ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առիթները գիսաւոր աստղեր են՝ մեր կեանքի երկնակամարին վրայէն սահող, որոնց մասին կը սկսինք մտածելու այն ատեն, երբ անոնք արդէն չկան… Այս իրողութեան անդրադարձող մարդոցմէ շատեր յուսահատութեան գիրկը կը նետուին, անջրպետին մէջ անհետ կորսուած իրենց աստղին համար աւաղելով: Ուրիշներ ալ, աւաղելէ բացի, կորսուած առիթներու ետեւէն կը վազեն, առանց գիտնալու, որ մարդիկ զանոնք գտած կ՛ըլլան արդէն…
Այսպիսիները այնպէս կը խորհին, թէ կեանքի մէջ մարդուն տրուած առիթները, երկար նախաբանով նամակներու նման կ՛ըլլան, ու պէտք է անպայման իրենց նամակատուփին մէջ նետուին բախտին կողմէ: Առիթները բնա՛ւ նախաբան չեն ունենար, այլ յանկարծական յայտնութեամբ կ՛երեւին անոնց, որոնք գիտեն տեսնել:
Առիթները երբեմն բախտի դռներէն ներս կը մտնեն անձայն, սակայն ան, որ զանոնք տեսնելու կարողութիւնն ունի, կը լսէ բախտի դրան ծխնիներու ճռնչիւնը: Կ՛ըսուի, թէ բախտի դուռը չորս ծխնիներ կ՛ունենայ. ա.- նախաձեռնութիւն, բ.- հեռատեսութիւն, գ.- ճարտարութիւն եւ դ.- նուիրում: Ան, որ չի՛ նախաձեռներ, հեռատես չէ՛, նուազագոյն ճարտարութիւն չունի եւ ո՛չ ալ նուիրում, առիթները փախցուցած մարդ պէտք է համարել:
Առանց գրասեղանի ու առանց ուսուցիչի տարօրինակ դպրոց է մարդկային կեանքը: Այնտեղ մարդիկ իրարու ուսուցիչ կը դառնան իրենց կեանքով, իսկ անոնց կեանքի իւրաքանչիւր երեւոյթը՝ մէկ դասը հաստափոր անգտանելի դասագիրքին: Այսպիսով աշխարհի ամէնէն կարեւոր գիրքերու շարքին պէտք է դասել այս «դասագիրք»ը, որուն էջերը հազարաւոր գունագեղ նկարներով զարդարուած են:
Այս դասագիրքը ունի յաւելուած բաժին, զոր դժբախտաբար շատեր չեն կարդար: Ոմանք միայն վերնագիր ունեցող դասերուն կը նային, եզրակացութիւնները կը կարդան, այնտեղ դրուած հարցումները կ՛ուղղեն իրարու, ու այդքանով կը բաւարարուին, կարծելով, թէ ամբողջութեամբ պատրաստ են ամավերջի քննութեան: Ոմանք, ծոյլ աշակերտներու նման, դասի ծանրութենէն ու անվերջանալի գիտելիքներու ամբարումէն յուսահատ, անքուն աչքերով կը փակեն զայն, քննութեան պահը Աստուծոյ թողելու յուսահատ ինքնավստահութեամբ: Այո՛, տարօրինակ է այս բացատրութիւնը, որովհետեւ յուսահատութիւն եւ ինքնավստահութիւն հակադիր բեւեռներ են: Սակայն այս պարագային, առիթներ փախցուցած ծոյլը ինքնավստահութեամբ կ՛ուզէ իր կողմը շահիլ նաեւ զԱստուած՝ կարծելով, որ Ան իրեն նման ծոյլին պիտի օգնէ այդ վերջին պահուն…
Կեանքի այդ դասագիրքին յաւելուած բաժինը, խորքին մէջ ունի նոր գլուխ ու վերնագիր, որ շատերու ուշադրութենէն կը վրիպի յաճախ: Այդ վերնագիրը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ՝ «Յաջորդիւ»:
Ոմանք այդ բաժինը «նիւթերու ցանկ» կարծելով՝ կարեւորութեան չեն առներ, իսկ ուրիշներ բնա՛ւ տեղեակ չեն ըլլար ատոր գոյութենէն: Կեանքի առիթներու վերստեղծումին մասնագիտական ուղեցոյցն է այդ յաւելուածը: Հոն այլեւս դասի լրիւ բնագիրներ չկան, ո՛չ ալ նկարազարդ էջեր: Արդէն այդ յատկութիւններէ զուրկ ըլլալն է, որ ուշադրութենէ կը վրիպեցնէ «յաւելուած»ի էջերը:
Կեանքի դպրոցին աշխատասէր աշակերտներն են միայն, որոնք առիթները չեկած, անոնց ոտնաձայները կը լսեն ու դրան ետին կը կանգնին, պատրաստ՝ դուռը բանալու եւ բախտը ներս հրաւիրելու: Առիթները իրենք, երբեմն անկոչ հիւրեր են, որոնք ո՛չ լուր կու տան, ո՛չ ալ հրաւէրի կը սպասեն մեզի այցելելու: Սակայն անոնք նաեւ ամչկոտ բնաւորութիւն ունին: Հազիւ դէմքերնին ցոյց տուած՝ դարձեալ կը ծածկեն, արեւուն պէս, որ երբեմն ամպերուն ետին կը ծածկուի, երբեմն ալ իր մերկութեամբ աչքեր կ՛այրէ:
Առիթին մեզի ներկայացած պահուն պէտք է հանդիպիլ անոր հետ, այլապէս յետոյ զայն գտնելու համար տրամադրուած ժամանակը, ո՛չ միայն կորսուած ժամանակ պէտք է նկատել, այլ նոր առիթներ կորսնցնելու ժամանակ… Որովհետեւ մինչ մենք զբաղած կ՛ըլլանք կորսուած առիթները գտնելու աշխատանքով, անկասկած նոր առիթներ պիտի փախցնենք:
Նոր առիթներ գտնելու ձեւերուն մասին դասաւանդութիւնը, կեանքի դասագիրքի յաւելուածին մէջ գրուած կը գտնենք: Անոր վերնագիրը արդէն ամբողջ բովանդակութեան մասին կը խօսի եւ նոյնիսկ ներքին էջերը թերթատելու կարիք չենք զգար:
_ Յաջորդիւ…
Մի՛շտ կայ նոր առիթ: Ահաւասիկ այն հզօր բառը, որ նոր առիթ կը ստեղծէ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ: Նոյնիսկ ձախորդութեան մը հետեւող առաջին վայրկեաններուն կրնայ յայտնուիլ այս բառը, ինքնավստահ ու ընկրկիլ չգիտցող մարդոց միտքին մէջ: Ձախորդութիւն ունենալը եթէ բնական երեւոյթ է այս կեանքին մէջ, ու չկայ մէկը որ չէ՛ ձախողած, ուրեմն կայ նաեւ անկէ ետք բացուող նո՛ր ժամանակը՝ նո՛ր առիթներով: Այդ միջոցին, մարդ պէտք է սրտի խորերէն ու հոգիի ամբողջական վստահութեամբ համոզում գոյացնէ նոր առիթ գտնելու ըսելով.
_ Յաջորդիւ՝ անպայման:
Այս որոշումը առնող անձերն են, որոնք իրենց կեանքին համար յաջողութիւն ապահովելէ բացի, կը յաջողին նաեւ ուրիշներու կեանքին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել՝ երջանկացնելով իրենց շրջապատին մէջ գտնուող նուազ բախտաւորներ:
Նման անձեր կրնան նոյնիսկ ձախորդութեան պահը քաջութեամբ դիմաւորել եւ զիրենք ձախողեցնող անձին խոստում տալ՝ յաջորդիւ անպայմա՛ն յաղթելու: Դժուարութիւններու բովէն անցնիլն ու «գլուխը ողջ պահել»ը, դարձեալ կախեալ է այս որոշումէն: Այլապէս՝ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները այնպիսի հզօր ուժեր են, որոնք կրնան դիւրաւ տապալել կամքի թուլութենէ տառապող եւ շուտով յուսահատութեան գիրկը ինկող մարդիկը:
Այս որոշումը կայացնող անձը, մէկ առաւելութիւն եւս կը շահի իր կեանքին մէջ, այդ ալ այն կարողութիւնն է, որով առիթներ փնտռելէ աւելի, ի՛նք կը սկսի զանոնք ստեղծելու: Ուրեմն, ստեղծագործական կարողութեամբ կ՛օժտուի ա՛ն, որ գիտէ ներքնապէս համոզում գոյացնել ու բոլորին դիմաց յայտարարել նոր առիթներու ստեղծման պահը՝ ըսելով.
_ Յաջորդիւ:
Աստուած ծոյլ աշակերտին չ՛օգներ քննութեան պահուն, երբ ան նախորդ օրը չէ՛ պատրաստուած ատոր: Սակայն այն անձը, որ ինքնավստահութեամբ յաջորդ առիթին կը սպասէ, Աստուած ալ անպայման կը պատրաստէ անոր համար յաջորդ առիթ մը: Սակայն, Ան բնաւ մարդուն ոտքերուն առջեւ չի՛ նետեր այդ առիթը, այլ կը սիրէ, որ մարդը որսայ զանիկա: Սա կը նշանակէ, որ առիթներուն հետամուտ պէտք է ըլլայ նաեւ մարդը տեսնել կարենալու համար զանոնք: Այլապէս, օրական դրութեամբ ինչքա՜ն առիթներ պիտի փախցնենք, առանց իմանալու, թէ անոնք մեր քովէն, նոյնիսկ մեզի դպնալով անցած ու գացած են անվերադարձ:
«Յաջորդի՛ւ» ըսէ՛ ամէն անգամ, երբ զգաս, որ ձախորդութեանդ պատճառով կամ ուրիշ պատճառներով յանկարծ փախցուցած ես առիթ մը: Համոզէ՛ դուն քեզ, թէ՝ յաջորդիւ անպայման կ՛ունենաս առիթը, ու աւելի՛ լաւ արդիւնքով…