Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Որպէսզի Գիտութեանց Ովկիանոսին Մէջ Չդառնանք «Զանգուածային Տգիտութեան» Ու Հետեւանքներուն Պատանդը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հին թէ նոր ժամանակներուն, իւրաքանչիւր դարաշրջան յաճախ զինք կերտողները նետած է այնպիսի արագ զարգացումներու մէջ, որոնք մարդոց ըսել տուած են, թէ կ՛ապրին «գլխապտոյտ պատճառող դէպքեր»։
Անցեալը ձգենք «անցեալցի»ներուն, խօսինք մեր օրերուն մասին։ Մենք ալ իրաւունք ունինք ըսելու, թէ կ՛ապրինք գլխապտոյտ պատճառող, մինչեւ իսկ մեզ անխմիչք գինովութեան մատնող զարգացումներու ոլորապտոյտին մէջ։ Երբեմն կ՛ունենանք այն զգացումը, թէ զանգուածաբար՝ իբրեւ մարդկութեան ամբողջ ընտանիք, թէ հայութիւն՝ կը նաւարկենք յորձանուտի մը ալիքներուն վրայ, եւ ի՛նչ ալ ըլլան նաւարկողներուս ուժերը, ստեղծուած հոսանքները նաւը կը սահեցնեն այնպիսի ոլորտներու մէջէն, որոնք կրնան ամբողջապէս չհամապատասխանել կեանքի ճամբորդութիւնը կատարողներուս բաղձանքին. աւելին, կրնանք մինչեւ իսկ չանդրադառնալ թէ մատնուած ենք անբաղձալի վիճակի, որ ունի ողբերգական երես մը.- Նման վիճակի իրազեկութեան բացակայութիւնը զանգուածներս կը նետէ տարօրինակ երանութեան մը գիրկը, կ՛ապրինք խաբուսիկ երջանկութիւններ, մեր ստացած գլխապտոյտը պատճառ կ՛ըլլայ, որ դաժան իրականութիւնները վրիպին մեր իմացական կալուածէն։
Նման վիճակ նաեւ կարելի է բնութագրել իբրեւ… երջանիկ տգիտութիւն։
Որպէսզի չմեղադրուինք իբրեւ վերացական փիլիսոփայութիւն կատարող, թուենք գլխապտոյտ պատճառող կարգ մը մերօրեայ զարգացումներ։
Վերջին տարիներուն, տնտեսական-ելեւմտական աշխարհակուլ տագնապը ունի գլխապտոյտ պատճառող ի՛ր ընթացքն ու ազդեցութիւնները։
Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն մէջ, յաճախ զինուորական ահաւոր իրադարձութիւններով ներկայացուղ ողբերգութիւնները, «Արաբական Գարուն» կոչեցեալ խաբկանքէն մինչեւ ասիական, ափրիկեան, եւրոպական ու ամերիկեան երկիրներու իրադարձութիւնները կը կազմեն յորձանուտին մէկ այլ մոլորեցնող ալիքը։
Ասանժներու, Մէնինկներու, Սնոտըններու ծանօթ բացայայտումներով վերցուած վարագոյրները նմանապէս սպառնական ալիքներ ստեղծած են մէկ կողմէ՝ միջ-պետական յարաբերութիւններու, եւ միւս կողմէ՝ մարդոց տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան դաշտերուն մէջ, պատճառելով այլ տեսակի գինովութիւն մը։
Ճարտարարուեստի աշխարհին մէջ, այլ բնոյթի խօլ վազք մը իր ահաւոր ներգործութիւնը կ՛ունենայ կենսոլորտին վրայ, տարուէ տարի կը բարձրացնէ բնական աղէտներու «սակարանը», եւ անտեսելով երկիրներու ու ցամաքամասերու սահմանները՝ իր իւրայատուկ գլխապտոյտը կը պարգեւէ երկրագունդի բնակչութեան։
Եթէ նման երեւոյթներու եւ իրական զարգացումներու թուարկումը շարունակենք, ուրուագծած կ՛ըլլանք համայնապատկեր մը, որ ցոյց պիտի տայ թէ աշխարհը կ՛ապրի աննախընթաց յեղաշրջումներու դարաշրջան մը (ընդունինք նաեւ, որ որեւէ յեղաշրջում կրնայ ինքզինք կոչել աննախընթաց). այժմու ոլորապտոյտը մոռացութեան մատնած է եւ լուսանցքայնացուցած՝ հազիւ 30 տարիներ առաջ աշխարհը այլապէս փոթորկած՝ կլասնոսթն ու անոր «ձագուկները», սկսելով Խորհրդային Միութեան փլուզումէն, անցնելով Եւրոպային նոր աշխարհագրութիւն մը պարգեւող արիւնալի ու անարիւն զարգացումներէն, հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք ու Կեդրոնական Ասիա, զարգացումներ, որոնք նոր ձեւաւորում տուին հին աշխարհին ու մարդկութիւնը յուզող՝ չհինցող էական հարցերուն։
Յիշեալ իրավիճակներուն թու-արկումով կը բաւականանք, առանց այս սիւանկին մէջ մտնելու անոնց մասին վերլուծումներու ոլորտին մէջ։
***

Խոստովանինք, որ վերի թուարկումին մէջ դիտումնաւոր կերպով չարձանագրեցինք այլ խօլական վազք մը, որ իր տիրական ներկայութեամբ մէկտեղ, իրողապէս կը թուի քօղարկուած, ընդհանրապէս չի գրաւեր գլխաւոր ռատարները, եւ մեր նպատակն է այդ զարգացումը լուսարձակի տակ բերել այս սիւանկով։ Խօսքը կը վերաբերի ԱՐԴԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ապրած զարգացումին, որ մարդկութեան հսկայական բարիքներ բերելով հանդերձ, աշխարհը դրած է նաեւ անտեսանելի պատուհասներու դիմաց, եւ սակայն, կարծէք թէ ուժը, տրամադրութիւնն ու կամքը-կամեցողութիւնը չունինք մենք զմեզ ձերբազատելու ստեղծուած ալիքներուն պատանդի վիճակէն։ Եւ այս տագնապը, համամարդկային ըլլալով հանդերձ, իր իւրայատուկ ներգործութիւնը ունի մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն։
Նախ կատարենք հիմնական հաստատում մը։
Արհեստագիտութիւն բառը իր մէջ ունի գիտութիւն եզրը. գիտութիւնը, որեւէ դարաշրջանի, նոյնպէս եւ այսօր, ըստ ամենայնի լաւ բան է, բարիք է աշխարհին, մղիչ ուժ է եւ ցուցանիշ՝ մարդուն զարգացման ու քաղաքակրթութեան։ Այս մասին վէճ չի կրնար ըլլալ, որքան ալ որ գիտութիւնը երբեմն չարաշահումի ենթարկուի եւ ստեղծէ անբաղձալի հետեւանքներ։ Հետեւաբար, մեր ներկայացնելիք մտահոգութիւնները պէտք է ընկալել՝ գիտութեան բարիքները ընդունողի դիրքէն անդին անցնող մօտեցումով, նոյնինքն գիտութեան հանդէպ պաշտամունքի հասնող սիրոյ ու յարգանքի տեսանկիւնէն։
Արդի արհեստագիտութիւնը մէկն է այն գործօններէն, որ ի՛ր ստեղծած գլխապտոյտներով կը գինովցնէ մարդկութիւնը, անվիճելի բարիքներու կողքին, մարդկութիւնը դրած է ընդհանրապէս անտեսանելի յորձանուտի մը մէջ եւ դժուար տեսանելի վտանգներ կը սպառնայ աշխարհին,  նոյնինքն զանգուածային քաղաքակրթութեան։ Փաստօրէն, մարդկութիւնը գերին դարձած  է տարօրինակ ախտի մը, որուն ամէնէն մօտիկ նախընթացը արձանագրուած էր Ճարտարարուեստի Յեղափոխութեան առիթով, սակայն նուազ վտանգաւոր կերպով, վտանգ՝ որուն խորքին չենք ալ անդրադառնար երբեմն։
Կարելի է մեզ մտահոգող ախտը կոչել տարբեր անուններով, բայց եկէք, պահ մը բաւարարուինք «զանգուածային տգիտութիւն» եզրով։
Հաւանաբար տարօրինակ ու անընդունելի նկատուի «զանգուածային տգիտութիւն» բացատրութիւնը, երբ գիտական նորութիւնները ու մանաւանդ անոնց պտուղները այսօր այնքա՜ն մատչելի են մարդուն, մեծին ու պզտիկին։ Մեր խօսքը կը վերաբերի գիտական նորութիւններու յորձանուտին բացասական ազդեցութիւններուն, որոնց բնական, ակամայ եւ երբեմն ալ առանց անդրադառնալու գերին դարձած են զանգուածները, առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան։ Մարդկութիւնը սարդի ոստայնի մէջ հետզհետէ աւելի՛ ամուր կերպով ներգրաւող բացասական իրականութիւնը խորքին մէջ ժխտումն է տուեալ նորարարութեան խոստացած բարիքներուն։ Բաւականանանք քանի մը օրինակով, որովհետեւ այդ քանի մը օրինակն ալ բաւարար են բացատրելու, թէ ինչ ըսել կ՛ուզենք արդի արհեստագիտութեան չարաշահումով ստեղծուող «զանգուածային տգիտութիւն»ով։
Տասնամեակներ առաջ, մարդկութեան առօրեան չէր արձանագրած համակարգիչ եւ բջիջային հեռաձայն անունով հրաշալիքներն ու անոնց միջոցով՝ աշխարհը սեղանիդ վրայ կամ ափիդ մէջ ունենալու կարողութիւնը։ Տգիտութեան ու յետամնացութեան համազօր է վէճ յարուցել արհեստագիտութեան այս բարիքներուն դրական երեսին մասին, սակայն նաեւ պէտք է տեսնել, որ անոնք պատճառ կը դառնան… մտային կարճատեսութեան, մինչեւ իսկ ուղեղներու կուրութեան, եւ՝ ե՞րբ… Գիտութիւններու ովկիանոս մերօրեայ աշխարհին մէջ։

Մանրամասնենք։ Պատանին, երիտասարդը, տարեցներ անգամ գերին դարձած են համացանցային հաղորդակցութիւններու «ոստայններուն». լայն ժամանակ եւ ճիգ կը մսխուին, օրինակի համար, text messaging, face book, skype ու նմանօրինակ միջոցներու գործածութեան ճամբով։ Արտադրող ընկերութիւններ ամէն օր, ամէն շաբաթ եւ ամէն ամիս նոր հնարքով մը կ՛օժտեն գնորդները, որոնք խուսափում չունին արդիականութեան հետ քայլ պահելու պարտադրանքէն։ Մսխում ըսելով, ի մտի չունինք միայն նիւթական երեսը, այլ մարդուն համար ամէնէն սուղ բանը (առողջութենէ ետք), այսինքն՝ ժամանակը։ «Այսօրուան աշխարհը այս է, այսպէս կը պահանջէ» մտածելով՝ կը խուսափինք դառն իրականութիւններէ, կը մոռնանք, որ կեանքի ընթացքն ու գիտութեան պտուղները նախ եւ առաջ ՄԱՐԴՈՒՆ ձեռքին մէջ են, ենթակայ՝ ՄԱՐԴՈՒՆ տիրապետութեան, եւ ո՛չ թէ հակառակը։ Այս ճշմարտութիւնը մարդուն ընկերացած է այն օրէն, երբ Միտք կոչուող կալուածը սկսաւ զարգանալ, մարդը ինքզինք ազատագրեց նախապաշարումներու, խաւարամտութեան, եւ ի վերուստ դասաւորումները առանց ուղեղի բովէն անցընելու՝ զանոնք հալած իւղի պէս ընդունելու վիճակէն։
Մերօրեայ յորձանուտը ստեղծած է գլխապտոյտ առթող այնպիսի վիճակ, ուր մարդը իրողապէս դարձած է արդիական գործիքներուն կամաւոր պատանդը, անոնց տուրք կու տայ անտեղի ու անհարկի համեմատութեամբ։ Հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով ի մի եկած խմբակներ, բնակարաններու, զբօսավայրերու եւ երեւակայելի ու աներեւակայելի վայրերու մէջ իրենց գլուխները կը կախեն փոքր սարքերուն վրայ։ Տակաւին, ոչ հազուադէպօրէն կ՛արձանագրուին այնպիսի ծայրայեղութիւններ, ուր մինչեւ իսկ նոյն յարկը բաժնեկցողներ իրարու հետ կը հաղորդակցին… face book-ի կամ համազօր ալիքներու միջոցով։

***

Ի՞նչ են այս յորձանուտին հետեւանքները, որոնք քիչ առաջ տեղադրեցինք «զանգուածային տգիտութիւն» ընդհանուր խորագիրին տակ, կացութիւն՝ ուր գիտութեան տիրապետութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ… գիտելիքի նահանջին։ Միայն որոշ գիծի մը վրայ գիտելիքի կուտակում իմաստութեան ցուցանիշ չէ։ Քիչ ետք կ՛անդրադառնանք նաեւ այս ընդհանուր ախտին «ձագուկներուն», այսինքն անկէ ծնունդ առնող ենթա-ախտերու, որոնք ունին աւելի ծանօթ անուանումներ։
Համակարգչային հաղորդակցութեան արդի միջոցները, անփոխարինելի բարիքներու կողքին, զանգուածները դրած են իրենց ժամանակն ու ճիգը մակերեսային ոլորտներու մէջ վատնելու տարօրինակ հարկադրանքին տակ։ Հարց տանք. պատանին ու երիտասարդը արդեօք օրական քանի՞ ժամ կը տրամադրեն համակարգչային զբաղումներու, որոնք կը կոչուին համակարգչային հաղորդակցութիւն (texting, skype, face book եւայլն) եւ խաղեր, եւ որոնք «հնադարեան» դարձուցած են ե-նամակն ու նմանակները, թուայնացած արհեստագիտութիւնը օգտագործող խաղալիքները, հնարքներ, որոնք նորարարութիւն էին ու յեղաշրջումներ յառաջ բերին հազիւ 15-20 տարի առաջ, ինչպէս որ իր արագ յեղաշրջումները ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ բջիջային հեռաձայնը։

Պատանի թէ երէց՝ ճիգ կ՛ընեն ամէն վայրկեան ըլլալու «լուրերու աշխարհ»ին մէջ, քայլ պահել հապճեպօրէն մատուցուող նորութիւններու էջին վրայ, երկար ժամեր «խօսակցութիւններ» ստեղծել բարեկամներու-ընկերներու հետ, լուսանկարներ, իրենց առօրեան արձանագրող ժապաւէններու պատառիկներ փոխանակել, տեսնել, թէ այսինչը ո՞ր ճաշարանին մէջ ի՞նչ ուտեստեղէն ճաշակելու վրայ է, այնինչին նորածինը ինչպիսի՞ շարժումներ կ՛ընէ, ինչպէ՞ս կը ժպտի, կու լայ, իբրեւ թէ նման բաներ չնաշխարհիկ նորութիւններ ըլլային։ (Չենք ուզեր մտնել չափազանցութեան հասնող հաղորդակցութեանց պատճառած արկածներուն մրցանիշներու ոլորտին մէջ)։
Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ մեր ձեռքերուն մէջ բաւող հաղորդակցութեան տփիկները՝ «խելացի հեռաձանները» (smart phone), պաստառով օժտուած տախտակներն (iPad) ու անոնց ընտանիքին միւս անդամները ինչպիսի՛ ժամանակ եւ ճիգ կը խլեն ու կը վատնեն յումպէտս։
Կարելի է բազմացնել այս մտահոգութեան տուն տուող նշումներն ու օրինակները, սակայն կը կարծենք, որ վերոյիշեալները բաւարար են քողազերծելու՝ թէ արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն մակերեսային օգտագործումը ինչպիսի նահանջներու պատճառ կ՛ըլլայ։ Այս օրինակները նաեւ ըստ բաւականին կը բացատրեն, թէ ուրկէ կը բխի «զանգուածային տգիտութիւն» ախտաճանաչումը։

***

Քիչ մըն ալ խօսինք գլխաւոր ախտին ենթաբաժանումներուն մասին ու զանոնք կոչենք իրենց անուններով։
Ախտին «ձագուկները» բազմաթիւ են. առաջին հերթին՝ ԻՍԿԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ՆԱՀԱՆæԸ, որ պատճառ կ՛ըլլայ թերթ ու գիրք կոչուող արժէքներու սակարանին անկման, գրատուներու փակման, տպաքանակներու ճղճիմացման, գիտելիքներէ, մշակութային արժէքներէ եւ տակաւին՝ անցեալի գանձերէն զանգուածներու անջատման ու մեկուսացման, անհատներու անզգալաբար փոքր օղակի մը մէջ բանտարկումի։
Կրնայ առարկուիլ, թէ յիշեալ գործիքները աննախընթացօրէն հարստացուցած են ընթերցումի նիւթերը, մարդիկ այս գործիքներուն ճամբով շատ աւելի բան կը կարդան, շատ աւելի արագ ու անմիջականօրէն կապի մէջ կ՛ըլլան աշխարհին հետ, քան ինչ որ կ՛ընէին անցեալի սերունդները։ Հոս կայ ճշմարտութեան բաժին մը, սակայն նաեւ կայ շատ կարեւոր հարցում մը. Ի՞ՆՉ է ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ, եթէ ոչ՝ աղբանոց թափուելիք տեղեկութիւններ, միտքի ու հոգիի աճումը կաշկանդող ծանօթութիւններ (ի դէպ, պատկերասփիւռային «գրաւի»չ մրցումներ ալ քաջալեր կը հանդիսանան մարդուս համար ոչ կենսական եւ օգտակար տեղեկութեանց կուտակման…)։
Միշտ ալ եղած է դասագիրքերու սեղմ օղակէն անդին անցնող ընթերցելի նիւթերու ովկիանոս մը, որուն հետ հաղորդակցութիւնը արագօրէն կը նահանջէ յիշեալ պայմաններուն բերումով, մարդիկ իրողապէս կ՛անջատուին անցեալէն, տարածք ունեցող (եւ ոչ թէ սեղմ-սեղմող) ներկայէն, ապագան կը դիտեն նեղ խողովակի մը մէջէն, նման այն աստղադիտակին, որ կրնայ մարդուս աչքերը սեւեռել դէպի հեռաւոր անջրպետները, սակայն խափանել անմիջական տեսողութիւնը եւ թոյլ չտալ, որ աստղերը դիտողը տեսնէ զինք գրկող սենեակը, որ կրնայ օժտուած ըլլալ գեղանկարներով ու ակնահաճոյ այլ իրերով։

***

Նշեցինք արդէն, որ նման ախտէ մեր վարակումը կ՛արդարացնենք՝ ըսելով, որ այսօրուան աշխարհը այսպէս է, չենք կրնար նման յորձանուտներու դէմ նաւարկել, լաւագոյն պարագային, պէտք է նաւարկել այս հոսանքին հետ, հոսանքն ի վար, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոր անմիջական ու հեռակայ հետեւանքները։
Հոս ալ ճշմարտութեան բաժին կայ, սակայն պահ մը հարցը դիտենք ազգային մտահոգութեանց անկիւնէն, առանց աչքաթող ընելու աշխարհին ու ամբողջ մարդկութեան պարտադրուած կացութեան առթած ցաւը, որ կրնայ նոր տեսակի մեկնաբանութեան տանիլ բանաստեղծին «սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով» տողը…
Աւելի քան 20 տարի առաջ վերանկախացած մեր հայրենիքը եւ անոր սեւեռող աշխարհատարած հայութիւնը, գլխապտոյտ պատճառող ապահովութեան-ընկերային-տնտեսական ոլորապտոյտներուն զուգահեռ, վարակուած է նաեւ «զանգուածային տգիտութեան» տանող այս ախտով։
Հետեւանքները թուենք ու անցնինք՝ առանց երկար մեկնաբանութեան ու վերլուծումի, որովհետեւ այս մանրամասնութիւնները իրենք զիրենք կը բացատրեն ըստ բաւականին։
Ստեղծուած յորձանուտին մէջ բռնուած սերունդներ, մասնաւորաբար պատանիներ ու երիտասարդներ կ՛անջատուին անցեալէն ու ներկայի շատ մը իրականութիւններէն, ինչ որ կը մթագնէ, բնականաբար, ապագայի հորիզոնները։ Ակամայ տգիտութիւնը իր «հովանին» կը տարածէ մշակոյթի ու ազգային բազում արժէքներու տարածքներէն ներս, հետեւանքը կ՛ըլլայ ազգային դիմագիծի նսեմացում, նօսրացում, հողի ու հայրենիքի արժեզրկում, մինչեւ իսկ «նոր աշխարհի բառամթերքով» վերասահմանում։ Այլ խօսքով, երբ անիրական արժէքները կը գրաւեն իսկականին տեղը, գիտութեան զարգացման ու անոր բիւր բարիքներու այս դարուն՝ զանգուածային տգիտութիւնը կը դառնայ իրողական իշխան, բնական հետեւանքը կ՛ըլլայ անժամանցելի գանձերու եւ արժէքներու իրողական կորուստ։
Չպահուըտինք մեր մատներուն ետին. ի՞նչ կարելի է սպասել սերունդներէ, որոնք ծանօթ չեն մեր ազգային հերոսներուն, մշակոյթը կերտող մեծերուն եւ մեզ պատմութեան ներկայ էջերուն հասցնող տիտաններու իրագործումներուն ու սխրանքներուն։ Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել հայրենիքին ու հայութեան հաւատարմութիւն զարգացնող սերունդներ, որոնք ծանօթ չեն Րաֆֆիներու, Թումանեաններու, Չարենցներու, Վարուժաններու, Սիամանթոներու, տակաւին՝ Արամ Մանուկեաններու, Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու եւ մեր պահանջատիրութեան դիմաց նոր հորիզոններ բացող՝ դեռ երէկի Հայ Դատի գործիչներու գործին ու ժառանգութեան, ու կը հարկադրուին ապրելու միայն այսօրն ու անոր ալ միայն… մէկ շուքը։

***

Արդեօք սահանքը անդառնալի՞ է եւ անյո՞յս։
Բնականաբար ոչ։ Կարեւոր է սակայն, մեր լայնքով ու երկայնքով՝ հայրենիքով եւ սփիւռքով, պետական թէ այլ հեղինակութեանց մակարդակներուն վրայ, իւրաքանչիւր ընտանիքի՛ յարկին տակ անդրադառնալ ստեղծուած յորձանուտին ստեղծած գլխապտոյտին, որդեգրել դարմանումի ազդու միջոցները, առանց երբեք զրկուելու գիտութեան իսկական բարիքներէն, այլ զանոնք դնելով ի սպաս մեր ազգային շահերուն։
Ախտին անդրադառնալը, ինքնին, սկիզբն է դարմանումին, որ երբեք անկարելի չէ, պայմանաւ որ մարդը ըլլայ տիրապետողը իր հնարքներուն պտուղներուն, եւ թոյլ չտայ, որ իր ձեռակերտը դառնայ զինք պատանդ բռնող բռնակալ իշխան։

=========================================================

To the Editor and the Staff
of Asbarez,
continued success
of vital line
of communication
helps to keep our community
together.

The George Ignatius
Foundation

Trustees:
George Phillips, Esq
Michael Amerian, Esq
Walter Karabian, Esq

———————————————————————————-

ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն
ՀԵԴ «Սարդարապատ» Ուխտ
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան»
Պատանեկան Միութիւն
ՀՅԴ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ «Մասիս» Մասնաճիւղ
Համազգայինի Պարոյր Սեւակ Մասնաճիւղ
Էնսինոյի Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն

Լաւագոյն
Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորեն
Շրջանի Հայութեան
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles