Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ Ս. ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԽՈՒՐ ԱՌԻԹՈՎ

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

Անթիլիասի Դժուար Օրերու Վերջին Մոհիկանը

Ռոտէնի գլուխ գործոցը մուրճի նրբագոյն մէկ հարուած եւս եթէ ստանար, հաւանաբար դառնար մեր ժամանակներու մտածող ու չափաւոր կեանքով ապրած Արտաւազդ սրբազանին քանդակը: Մէկը, որ կարողացաւ իր մահկանացու կեանքը անօրինակ սրբութեամբ ու ժուժկալութեամբ, իսկ անտեսանելին ու անդենականը՝ շօշափելի զգացողութեամբ ապրիլ, աւարտելով իրեն համար սահմանուած տարիներու համրիչին 82 հատիկներու համրանքը:
Այն ուրիշ աշխարհը, որուն մէջ ապրեցաւ Մտածող Սրբազանը իր երկրաւոր օրերը, իմաստասիրական հայեցողութեամբ գտնուած կեանքն էր, զոր ան ոչ միայն տեսաւ հայելիի մէջէն հեռաւոր կեանքին իսկութիւնը տեսնելու նման, այլ հայելիէն տեսած այդ կեանքին յատուկ օրէնքներո՛վ ապրեցաւ, խորապէս համոզուած իր եօթներորդ զգայարանքին փոխանցած ճշմարտութեանց ստուգութեան: Իտէալ կեանք՝ որուն կը ձգտի հասնիլ աստուածավախ ամէն մարդ, մանաւանդ իր վրայ հրաւիրելու համար Աստուծոյ ամենասուրբ հաճութիւնը:
Հակառակ մեղմ ձայնին ու մանրակազմ արտաքինին, նկարագրով ու մարմնով ջղուտ մարդ էր Արտաւազդ սրբազանը, ժամացուցային անյետսկոչելի յառաջընթացով, շիկացած երկաթին վրայ խիզախ դարբինի սեւեռուած հայեացքով ու մուրճի նպատակասլաց անշեղ հարուածով, եւ մանաւանդ փիլիսոփայի չափուած տրամաբանութեամբ: Շնորհքներ՝ կեանքին ու անկէ ծնող բոլոր երեւոյթներուն ուղղամտութեամբ նայելու փորձառութենէն կաթիլ առ կաթիլ շահուած:
«Սարի զաւակ, քարի որդի» սրբազանին նկարագրային բնորոշիչ սոյն յատկութիւնները նաեւ ծինային փոխանցմամբ եկած էին իրեն, պատմական Կիլիկիոյ մէկ մասնիկը նկատուող իր հայրենի գիւղէն՝ Քեսապէն, ուր ծնած ըլլալու երջանիկ հպարտութիւնը տարբեր առիթներով յաճախ կը յիշեցնէր: Գիւղացիութիւնը, որ իր մէջ կ՛արտայայտուէր հաստատակամութեամբ, պատճառ պիտի դառնար, որ հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածին, ան կարենար իբրեւ պատնէշ կանգնիլ, պահպանելու համար այն՝ ինչ որ դարերու ընթացքին շահուած էր նախնիներու քրտինքով, արցունքով ու արիւնով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան հերոսներէն մէկն էր Արտաւազդ սրբազանը, իր քաջութեամբ, հաւատարմութեամբ, ծառայասիրութեամբ, Միաբանական կեանքի հնազանդութեամբ, անզիջող ուղղամտութեամբ եւ կռանուած կամքով: Ու ահա կը մեկնի այս աշխարհէն Անթիլիասի դժուար օրերու վերջին մոհիկանը, իր սենեակի կամարակապ նեղլիկ պատուհանէն հանգիստ մտքով ու խղճով դիտելով միջերկրականի խաղաղ ալիքները եւ պայծառ երկինքին մաքուր կապոյտը:
Ուսման ու բարձրագոյն կրթութեան կարճ տարիներէ, ու վարչական դարձեալ շատ հակիրճ բացակայութենէ ետք, Արտաւազդ սրբազան մի՛շտ Մայրավանքին մէջ եղաւ, տեսչական, ուսուցչական, ժողովական, մտաւորական, վարչական ու Կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդի տարբեր պաշտօններով: Սակայն, «միշտ վանքին մէջ» եղած ըլլալը, իր պարագային ստանձնած պաշտօններուն չէր վերաբերեր այնքան, ինչքան բառացիօրէն մայրավանքի պատերէն նե՛րս մնալուն, եւ աւելին՝ իր վանական սենեակին մէ՛ջ ըլլալուն, գլուխը հակած աշխատասեղանին վրայ բացուած գիրքին: Իսկ վերջին շրջանին երբ տկարացած էր իր տեսողութիւնը, լսողութեամբ Աստուածաշունչի «ընթերցում» կը կատարէր հետեւողականօրէն, ձայնասկաւառակներու վրայէն ունկնդրելով Սուրբ Գիրքերը: Տարիներու վրայ տարածուած ներամփոփ այս կեանքը, զինք պիտի վերածէր իսկական վանականի, եւ հակառակ վարչական աշխատանքի ու ընկերային հաւաքականութեան մէջ ըլլալուն, ան պիտի կարենար հետեւիլ ներհայեցողական ինքնազսպումի սրբացնող կենցաղակերպին: Միեւնոյն ժամանակ, ան երբեք իր կապը չկտրեց բնութենէն: Հողը, ծառը, այգին ու անոր բերքը ան դարձուց իր կեանքին մէկ անբաժան մասը, իբրեւ յուշարարը իր ծննդավայրին:
Գիտութիւն եւ կրօն համադրութիւնը իր մտածողութեան մէջ, ճամբայ հարթած էր զարգացումի անզսպելի ընթացքի մը, որուն բարձունքը հասած էր մեծ մասամբ ընթերցումով ու ինքնազարգացումով: Գիտնական այս եկեղեցականին հիմնաւորուած պատասխանները եկեղեցւոյ պատմութեան, աստուածաբանութեան, վարչական կառոյցին, կանոնադրութեան, մեր մշակոյթի պատմութեան ու մատենագրութեան տարբեր հարցերու մասին, միայն յարգանք կը պարտադրէին իր խոհուն անձին ու նոր սերունդին օժանդակելու իր պատրաստակամութեան հանդէպ:
Հայ եկեղեցւոյ թագուհի լեզուն՝ գրաբարը, իր հին թէ նոր դարաշրջաններու լեզուամտածողութեամբ, անհասկնալի բառ ու բան չունէր իրեն համար: Ամէն օր Աստուածաշունչը եւ Նարեկ աղօթամատեանը գրաբար լեզուով կը կարդար: Առօրեայ լեզու էր իրեն համար մեր մատենագրութեան ոսկեղնիկը: Ինքնաշխատութեամբ ան կարողացեր էր նաեւ տիրապետել ֆրասներէնին ու անգլերէնին, կը կարդար նաեւ լատիներէն ու գերմաներէն լեզուները եւ կը հասկնար Սուրբ Գրային յունարէնը: Միշտ երախտագէտ յարգանքով կը յիշէր իր ուսուցիչները, որոնց շարքին՝ յատկապէս Շահան Ռ. Պէրպէրեանը, որուն թողած խոր ազդեցութիւնը մինչեւ վերջ ալ զգալի եղաւ իր իւրաքանչիւր խօսքին ու արտայայտութեան մէջ: Իր ուսուցիչներու օրինակով ուսուցանեց ան երկար տարիներ Դպրեվանքէն ներս, ներկայ մեր Միաբանութեան գրեթէ մեծամասնութեան ուսուցիչը դառնալով:
Գիտելիքներու ու մարդկային արժանիքներու շտեմարանն է որ կը բաժնուի այսօր մեր Միաբանութենէն, աղքատացնելով մեր շրջապատը հաւատացեալ, սրբակենցաղ, պարտաճանաչ, ծառայասէր ու իր կեանքով եւ նուիրումով հերոսացած հոգեւորականի ներկայութենէն:
Արտաւազդ սրբազանի շիրիմին վրայ, հակառակ իր կամքին, եթէ պէտք է գրել մի քանի տող, ատոնք կրնան ըլլալ դոյզն բառերս, դողդոջ գրիչովս իր յիշատակին արձանագրուած.

Զարգացաւ, բայց՝ հեզութեան շնորհքով,
Բարձրացաւ, բայց՝ խոնարհութեան հոգիով,
Հերոսացաւ, բայց՝ ասպետական ոգիով:

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի
Հայոց Թեմի

18 Յուլիս 2013, Թաւրիզ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles