Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ապրիլ» Գրատան Կազմակերպած Գիրքերու Շուրջ Քննարկումները Կը Վերսկսին

$
0
0

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան կազմակերպած գիրքերու շուրջ՝ «Շնչող գիրք» խորագիրով քննարկումները պիտի վերսկսին Չորեքշաբթի, Մարտ 13ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, ու պիտի շարունակուին ամիսը երկու անգամ դրութեամբ: Առաջին հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ խմբակի մասնակիցներուն, որ իրարու եւ քննարկման օրէնքներուն ծանօթանան եւ քննեն կարդացուելիք գիրքերու ցանկը: Քննարկումը պիտի համակարգէ Աթինա Յարութիւնեանը: Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի օրերը, երկու շաբաթը անգամ մը, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, ու պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոս: «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles