Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Կարողութիւններուդ Չափանիշը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս չափել մարդու կարողութիւնը: Այսօրուան զարգացած աշխարհը լա՜յն բացած է նաեւ ամէն մարդու բերանը, խօսելու իր ունեցած ու չունեցած կարողութիւններուն մասին: Ամէնէն սովորական արհեստաւորէն սկսեալ մինչեւ գիտնականը, պատրաստ են իրենց անսահման կարողութիւններուն գովեստը հիւսելու:
Խոնարհ աստիճանի մարդիկ երբեմն շատ աւելի «մեծ-մեծ ջարդել»ու պատրաստ են, քան բարձր մակարդակ կամ զարգացում ունեցողները: Սակայն մէկ երեւոյթ պարզ է, թէ բոլորն ալ ձգտումը ունին նոր նուաճումներու, ու պատրաստ են «ջուրը չտեսած բոպիկնալ»ու:
Կարողութիւնները երբեմն երկնատուր են՝ Աստուածատուր, այսինքն՝ կրօնական բառով պէտք է զանոնք կոչել «շնորհք»: Սակայն հաւատքի մէջ անտարբեր մարդոց համար ատիկա ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոնք շատ աւելի կը վստահին մարդկային ուժին կամ կարողութեան, ու ամէն ինչ կը կապեն ներքին այն մղումին, որուն տարբեր մէկ անունն է «ձգտում»ը:
Տգէտ դասակարգին համար այս ձգտումը ամէն ինչ կը նշանակէ: Անիկա կրնայ նոյնիսկ Արարիչ Աստուծոյ տեղը գրաւել: Որովհետեւ տգէտ ու ինքնահաւան մարդը չի՛ կրնար ըմբռնել, ի՛ր ալ արարչութեան մէկ մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը, ամէնէն նուազ ձգտումը իր մէջ կը գնահատէ իբրեւ հրաշք ու զայն կը թարգմանէ իբրեւ անսահման կարողութիւն:
Այսպէս, օրինակ, գրականութեան մասին նուազագոյն ծանօթութիւն ունեցողը, բնական ձգտումը կ՛ունենայ գրականութիւն մշակելու: Տգիտութիւնը կը մղէ զինք ինքնագնահատման, իսկ նոյնքան տգէտ իր շրջապատը՝ ինքնավարձատրութեան: Անցեալին, մեր գրականութեան տիտաններուն կողմէ ոչնչութիւն համարուած ու գրադատուած բազմաթիւ գրագէտներուն նման գրականութիւն մշակող այս նորաբոյսները, գրական առումով արդէն աղքատացած մեր միջավայրին մէջ, յանկարծ հացի փշրանքներու պէս քով-քով բերելով իրենց մրոտած թուղթերու թափթփուքները, նկանակ կազմած կը ներկայացնեն հանրութեան: Այս ընելու համար անոնք չեն վարանիր հանգամանք, տարիք ու գրպան իրար վրայ գումարելու, եւ արդէն իսկ սոխ ու հաց իրենց գրպանին ունեցող մեր ներկայ գրագէտներէն շատերուն հաճութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու: Ահա թէ ինչպէ՛ս պարզ ու սովորական ձգտումը, որ մարդու հոգիէն բխող բնական մղում է, կը վերածուի անմակարդակ արտադրութեան, որուն ո՛չ ոք կ՛ուզէ մօտենալ «շուկայ»ին մէջ: «Չինական արտադրութիւններուն՝ հայկականը» կարելի է որակել նման արդիւնաբերութիւնը:
Նոյնը կարելի է ըսել ամէն ասպարէզներու պարագային, երբ իսկականն ու վաւերականը կը պակսի այնտեղ: Կեղծը, անորակը ու անմակարդակը միշտ ալ զզուելի են՝ որակաւոր ու կեանքի բարձր ճաշակ ունեցող անձերու ակնոցով դիտուած: Այսպէս, մէկ խումբ հաշուող տասը աղջիկներն ալ կրնան ձեւագիտութեան հետեւիլ, սակայն բոլորն ալ լաւ ու ճաշակաւոր հագուստներ չեն կրնար կարել: Բոլորն ալ գուցէ նոյն ուսուցչի դասաւանդութեան հետեւած ըլլան, սակայն ատիկա բնաւ բաւարար չէ՛ որ արդիւնքը միեւնոյն յաջողութիւնը ունենայ: Ուրեմն, դասէն, դպրոցէն, ուսուցչէն ու դաստիարակէն անդին գոյութիւն ունի իրականութիւն մը, որուն կու տանք «կարողութիւն» անունը: Այդ կարողութիւնն է որ արդիւնքին մէջ տարբերութիւն պիտի բերէ: Դասընթացքի ատեն հետեւողականութիւնը կը գնահատուի, բարձր նիշերու վարձատրութիւնը դարձեալ իր նշանակութիւնը ունի, իսկ հաստատութեան կողմէ տրուած վկայագիրը՝ աշխատանքի նոր դռներ կրնայ բանալ: Սակայն այդ բոլորը միայն տեսական գաղափարներ են, կամ առաւելագոյնը՝ թուղթի վրայ արձանագրուած ծանօթութիւններ տուեալ անձի մասին: Գործնական կեանքը տարբեր ձեւով արտայայտութիւն կը գտնէ: Ոմանց կարծիքով մէկուն գործը անհրաժեշտ է ճանչնալու համար մարդը: Այսպէս, ոմանք մէկը քննութեան ենթարկելով կը նային անոր աշխատասիրութեան: Սակայն, աշխատասիրութիւնը բաւարար չէ առանձինն լրացնելու մէկուն կենսագրական տուեալները: Աշխատասիրութենէն աւելի՝ անոր գործին արդիւնքն է որ պէտք է քննութեան ենթարկուի:
Գործիդ արդիւնքն է որ պիտի փաստէ կարողութիւնդ: Այլապէս աշխատասիրութիւնը կարելի է համեմատել միայն ձգտումին հետ: Ձգտումին մէջ ալ շարժում կայ, այնպէս ինչպէս աշխատասէր մարդը միշտ շարժումի մէջ կը տեսնենք… Երբեմն կ՛ըսենք «Այս մարդը յոգնիլ չի՞ գիտեր», կամ՝ «Ինչքա՜ն կ՛աշխատի այս մարդը», կամ՝ «Ինչքա՜ն չարքաշ մարդ է, տունէն գործ, գործէն տուն»: Այս ամէն արտայայտութիւնները, որոնց մէջ բնականօրէն գնահատանք կայ գործունեայ մարդու հասցէին ուղղուած, բաւարար չեն անոր կարողութեան մասին գնահատանք արձանագրելու համար: Որովհետեւ պէտք է քննութեան ենթարկել անոր աշխատանքին արդիւնքը: Սա՛ է երկրորդ եւ կարեւորագոյն քայլը՝ գնահատելու համար աշխատասէր կամ գէթ յարատեւ աշխատելու ձգտում ունեցող մարդուն գործը:
Ուրեմն, կարելի է այստեղ հաստատել մարդկային դժբախտութիւններէն մէկը, ըսելով, որ շա՜տ է թիւը այն մարդոց, որոնք ձգտում ունին, սակայն համեմատաբար ասոնց, քիչ է թիւը այն մարդոց որոնք իսկապէս կարողութիւն ունին իրենց ձգտումները իրագործելու: Շատե՜ր անելի մատնուած կ՛ըլլան այս կեանքի ընթացքին, եւ բոլորն ալ ձգտումը կ՛ունենան անկէ դուրս գալու: Անելէն դուրս եկողներն են, զորս պէտք է մեծ կոչել, եւ ո՛չ թէ բոլոր անոնք, որոնք ձգտեցան հոնկէ դուրս ելլել: Ձգտումը առանձին, ոչնչութիւն է: Ատիկա պէտք է անպայման գործին առնչել, որպէսզի արժէք ստանայ: Այնպէս, ինչպէս հաւատքը առանց գործի՝ մեռած է (Հմմտ Յկ 2.26):
Նիւթական գործօնը որոշ ժամանակ կրնայ իր ազդեցութիւնը բանեցնել այն անձին վրայ, որ զանազան ձգտումներ ունի: Գրական ձգտումներ ունեցողներու պարագային արդէն վերը ներկայացուցինք այսօրուան իրողութիւնը: Դեռ շատ աւելի բարձր տեղերու ու մակարդակներու ձգտող մարդոց պարագային, աւելի՛ վտանգաւոր գործօն կը դառնայ նիւթական հարստութիւնը, եւ չարին հետ գործակցելու հաճոյքին միանալով, աղէտ կրնայ բերել շրջապատին: Չարը նոր ու վտանգաւոր ձգտումներ կը դնէ նիւթապէս բաւարարուած մարդու հոգիին մէջ: Անոնցմէ ոմանք դրամով իրագործելի ըլլալուն, կրնան ժամանակաւոր յաջողութիւններ տալ ձգտումը ունեցող մարդուն, սակայն մնայուն չեն ըլլար ատոր արդիւնքները: Միշտ ալ ձախորդութիւն մը վերջաբանը կը դառնայ այդպիսով իրագործուած ձգտումներուն, որովհետեւ հոն կը պակսի իսկական կարողութիւնը: Ուրիշներու կարողութիւնները երբեմն կ՛օգտագործուին նման պարագաներու, որոնք դրամին աւարտը տեսնելով կը թողուն աշխատանքի դաշտը ու կը քաշուին, անկարող դրամատէրը առանձին թողելով:
Ինչքան ալ խոստովանիս կարողութիւններուդ բարձր մակարդակ ունենալուն մասին, ատոնք պէտք է դեռ փորձաքարի զարնուին: Ձգտումներուն համար անհրաժեշտ կարողութիւնները, միայն իրենց արդիւնքով կրնան չափուիլ, ճշդելու համար անոնց արժէքը: Իւրաքանչիւր ձգտումի արդիւնքը կարողութեամբ իրագործելի է միայն, եւ այդ կարողութեան արդիւնքն է իր չափանիշը:
Մի՛ վազեր ձգտումներուդ ետեւէն: Ատոնք առատօրէն կրնան մղուիլ հոգիէն եւ բնական զգացումներու պէս մտքիդ մէջ կրնան յաճախ ծագիլ: Դուն քննէ՛ կարողութիւններդ, մանաւանդ անոնք, որոնք Աստուածատուր են ու թերեւս տեղեակ չե՛ս անոնց գոյութեան մասին: Այդ կարողութիւններդ ի գործ դնելով, կրնաս այնպիսի արդիւնքի հասնիլ, որ ցոյց տայ անոնց իսկական չափանիշը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles