Ինչո՛ւ Չեն Մոռցուիր Ստեփան Ալաճաճեան Եւ Սերնդակիցները
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հազուադէպ երեւոյթ չէ, որ անձի մը տարեդարձը տօնուի աշխարհէս անոր անվերադարձ մեկնելէն ետք ալ։ Նման յիշատակումի կ՛արժանանան անոնք, որոնք կերտած են հարուստ վաստակ, ստեղծած են հսկայական ու թանկարժէք ժառանգութիւն, հետեւաբար, մնացողներուս ըսել կու տան, թէ գործ ունինք անմահներու հետ։
Մենք՝ հայերս բացառութիւն չենք։ Ունինք բազմաթիւ անմահներ, որոնց տարեդարձը կը տօնենք վաստակաւորին մահէն տասնամեակներ ու դարեր ետք եւս։ Քաղաքական ու զինուորական մեծերու կողքին, այդ փաղանգին մաս կը կազմեն մեր մշակոյթի կերտիչները՝ արուեստագէտ, գրող թէ ժողովրդային գործիչ։
Հայ անմահներու պանթէոնին շուրջ երկու տարի առաջ միացաւ Ստեփան Ալաճաճեան, որ պատկառելի ժառանգութիւն թողուց մեր գրաւոր մշակոյթի գանձարանին մէջ։ Այսօր, 3 Յունուարը, անոր ծննդեան 90րդ տարեդարձն է։
Գրողին տարեդարձի յիշատակումը կատարելով, չենք յաւակնիր այս սեղմ սիւնակին մէջ լիակատար արժեւորում մը կատարել, այլ կ՛ուզենք պահ մը կանգ առնել անոր վաստակին, ժառանգութեան գլխաւոր գիծերուն, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ անոր ու սերդնակիցներու- դերակատարութեան առջեւ, որովհետեւ բարեբախտաբար ան անապատի մէջ ծաղկած միայնակ ծաղիկ չէր, այլ մասնակից դարձաւ դրօշարշաւի մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկսած էր Խաչատուր Աբովեանով ու արձանագրած էր բազմաթիւ տաղանդներ։
Ստեփան Ալաճաճեան մէկն է այն հազուադէպ հայորդիներէն, որոնք Սփիւռքն ու Հայաստանը մարմնաւորած են իրենց կեանքին ու գործին մէջ, գործ, որ կը կրէ գրականութեան եւ գրականագիտութեան կնիքը։ Անոր կեանքի ճամբորդութիւնը սկսած է Հալէպէն, անցած է Պէրութէն, իսկ երիտասարդութեան առաջին տարիներէն սկսեալ ան ապրած է ու ստեղծագործած, մայր հայրենիքին մէջ։ Տասնամեակներ ետք, պայմաններու (հիմնականին մէջ առողջական) բերումով տեղափոխուած է Լոս Անճելըս, առանց բոլորովին խզուելու մայր հողէն։
Հայաստան մուտքի օրերուն, արդէն ձեռք բերած էր երիտասարդ բանաստեղծի վկայականը, ծանօթ անուն էր Հալէպի ու Պէյրութի մէջ, իսկ կեանքի յաջորդ փուլերուն, անոր մէջ տիրական դարձաւ արձակագիրն ու գրականագէտը, ստեղծագործական կալուածներ, որոնց մէջ աւելի ուշ լայն տեղ բռնեց յուշագրումն ու վաւերագրումը։
Սկզբնական տարիներու բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն յաջորդեց պատմուածքներու եւ վէպերու «դարաշրջանը»։ Մաս կազմեց սերունդի մը, որ խորհրդային տարիներուն, յետ-ստալինեան համեմատաբար բարենպաստ պայմաններուն մէջ, բանալին գտաւ հայութեան ազգային ոգիին վրայէն թօթափելու պարտադրաբար կուտակուած փոշին, վարպետօրէն խուսանաւելով այլապէս բռնատիրական ու միաձեւ մտածելակերպ պահանջող խորխորատներու մէջէն։ Այդ սերունդէն մէկ քանին իրենց կեանքով, կամ կեանքէն խլուած տարիներով վճարեցին յանդգնութեան գինը, ուրիշներ վերապրեցան ու շրջանցեցին սպառնական ալիքները։ Ս. Ալաճաճեանը կարելի է դասել «բախտաւորներէն»։ Եթէ միայն յիշատակենք, որ խորհրդային գրաքննութեան պայմաններուն մէջ ստեղծուեցան եւ հրատարակութեան արժանացան «Եղէգները Չխոնարհուեցին» եւ «Չսպիացած Վէրքեր» անուն հատորները, արդէն վերստին արժեւորած կ՛ըլլանք այս գրողին տեղն ու արժէքը՝ խորհրդահայ բայց ազգային մեր գրականութեան մատենադարանին մէջ։ Պարոյր Սեւակի պէս սերնդակիցներու նման, Ստեփան Ալաճաճեան եղաւ հաւատարիմ ժառանգորդը ոչ միայն մեր դիւցազնական հերոսամարտերուն, այլ նաեւ մեր ազգային մեծ ողբերգութիւնները գեղարուեստով վաւերագրողներէն մէկը հանդիսացաւ, շարունակելով Ստեփան Զօրեաններու, Խաչիկ Դաշտենցներու, ինչո՞ւ չէ նաեւ Գուրգէն Մահարիներու եւ Մկրտիչ Արմէններու ուղին։
20րդ դարու առաջին թէ երկրորդ կէսերու հայութեան կեանքին ու ապրած ողբերգութիւններուն հայելին հանդիսացող այս գրողը, իր յուշագրական ստուար ժառանգութեամբ, հրապարակ եկաւ նաեւ բռնատիրական տարիներու «սպիտակ բիծեր»ը լեցնելու դերակատարութեամբ, հսկայական հում ատաղձ փոխանցելով յիշեալ տարիներու հայրենի մեր կեանքն ու գրող-մտաւորականներու վիճակուած պայմանները ուսումնասիրողներուն։ Կարդալով հայրենի մտաւորականութեան ու գրող-գրականագէտներու կեանքերուն ու տարատեսակ (խորհրդային տարիներուն արտօնեալ) գործունէութեան մասին Ալաճաճեանի յուշագրական էջերը, երէկի ու վաղուան ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ, թէ ինչպիսի մարտահրաւէրներու կուրծք տուած է հայութեան իրա՛ւ մտաւորականութիւնը, մինչդեռ այսօր, համեմատաբար աւելի թոյլատու պայմաններու մէջ, հիմնահարցերու նկատմամբ աւելի տիրապետող դարձած են կրաւորականութիւնն ու ենթարկուածութիւնը. բացառութիւնները չեն բացակայիր…
Մամուլի էջերուն թողած իր ժառանգութեան մէջ, Ալաճաճեան նաեւ մեծարժէք վաւերագրում կատարած է մտաւորականներու այն աշխատանքներուն մասին, որոնք, հակառակ խորհրդային լրտեսական ու կապտող հսկողութեան, մեծ ներդրում արձանագրած են հայութեան պահանջատիրութեան ու Դատին ծանօթացման ու հետապնդման ճամբուն վրայ, Հայաստանն ու հայ միտքը (հոգ չէ թէ շեշտակիօրէն կարմիր գունաւորուած) կամրջելով միջին արեւելեան, եւրոպական թէ այլ երկիրներու մտաւորականութեան հետ։
Տակաւին, կարելի է յիշատակել հայկական շարժապատկերի կալուածին մէջ անոր ներդրումը, Հենրիկ Մալեանի պէս տիտանի մը հետ գործակցութեան ճամբով, գիծ մը՝ որ այլապէս այժմէական թելադրութիւն ունի մեր շարժապատկերի ու պատկերասփիւռի աշխարհը մուրացկանի ու ճախճախուտի վերածող… «նորարարներուն»։
Ալաճաճեանի սերունդին վերագրուած «մեղքեր»ը (որոնք պարտադրուած էին հիմնականին մէջ) կ՛անցնին պատմութեան, ժամանակը կը թօթափէ փոշիները եւ կոթողական ժառանգութիւնը կը մնայ մեզի ու յաջորդ սերունդներուն՝ իբրեւ մէկ մասնիկը մեր գրաւոր մշակոյթի հարստութեան։