Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԿԱՐԾԻՔ- Ամբաստանագիր՝ «Անհիմն Գնահատականներ»ու Առիթով

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Նորվան Արք. Զաքարեան

Յուլիս 1, 2013 թուակիր նամակով՝ ուղղուած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս իր հրաժարականը կը ներկայացնէր թեմակալ առաջնորդի, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի ու Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի անդամակցութեան պաշտօններէն։ Յուլիս 3, 2013 թուակիր նամակով, կաթողիկոսը կը հաստատէր հրաժարական նամակին ստացած ըլլալը, իսկ 30-31 Յուլիսի ընթացքին տեղի ունեցած Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի «ընդլայնուած ժողով»ը «խնդրանք ներկայացրեց վեհափառ հայրապետին՝ հաստատելու զայն»։ Վերջապէս, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի Սեպտեմբեր 2ի թիւով տրուած տեղեկութիւնը կը նշէր, թէ կաթողիկոսը հեռուստազրոյցով կը պատասխանէր Նորվան արք.ի ու ամենապատիւ պատրիարքի ամբաստանութեանց։
Այդպիսով կը կարծուի վերջ գտած ըլլայ Նորվան արքեպիսկոպոսի հրաժարական նամակին ստեղծած վտանգալից կացութիւնը։ «Վտանգալից»ը չափազանցութիւն չէ եւ յայտնօրէն հարցին լրջութիւնը խուսափած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի տխրահռչակ ժողովի մասնակիցներու հասողութենէն։ Եթէ անոնք չեն անդրադարձած հարցի լրջութեան, կը թելադրուի իրենց՝ կարդալ մամուլի արձագանգները:
Այստեղ քով-քովի կը զետեղենք Նորվան սրբազանի նամակին մէջ եղած ամբաստանութիւններն ու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի պատասխանները։ Առ այժմ կ՛անգիտանանք, թէ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի ժողովի ընթացքին կարդացուա՞ծ է Նորվան սրբազանի չորս էջնոց բացատրագիրը՝ ուղղուած կաթողիկոսին եւ Գերագոյնի անդամներուն։ Մամուլին մէջ եղած կարգ մը ակնարկութիւններ թէեւ կը թելադրեն, թէ կարդացուած էր այդ նամակ-բացատրագիրը։ Ստորեւ՝ Նորվան սրբազանի «անհիմն գնահատականները» եւ անոնց պատասխան-անդրադարձը՝ թէ՛ կաթողիկոսին եւ թէ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդին.

1- Նորվան արք.- «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ, որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է»։
Գարեգին Բ. կթղ.- «…Ձեզ հետ ունեցած մեր զրոյցի վերաբերեալ Ձեր թիւր տպաւորութիւններն ու գնատականները…»։
ՀԳԽ.- «…Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ…»։

2- Նորվան արք.- «…չէք անդրադառնար գուցէ, թէ մարդոց արժանապատուութիւնը կը ճզմէք Ձեր ոտքին տակ»։
Գարեգին Բ. կթղ.- «Զարմանք ապրեցինք՝ ընթերցելով Ձեր գրութիւնը, ի մասնաւորի մեր կողմից Ձեր անձը վիրաւորելու արտայայտութիւնները…»։
ՀԳԽ.- Ոչ մէկ անդրադարձ այս մասին, պարզ լռութիւն։
3- Նորվան արք.- «Ձեր յանկարծական յարձակումը վրաս սարսափ պատճառեց. «Եթէ տէր Վաչէ քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս, 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ եթէ թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր աթոռի հետ դո՛ւ գործ չունես այլեւս», եւ կրկնեցիք՝ «այո՛, դու Մայր աթոռի հետ գործ չունես այլեւս»։ Նախորդ օր շշմեր էի, երբ ըսիք՝ «…Վաչէ քահանային սքեմը ի՛մ պատիւս է, քո՛ւկդ ալ պէտք ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»»։
Գարեգին Բ. կթղ.- «Ափսոսում ենք, որ սոյն դէպքի (Ծնթ. կ՛ակնարկուի Փարիզի Շարլ Տը Կօլ օդակայանի սպասման սրահին մէջ տեղի ունեցած խօսակցութեան) սխալ տպաւորութիւնների ազդեցութեան ներքոյ, Դուք թոյլ էք տալիս նոյնքան եւ աւելի սխալ եզրակացութիւններ եւ ընդհանրացումներ»:
ՀԳԽ.- «…Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»։

4- Նորվան արք.- «… «բիզնես» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականները կառավարելու ո՛չ տրամադրութիւնը ունիմ եւ ոչ ալ ժամանակը»։
Գարեգին Բ. կթղ.- «…որոշումների կայացման պատասխանատուութիւնը ստանձնէք ինքներդ՝ առանց Մեր անունը անհարկի առնչելու խնդիրներին եւ առանց յապաղելու խնդիրների լուծման գործում, որոնք ձգձգուելով՝ բարդութիւններ են առաջացնում»։
ՀԳԽ.- Անարձագանգ լռութիւն։

5- Նորվան արք.- «Հայոց Մայրավանքին մէջ բացակայ է շնորհքի եւ սիրոյ մթնոլորտը, յոգնեցուցիչ է անհատի պաշտամունքը»։
Գարեգին Բ. կթղ.- «Տարօրինակ ենք համարում Մեր անձին ուղղեալ Ձեր վերագրումները եւ Մայրավանքի մթնոլորտի վերաբերեալ Ձեր դատումները»։
ՀԳԽ.- «Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Այսպիսով, պատասխանատուութիւնը կը վերադարձնէ թեմին՝ երեմիական յորդորով. «…թեմի հաւատացեալներին եւ ազգային հաստատութիւններին ու կազմակերպութիւններին՝ քրիստոնէական սիրոյ ոգով նպաստել Ֆրանսիայի հայոց թեմի բարեկարգութեանը եւ շինութեանը»։ Պէտք չէ՞ր արդեօք Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը «քրիստոնէական սէրն ու ոգին» կաթողիկոսին յիշեցնէր։ Դժբախտութիւն է տեսնել Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի անճրկած հակազդեցութիւնները, որոնք կը բաղկանան միակ ու կրկնուող անհեթեթութենէ՝ փաստելով ու հիմնաւորելով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքին՝ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոսի անվրէպ բնութագրումը։
Արդ, բնական հարցումը, որ կը ծագի, հետեւեալն է. որքա՞ն կարեւորութիւն պէտք է տալ կամ լուրջի առնել Գերագոյնին կարծիքը, մանաւանդ երբ նոյնիսկ չեն կրնար համրել մասնակցողներուն թիւը, որ աւելի նուազ է աւանդական իր թիւէն ու հետեւաբար՝ «ընդլայնուած կազմով» չէր կրնար ըլլալ։
Այստեղ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալ դէպքը՝ ճանչնալու համար Նորվան սրբազանը։ Նորվան հայր սուրբը, ատենին՝ Լիոնի առաջնորդական փոխանորդ, երեք հայ եկեղեցականներէն մէկն էր, որ Յունուար 29, 1981ին (Վաչէ Սեմերճեան, «Նոր Օր», 11-18 Դեկտեմբեր, 1984) կը դիմէր Amnesty International-ին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու, որպէսզի միջամտէին թուրք պետութեան մօտ, ապահովելու համար ազատութիւնը՝ սկիզբը վեց եւ ապա 14 տարուան ազատազրկման դատապարտուած հայր Մանուէլ Երկաթեանին։ Հայր Մանուէլը ամբաստանուած էր իբրեւ խռովարար եւ Թուրքիոյ մեծագոյն թշնամին։ Նոյն այդ օրերուն, այս (Գարեգին Բ.) կաթողիկոսը, այդ ատեն՝ երիտասարդ աբեղայ կամ վարդապետ, հովուական աշխատանք կը տանէր Գերմանիոյ մէջ՝ Մուշէն ժամանած ու հայերէնի անտեղեակ թրքախօս մշեցիներուն հայերէն սորվեցնելով։ Հաստատելով հանդերձ այս իրականութիւնը, ինք՝ կաթողիկոսը, իրենց առաքելութեան գիտակից ու յանձնառու երեք եկեղեցականներէն մէկը չէր։ Հայր Նորվանէն բացի, միւս երկուքն էին հայր Փառէն Աւետիքեան՝ Տիթրոյիտէն, ու հոգելոյս Շահէ արք. Աճէմեան՝ Երուսաղէմէն։
Հոս հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ. քրէական յանցանքով դատապարտուած ու տեղացոյց ապարանջան կրելու պարտադրուած «քահանային սքեմի պատիւ»ով բծախնդիր կաթողիկոսը ինչո՞ւ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց չէր տուած 1981ին, երբ հայ վարդապետի մը կեանքը վտանգուած էր։ Ո՞վ էր աւելի հոգատար ու խիզախ եկեղեցականը. ինք՝ կաթողիկո՞սը՝ անգէտ ու անտարբեր անցուդարձէն, թէ հայր Նորվանը, որ օրինակելի խիզախութեամբ կը կատարէր իր «հովիւ քաջ…»ի աշխատանքը, վարդապետական շուրջառի պարտադրանքով եւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնով նուիրականացած առաքելութեամբ։ Փաստօրէն, կաթողիկոսը տակաւին ժամանակի պէտք ունի աւելի լաւ ճանչնալու համար մեր եկեղեցւոյ լաւագոյն սպասարկուներէն մին։ Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ կաթողիկոսը երբեք չկրցաւ հասնիլ «Ամենայն հայոց»ի արժանաւոր, տաք, վստահութիւն ներշնչող պատիւին՝ ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս էր Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց հայրենապահ հայրապետը եւ միւս երանաշնորհ հայրապետները։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ պէտք չէ մոռնայ, թէ երբ Նորվան վարդապետը իր աշխատանքները կը տանէր հայր Մանուէլը պաշտպանելու, կը վայելէր նոյն օրերուն Եւրոպայի հայրապետական նուիրակին ու Նորվան վարդապետի հոգեւոր հօր՝ հոգելոյս Սերովբէ Մանուկեան արքեպիսկոպոսի արտօնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Իսկ առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, պէտք է իրազեկած ըլլար Վազգէն Ա. հայրապետը։ Այլ խօսքով, մեր եկեղեցւոյ երիցագոյն հովիւն ու երէց սրբազաններէն մին կը գործակցէին ու կը համադրէին աշխատանքները՝ փրկելու համար ոչ միայն սքեմը, այլ հայր Մանուէլի կեանքը։ Հովիւներն ու առաջնորդները այս մարդիկն էին՝ գիտակից ու պատրաստակամ իրենց ծառայական առաքելութեան մէջ։ Ժողովուրդը իր սիրով ու յարգանքով կը գնահատէր եկեղեցւոյ այս նուիրական այրերուն առաքելատիպ զոհողութիւնները։ Իսկ ներկայիս, ամենապատիւ պատրիարքը սքանչելիօրէն ճշգրիտ արժեւորումը կատարած է Նորվան արք.ին եւ տուած է տեղին հարցումը. «Յուլիս 31ի տխրահռչակ ժողովի բոլոր մասնակիցները կը ճանչնային Նորվան սրբազանը իբր նուիրեալ եկեղեցական, բարի ու համեստ անձնաւորութիւն մը, ուրեմն՝ ի՞նչն էր, որ զիրենք մղեց այդ ճակատագրական սխալ քայլը առնելու»։
Զարմանալիօրէն մէկ ամիս ու երեք օրուան ընթացքին հրատարակուեցան պատմական երկու նամակ-փաստաթուղթեր, որոնց ազդեցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կառոյցին ու աշխատելաձեւին վրայ պիտի ըլլայ կարեւոր ու մնայուն։ Այդ նամակներն են՝ Նորվան արքեպիսկոպոսի ու Նուրհան պատրիարք Մանուկեանի նամակները։ Պատրիարքին նամակը զգալիօրէն թէական կը դարձնէ օրուան կաթողիկոսին հեղինակութիւնը։ Իսկ երրորդ հետեւանքն ու իրականութիւնը պիտի ըլլայ իրական ու իրաւ ընթացակարգը՝ ներկայ տագնապը հանգուցալուծման տանող կաթողիկոսի հրաժարումով կամ հրաժարեցումով եւ զինք փոխարինելով ընտրեալ, արժանաւոր հոգեւորականով։
Հաւանակա՞ն է այս մէկը: Յամենայնդէպս՝ անյետաձգելի է եւ անհրաժեշտութիւն։ Նորվան արքեպիսկոպոսի հրաժարական նամակին՝ կաթողիկոսի անդրադարձը երեւան կը բերէ անհատ մը, որ ինքնավստահ չէ եւ որ վտանգաւոր կերպով կը ցուցաբերէ գերակայութեան բարդոյթ տարբեր անհատներու ներկայութեան վարկաբեկելու իր սրբազանները, որպէսզի ցոյց տայ շրջապատին, թէ ինքն է տէրը, տիրականն ու ամէնագէտը։ Իսկ իր վերջին հեռուստազրոյցին

Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան

մէջ հանդէս կու գայ որպէս իրականութիւնները չարափոխող եւ ժողովուրդի իմացականութիւնը արհամարհող անհատ։ Բոլորն ալ՝ յոռի ու վտանգաւոր նկարագիրի գիծեր, որոնք ոչ մէկ դրական ազդեցութիւն եւ արդիւնք կրնան ունենալ։ Կաթողիկոսի խուսափողական ու անհամոզիչ հակափաստերը այդ «գնահատականներ»ը կ՛ընեն շատ աւելի հաւատալի ու անհերքելի։
Պարագայ մը խուսափած է կաթողիկոսի ուշադրութենէն. կարելի չէ զրպարտել ու գրեթէ հետեւողականօրէն հալածել սքանչելի ու հաւատաւոր եկեղեցւոյ սպասարկուն ու մնալ անպատիժ։ Նորվան արքեպիսկոպոս ունեցած է ճակատագրական ու կենսորոշիչ հանդիպում մը նոյնանուն բայց տարբեր հայրապետի մը՝ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց հոյակապ ու գիտնական կաթողիկոսին հետ։ Հազիւ 12-13 տարեկան էր, երբ ան, 1954ին, մէկ-երկու այլ ընկերներու հետ քալելով՝ մեկնած էր Անթիլիասի Մայրավանք, իրենց տուներէն հինգ քիլոմեթր հեռու, աջահամբոյրով տալու համար վերջին յարգանքը վախճանեալ հայրապետին։ Անկէ ետք, ամբողջ 59 տարի, ան արժանավայել կերպով ծառայած է այն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար, որուն ազգային նկարագիրի ճարտարապետումը իրականութեան էին վերածած Գարեգին Յովսէփեանցն ու իրեն նախորդող երախտաշատ ու երանաշնորհ հայրապետներու փաղանգը։ Այդ ծառայասէր սրբազանը ծառայական ոգիով սպասարկեց անսակարկ, օրինակելի ու արժանաւոր կերպով, որպէսզի թիւրիմացաբար կաթողիկոս եղած անհատէ մը հեգնուելո՞ւ համար։ Ճիշդ է սրբազանը, երբ կ՛ակնարկէ «անհատի պաշտամունք»ի խեղդիչ մթնոլորտին:
Սրբազանը յայտնած է յստակ ու փաստացի իրողութիւններ, որոնց հակադարձը կաթողիկոսին կողմէ՝ լաւագոյն պարագային՝ գաղջ, խուսափողական, իրականութենէ փեռեկտուած ընդհանրութիւն է, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ անհեթեթ ինքնարդարացում, չըսելու համար՝ ուղղակիօրէն սուտ, ինչպիսին է պարագան Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի բանաձեւումին։ Այս վերջինը գտած է երկու բառ միայն, իբրեւ պատասխան կամ ինքնապաշտպանում՝ «անհիմն տարաձայնութիւններ»։
Եթէ լուրջ են այս արքեպիսկոպոսները, ապա պատրիարքը շա՜տ, ցաւցնելու չափ շա՜տ, ճիշդ էր՝ բնորոշելով զիրենք իբրեւ «պատկերներ»։ Պատրիարք հօր կը մաղթենք դալար կենսունակութիւն իր գրիչին եւ ամրութիւն իր բազկին, որ անհրաժեշտութեան պարագային արդարութեան լախտի հարուածը չխնայէ ու իջեցնէ իր թիրախին վրայ, անկախ ամէն ինչէ։
Ուրեմն, յաջորդ Եպիսկոպոսական ժողովը՝ Սեպտեմբեր 21-28ին, Մայր աթոռին մէջ, անհրաժեշտ է գումարել արտասահմանի մէջ, խուսափելու համար անհարկի որեւէ միջամտութենէ եւ միակ օրակարգով՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի յառաջացուցած այս վտանգաւոր կացութեան վերջ տալ եւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան ընթացակարգը որոշել, որովհետեւ անհատ եկեղեցական մը չի կրնար ըլլալ այնքա՛ն անհաղորդ ժողովուրդի զգայնութիւններուն ու այնքա՛ն անյարգալիր՝ ճշմարտութեան հանդէպ, միեւնոյն ատեն՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Տակաւին, իր վեղարին վրայ գտնուող ադամանդակուռ խաչը Լուսաւորիչի յաւերժօրէն «պլպլացող քաղցրութեամբ, պլպլալիք միշտ կանթեղ»ն է, որ յոյս ու հաւատք կու տայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։
Եպիսկոպոսական ժողովը այս գիտակցութեամբ պէտք է ընթանայ եւ ըստ այնմ՝ տնօրինէ իր որոշումը՝ կաթողիկոսը կարգի ու լրջութեան հրաւիրելու, որպէսզի ան յետս կոչէ իր՝ հայրապետի ոչ վայել, ոխակալաբոյր ու քինախնդիր պոռթկումը։ Կաթողիկոսը համեստութեան քրիստոնէական ոգիով ու զղջումով, պարտքին տակն է ներողութիւն հայցելու Եպիսկոպոսական ժողովէն, որպէսզի հայրենաբնակ ու արտերկրի իր հօտը վստահ ըլլայ իր անմիջական հարազատութեան ու ճշմարիտ զղջումին։ Որեւէ այլընտրանք պէտք չէ քննարկումի նիւթ ըլլայ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles