ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ
Յիշում եմ դէմքը քո ծեր, մայր իմ անոյշ ու անգին,
Լոյս խորշոմներ ու գծեր, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Ահա նստած ես տան դէմ, ու կանաչած թթենին
Դէմքիդ ստուեր է գցել, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Նստել ես լուռ ու տխուր, հին օրերն ես յիշում այն,
Որ եկել են ու անցել, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Եւ յիշում եմ քո որդուն, որ հեռացել է վաղուց,
Ո՞ւր է արդեօք հեռացել, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Ո՞ւր է արդեօք հիմա նա, ո՞ղջ է արդեօք, թէ մեռած
Եւ ի՞նչ դռներ է ծեծել, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Եւ երբ յոգնած է եղել, եւ երբ խաբուել է սիրուց,
Ո՞ւմ գրկում է հեծեծել, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Մտորում ես դու տխուր, եւ օրրում է թթենին
Տխրութիւնը քո անծիր, մայր իմ անոյշ ու անգին:
Եւ արցունքներ դառնաղի ահա ընկնում են մէկ-մէկ,
Քո ձեռքերի վրայ ծեր, մա՜յր իմ անոյշ ու անգին…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
Հայ Մամիկին Աղօթքը
Մայրիկիս
Ալ կը բաւէ՛, Տէ՜ր Աստուած, մեր տուն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:
Անասունին կու տաս որջ եւ թռչունին՝ տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր՝ տուր ապաւէն մէկ անկիւն:
Թող պալատներ վայլեն միշտ մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ՛, Տէ՛ր, մեր խրճիթին աննշան:
Ո՛չ հանգիստ կայ, ո՛չ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չըպահես ոչ ոքին:
Քու օրհնութիւնդ իջնէ, Տէ՜ր, ամբարներուն մեր՝ նորէն
Եւ օտարներ կշտանան մեր լիառատ սեղանէն:
Մեր սրտերուն հետ կարօտ՝ հին աղօթքներս ալ չորցան,
Առանց տոհմիկ այն խունկին, որ կը ծխար քու անուան:
Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արտասուքը՝ սեւ մահ, երբ չկան երդ ու փափաք:
Տո՜ւր որ, Աստուա՜ծ, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չը մարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ
Մայր Իմ Անուշ
Ես կը սիրեմ քու դէմքը, քու դէմքը, մայր իմ անուշ,
Խաղաղութիւնն աչքերուդ, նոյնքան բարի ու անուշ,
Ես կը սիրեմ ճակատդ, ճակատդ վաղուց խորշոմած,
Եւ քու վարսերդ արծաթէ, վարսերդ, մա՛յր իմ անուշ:
Ես կը սիրեմ ձեռքերդ կապոյտ երակ գծերով,
Խորշոմները քու դէմքիդ, քու դէմքիդ, մա՛յր իմ անուշ:
Թէեւ արդէն ծերացած, ուսերդ մաշած են էնքան,
Սակայն, գլխիդ մէջ արդէն վաղուան հազար հոգեր կան:
Ինչպէ՞ս կրնաս սրտիդ մէջ ամբողջ երկինք մը բռնել,
Ինչպէ՞ս կրնաս ժպտիդ մէջ ամբողջ արեւը բռնել,
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս դուն կրնաս, ինչպէ՞ս, մա՛յր իմ անուշիկ,
Արցունքիդ մէջ մէկ կաթիլ, քու ամբողջ սիրտդ բռնել:
Զաւակներդ դեռ երէկ կը վազէին քու գրկիդ,
Յետոյ նորէն աղմուկով կը փախչէին քու գրկէդ:
Այսօր թոռներդ են կու գան, հին օրերու խաղին պէս,
Եզերք վազող կապուտակ ալիքներու խաղին պէս:
Երբոր լուռ ես ու նստած, շալ մը ձգած ուսերուդ՝
Իլիկն է, որ կը մանես հին օրերու յուշերուդ,
Կը յիշես տունն հայրենի, ճամբաները արեւվառ,
Ուրկէ անցած ես թեթեւ՝ հովերուն հետ բռնած պար:
Ու կը տեսնես ոսկեգոյն ցորեանները դաշտերուն,
Զանգակատունը վանքին, կարծես դրուած միշտ հեռուն:
Ու կը յիշես, թէ ինչպէ՜ս հայրս, քեզմով սիրահար,
Այգիներու ճամբայէն քու ետեւէդ միշտ կու գար:
Ու կը պատմես, թէ ինչպէ՛ս արեւն այնտեղ ուրիշ էր,
Ծաղիկներուն, խոտերուն համն ու հոտը ուրիշ էր:
Էն մեր վանքին, լերան տակ, զանգին ձէնը ուրիշ էր,
Ա՜խ, ուրիշ էր, ուրիշ էր, հացին համն իսկ ուրիշ էր:
Ու կը պատմես, թէ չկար, ողջ աշխարհին մէջ չկար,
Թնդան ձէնով տաղ ասան Ալեքսանենց փեսին պէս,
Լոգման հեքիմ դեղերով, էն Աւագենց ուստին պէս,
Ծառն արմատէն դուրս քաշող զօրուհզօր Դաւթին պէս,
Չկար, չկար իմաստուն Մարուքենց ծեր մարդուն պէս:
Հիմա վաղուց ծերացած, ձգած շալ մը ուսերուդ,
Քու թոռներուդ կը պատմես հեքիաթը քու յուշերուդ,
Ու միտք կ՛ընես, թէ ինչքա՞ն էր իրական
Քու հեքիաթը արեւոտ, ուրտեղ հազար գոյներ կան:
Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,
Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,
Բայց չտեսայ, չգտայ ոչ մէկ սիրտ այնքա՜ն արի.
Քու հոգիիդ չափ արի, մայր իմ անուշ ու բարի:
Այս Էջը Կը Նուիրենք
Մեր քնքուշ, սքանչելի մօր՝ Վիքթորիա Պաղտասարեանին
Ալէք Եւ Տոքթ. Ալէնուշ
Պաղտասարեաններ (DDS)