ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Քրիստոնէական սիրով եւ օրհնալից հոգիով կ՛ողջունենք ձեզ եւ ձեր միջոցով՝ բոլոր այն հայորդիները, որոնք յարգանքով կը յիշատակեն մեր հայրենի հողերուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ կորուստը, կ՛ոգեկոչեն ցեղասպանին խլած մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը եւ կ՛ուխտեն հաւատարիմ մնալ անոնց պատգամին, վճռած են պայքարիլ ու պահանջել մեր բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումը, ի խնդիր արդարութեան եւ արդար հատուցման։
Սիրելիներ,
Մարաշը մէկն էր հայկական այն օճախներէն, որոնք ապրեցան կրկնակի ողբերգութիւն. հայկական բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան պէս, ցեղասպանը նախ բռնագաղթի
մատնեց Մարաշի հայութիւնը, որ ճաշակեց Տէր Զօրի դժոխային ճամբաները. Ցեղասպանութենէն փրկուած փոքրամասնութիւն մը, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, եւ իբրեւ արդիւնք հայութեան մասնակցութեամբ Թուրքիոյ վրայ տարուած յաղթանակին, վերադարձաւ հայրենի տուն, սակայն քիչ ետք, զոհ դառնալով այդ օրուան աշխարհի մեծ ուժերու կամայականութեան ու հաշիւներուն, ստիպուեցաւ դարձեալ, ու այս անգամ վերջնականապէս հեռանալ հայրենի տունէն ու քաղաքէն, միանալ Սփիւռք կոչուած հայութեան մեծ ընտանիքին, դառնալ աշխարհացրիւ։
Յաջորդող տասնամեակներուն, ու մինչեւ այսօր, հայրենազուրկ հայութեան պէս, մարաշցին եւս իր սրտին ու պահանջատիրական կամքին մէջ ամուր կը պահէ հայրենի աւանին յիշատակները, բայց մանաւանդ անոր տէրը ըլլալու, անոր վերադառնալու հաւատքը։ Այդ հաւատքը ծնած է մեր դարաւոր պատմութենէն եւ քրիստոնէական ուղիէն, հայութեան պատկանելիութեան ու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին յաւերժութեան նկատմամբ յանձնառութենէն։ Այդ հաւատքը արձագանգ մըն է Աւարայրի ու յաջորդող դարերու հերոսամարտերը կերտող մեր հերոսներու պատգամին, որ կը յանձնարարէ կեանքի գնով պաշտպան մնալ Հայաստանին, հայութեան ու մեր դարաւոր ժառանգութիւններուն։ Այսօրուան յիշատակումը, ահաւասիկ, այդ ուխտին ու յանձնառութեան վերանորոգման ա-ռիթ է։
Բարձր կը գնահատենք Մարաշի Հայրենակցական միութեան վարչութիւնն ու անդամները, որոնք ամէն տարի կը կատարեն այս յիշատակումը։ Այսօր, մեր հոգիները կը լեցուին առաւել եւս երախտագիտական զգացումներով, որովհետեւ այս տարի, յատուկ յիշատակութեան կ՛արժանանայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներէն՝ երջանկայիշատակ եւ տարաբախտ ՏՏ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, որ Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն իր աչքերը բացած էր նոյնինքն Մարաշի մէջ, սակայն բազմաթիւ ճակատագրակիցներու պէս, 50 տարի առաջ այս աշխարհին հրաժեշտ տուաւ հեռու իր հայրենի հողէն, կը հանգչի Կաթողիկոսութեան դամբարանին մէջ, Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթող մատուռին կողքին, կեանքի վաստակի մը անջնջելի պատգամը ժառանգ ձգելով մեզի։
Զարեհ Սքանչելի Հայրապետը, մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական օրերուն, իբրեւ բարի հովուապետ մեր կեանքը առաջնորդեց եւ, աւաղ, մեծ եղաւ իր կորուստը, երբ համայն հայութիւնը ողբաց իր վախճանումը շատ երիտասարդ՝ 48 տարեկանին։
50 տարիներ անցած են երանաշնորհ հայրապետին վախճանման թուականէն։ 50 տարիներ, որոնց տեւողութեան, ամէն ժամանակ Զարեհ Ա. Փայասլեան հայրապետը իր ոգեղէն ներկայութեամբ ներշնչեց եւ առաջնորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի առաքելութիւնը եւ անոր միաբանութիւնը։
Զարեհ Կաթողիկոս եղաւ խորհրդանիշ սիրոյ, համբերութեան եւ առաքինի ծառայութեան։ Յարգանք իր յիշատակին։
Թող օրհնեալ ըլլայ յիշատակը նաեւ Մարաշի բոլոր նահատակներուն եւ անոնց պատգամը իրերայաջորդ սերունդներու փոխանցող հաւատարմատարներուն։ Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի իր Ս. Աջը հովանի ընէ մեր պահանջատիրութեան լծուած բոլոր զինուորագրեալներուն եւ առաջնորդէ մեր երթը, մինչեւ արդար հատուցման հանգրուանը, եւ անկէ անդին։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ ԱՄ Նահանգներու
Արեւմտեան Թեմի
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ