենալով այդ ազդեցիկ մարդուն հովանաւորութիւնը, պիտի  յարգէ իր արտայայտած մտածումը: Ասիկա խեղճութեան ամէնէն ստորին մակարդակն է, եւ նման մարդու կողմէ արտայայտուած որեւիցէ մտածում բնաւ պէտք չէ՛ նկատի ունենալ: Երկրորդ յենակը նիւթական հարստութիւնն է, որ դարձեալ «լեզու կու տայ» ու, մանաւանդ, սին պարծանք տուեալ անձին՝ իր ըսածին հիանալու: Պաշտօնն ու հանգամանքը, որ երրորդ տեղը կը գրաւեն, աւելի մեղմ ներկայութիւն կը դարձնեն տուեալ անձը, որուն ըսածին կարեւորութիւն տալու կամ չտալու ազատութիւնը ունին ունկնդիրները:
«Լռելու պահը գիտնալ»ու իմաստութիւնը շատ քիչերուն տրուած է: Ասոր փորձիչ պահը անարգանքն է: Որովհետեւ որեւէ մարդ անարգանքին դիմաց միշտ ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ: Քրիստոս պէտք է ըլլալ, անարգանքին տոկալու եւ ձաղկումին հանդուրժելու համար… Յիսուս այդ ամէնը սիրայօժար կրեց եւ փաստօրէն… յաղթեց:
Փորձառու ծերունիին խրատն ալ տարբեր չէ, սակայն ժամանակի հասկացողութիւնը կը մտնէ անոր խօսքին մէջ: Այսինքն, խօսիլը պէ՛տք է, արտայայտուիլը կարեւո՛ր է, միտքը արտայայտելը անհրաժե՛շտ է, սակայն՝ ի՛ր ժամանակին:
_ «Լռելու պահը գիտցի՛ր»:
Երբեմն լռութեամբ աւելի՛ խօսող մարդոց նկատմամբ յարգանքը կը կրկնապատկուի, երբ անոնք գիտեն, թէ տուեալ անձը գիտէ՛ իր խօսելու ժամանակը: Խօսքը թռչող եւ նետի նման սլացող ու խրուող երեւոյթ ըլլալով, իր տեղին ու իր ժամանակին պէտք է օգտագործել, այլապէս զուր տեղ վատնուած փամփուշտի նման անարժէք կը դառնայ, մինչ անոր թիրախ՝ վայրի գազանը՝ թշնամին, առիթէն օգտուելով կը յարձակի, յօշոտելու համար:
_ «Լռելու պահը գիտցի՛ր»: Ահա մեծագոյն խրատը՝ խրա՛տ սիրող մարդուն համար: Այլապէս օդին մէջ կատարուած հրավառութեան կայծերուն նման պահ մը քու ալ խօսքերդ պիտի զուարճացնեն ունկնդիրներդ, ու ապա ցնդին ու մոխրանան, եւ քամին զանոնք պիտի տարտղնէ աջ ու ձախ:
Մինչ, լռելու պահդ երբ գիտնաս, ճի՛շդ ատենին կը խօսիս, ո՛չ միայն պապանձեցնելով բոլորը, այլ քու խօսքիդ ենթակայութեան տակ բերելով զանոնք…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles