Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Յուշեր Անդրանիկ Ծառուկեանից՝ «Ուխտ Արարատին» Բանաստեղծութեան Կենսագրութիւնը

$
0
0

Գրառեց՝  ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին հետաքրքիր զրոյցներ, դէպքեր, պատմութիւններ ենք լսում Մասիս Արարատեանից՝ ով Ծառուկեանի աշակերտն էր Զաւարեան վարժարանի նախակրթարանում, աշկերտը՝ Հալէպի «Արեւելք» տպարանում, աշխատակիցն էր Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթի: Ահաւասիկ դրանցից մէկը.
Ամիսներ առաջ, Կլենտէյլի «Պերճ» գրատունէն հեռաձայնեց Պերճը եւ ըսաւ. «Մասիս, աշխարհը տակնուվրայ ըրի, կը փնտռեմ Ա. Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը, չեմ կրնար գտնալ»: Մտածեցի, որ անհրաժեշտութիւն է… ըսի՝ եթէ շատ նեղեմ ես զիս, թերեւս կը յիշեմ:
Եկայ տուն, քնանալէս վերջ, գիշերուայ ժամը 3ին մէկէն միտքս եկաւ, սկսայ արտասանել: Որպէսզի ազատիմ զայն կրկնելէ, ելայ, համակարգիչին առջեւ սկսայ շարելու, մէյ մը պայծառացած էր յիշողութիւնս: Վերջացուցի շարուածքը, յաջորդ օրը զայն յանձնեցի Պերճին եւ յիշեցի այս բանաստեղծութեան ծնունդը:
1940ականներուն սկիզբը, Հալէպի ՀՄԸՄը Զատկուան առթիւ իր տարեկան քարթերը պիտի բաժնէր: Սկաուտ Մուրատ Տաքէսեանը (որ շատ երիտասարդ մահացաւ) արդէն գծած էր քարթը. պատկերը հետեւեալն էր. սկաուտները, մէջքերնին ետեւ դարձած, հայեացքները սեւեռած Արարատ լերան, ցուցամատները ուղղած դէպի անոր՝ կ՛երթան այդ կողմ: Անդրանիկին դասընկերը, սկաուտապետ Նշան Թիւսիւզեան, օրերէ ի վեր կը պահանջէ, որ ան գրէ հերթական Զատկուայ քարթին գրութիւնը: Օրեր կը ծուլանայ Անդրանիկը: Կը հասնի Աւագ Ուրբաթը, իսկ գրութիւնը դեռ մեջտեղ չկայ: Երեկոյեան «Արեւելք» թերթի տպարանէն կ՛ելլէ, կ՛երթայ Թըլելի ծայրը եւ Պապ Էլ Ֆարաճի սկիզբը գտնուող պաղպաղակ եւ «սահլապ» ծախող Էֆենտիին քով, անոր թուղթերուն վրայ կը սկսի գրելու այս բանաստեղծութիւնը: Կը վերջացնէ գիշերով, առտու կանուխ կը տանի տպարան, կը յանձնէ Ժագին: Ժագը կը շարէ գրութիւնը, քարթին վրայ գծուած նկարին միւս երեսը կը տպուի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը, եւ Կիրակի օրը, սկաուտները տուն-տուն կը բաժնեն զանոնք ու կը ստանան ժողովուրդին նուիրատուութիւնները:
Կը կարծեմ Ծառուկեանի ոչ մէկ գիրքին մէջ կայ անիկա, միայն քարթին համար գրուած է, բայց տարածուած էր համակիր մամուլին մէջ:

«ՈՒԽՏ ԱՐԱՐԱՏԻՆ»

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Պիտի հասնի՛նք սրբազան լեռ կատարիդ,
Երբ ջրհեղեղը ռումբերուն գտնէ վերջ
Ու արիւնի ծովերն հագնին ծիածան:
Երբ մորթուած խաղաղութեան աղաւնին
Վերադառնայ արհաւիրքի վիհերէն
Ձիթենիի հաշտարար ճիւղը բերնին՝
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ:

Քաղաքներէն, ճամբաներէն, դաշտերէն
Աքսորի խուլ գռիհներու խորերէն
Պիտի շարքերը մեր խրոխտ փոթորկին
Մեր պապերուն ի խնդիր սուրբ երազին:
Պիտի փշրենք մեզ իրարմէ անջատող
Ճակատագրին սեւ պատնէշները բոլոր:
Պիտի հասնինք մեր ջուրերուն ու հողին
Ամենասուրբ՝ ըրած կարօտը շեփոր:
Պիտի հասնինք թէ արեւներն իսկ փլին
Ու ճամբաներն ըլլան դժոխք ու արիւն,
Պիտի հասնի՛նք կատարիդ:

Տե՛ս, մեր շարքերը խանդաբորբ ու արի,
Տե՛ս, մեր կարօտը խոյանքով Վահագնի,
Տե՛ս, մեր հոգին քու ձիւներուդ պէս մաքուր,
Ու կամքը մեր, տե՛ս, ժայռերուդ պէս ամուր,
Եւ հաւատա՛յ, կրանիտեայ ո՜վ Աստուած,
Սրբազան լեռ, հաւատա՛յ, թէ կը հասնինք,
Մենք կը հասնինք կատարիդ:

Վերի բանաստեղծութիւնը, զոր գրած է 29ամեայ Ծառուկեանը, շարուած է՝ յիշողութեանս վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles