ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէնէն անյոյս մարդուն անյուսութեան դժուարաւ կարելի է հաւատալ: Անպայման յոյսի նշոյլ մը կ՛ունենայ ան իր սիրտին մէջ, ինչքան ալ անյուսութեան մատնուի, կամ՝ կորսնցնէ նոյնիսկ ապրելու յոյսը:
Տեսած էք վստահաբար, թէ՝ կեանքէն յուսահատ ու անձնասպանութեան դիմող անձը, երբ կ՛ուզէ տանիքէն վար նետուիլ, ինչքա՛ն կը տատամսի ու հաշուարկներ կը կատարէ նախքան արարքին գործադրութիւնը: Ոմանք նոյնիսկ կը հրաժարին իրենց նպատակէն ու կը յանձնուին իրաւապահ մարմիններուն: Քիչեր միայն արագ որոշում կը կայացնեն, ու այդ արագաշարժութեան մէջ յոյսին առիթ չեն տար իր դերակատարութիւնը ունենալու:
Յոյսը մարդուն ամէնէն իրական սեփականութիւնն է:
Շարժուն թէ անշարժ գոյքի մասին խօսած ատեն, չկայ մարդ, որ անոնց յաւիտենութեան փաստը կարենայ տալ: Ամէն մարդ ալ գիտէ, որ նիւթական բոլոր իրերը, շարժուն թէ անշարժ գոյքերը, միայն մեր կեանքին ընթացքին մեզի պիտի պատկանին: Մեր մահէն ետք անոնք այլեւս մեզի համար գոյութիւն պիտի չունենան: Ճիշդ է, կրնանք զանոնք կտակել մեր զաւակներուն կամ հարազատներուն, սակայն մենք անձնապէս անոնց սեփականատէրը ըլլալէ պիտի դադրինք, երբ մահով հեռանանք այս աշխարհէն:
Միւս կողմէ, շատ պարզ կը տեսնենք, որ նոյնիսկ իրենց կենդանութեան ոմանք կը զրկուին հարստութենէ, կա՛մ գողերու կողմէ ատոնց յափշտակութեան հետեւանքով, եւ կամ ալ սնանկացումի պատճառով: Ուրեմն, մեր կենդանութեան իսկ երբեմն չենք կրնար ամբողջական ոյժով տէր կանգնիլ մեր ստացուածքին: Մահէն ետք թէ՛ հարստութիւնը մեզի համար պիտի չըլլայ, եւ թէ մե՛նք հարստութեան համար ոչնչութեան պիտի վերածուինք:
Մինչեւ այսօր բազմաթիւ կայսրեր ու թագաւորներ, հսկայ հարստութեան տէր մարդիկ, չեն կրցած իրենց ունեցած ամէնէն փոքր գոհարեղէնը իրենց հետ տանիլ միւս աշխարհ: Ճիշդ է, անոնց դագաղին կամ գերեզմանին մէջ իրենց զաւակներն ու մերձաւորները անոնց կողքին ծրարելով դրած են այդ զարդեղէններէն շա՜տ նմոյշներ, սակայն ատոնք բոլորը մնացած են հողին մէջ, ու դարեր ետք հետազօտողներու պեղումներուն ընթացքին ի յայտ գալով, հին աշխարհի հաւատալիքներու ուսումնասիրութեան նիւթ հայթայթած են միայն…
Բայց այդ բոլոր անձերն ալ իրենց ապրած ամբողջ կեանքին ընթացքին, մինչեւ վախճան, վստահաբար ունեցած են իրենց սիրտին մէջ ամէնէն իրական հարստութիւնը՝ յոյսը: Այդ յոյսը նոյնիսկ իրենց գահակալութեան ամէնէն դժուար վայրկեաններուն, պատերազմի դաշտերուն վրայ թէ երկրի ներքին խռովութեանց պարագային, իրենց «գրպան»ին մէջ գտնուած ամէնէն յարգի գանձը եղած է:
Մարդու ընկերային, ընտանեկան թէ անհատական կեանքին մէջ եւս ամէնէն թանկարժէք գանձը յոյսն է: Ազգային կեանքը երբեմն հաւաքաբար դժուարութեան կը մատնուի: Անյուսութեան այդ իրավիճակէն ազգը դուրս բերողը՝ հաւաքական յոյսն է, որ միշտ պէտք է վառ մնայ յատկապէս նոր սերունդի հոգիին ու սիրտին մէջ:
Ընտանեկան կեանքի հիմքը եթէ սէրն է, անկէ աւելի նուազ սիւն մը չէ՛ յոյսը, որուն ամէն վայրկեան կարիքը ունի փոխյարաբերական կեանքով միացած այս փոքրիկ ընկերութիւնը՝ ընտանիքը: Անոր իւրաքանչիւր անդամը միւսին յաջողութեան յոյսով կապուած է ընդհանուրին: Ահա այդ գիտակցութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ գերագոյն այն հրճուանքին, զոր կ՛ունենայ ընտանիքի մէկ անդամը, երբ կը տեսնէ միւս անդամին յառաջդիմութիւնը, արձանագրած յաջողութիւնները եւ տուած արդիւնքը:
Մեզի այնպէս կը թուայ սակայն, որ ամէնէն շատ անհատական մակարդակի վրայ մենք կարիքը ունինք յոյսի: Շատ աւելի սեփական՝ ներքին զգացում է յոյսի զգացումը, քան՝ հաւաքական ու ընդհանրական:
Բարի առաքելութիւն մը ստանձնելու պատրաստուող անձ մը բողոքելով զինք յուսահատեցնող անձին դէմ, դժգոհանքով կ՛ըսէր.
_ Ի՞նչ իրաւունք ունի զիս յուսահատեցնելու:
Ահա պատահական խօսակցութեան ընթացքին արտաբերուած այնպիսի արտայայտութիւն, որուն մէջ բացայայտ կ՛երեւի յոյսին անհատական կամ սեփականաշնորհուած ըլլալը: Այդ սեփականաշնորհումը կատարուած է Արարիչին կողմէ: Իւրաքանչիւր մարդ, որ աշխարհ կու գայ, յոյսի հարստութիւնը իր հոգիին մէջ ծրարուած՝ իբրեւ գերագոյն նուէր կ՛ունենայ իր հետ: Ո՞վ իրաւունք ունի այդ յոյսը վերցնելու անկէ: Ո՛չ ոք: Մարդը ամբողջական տէրն է այդ հարստութեան, որ իր ամէնէն նեղ օրերուն ու վայրկեաններուն կրնայ փրկարար դեր ունենալ իրեն համար, այնպէս ինչպէս մեզմէ շատեր նեղ օրերու համար որոշ գումար ի պահ կը դնեն դրամատուներու մէջ կամ իրենց սեփական տուներուն մէկ անկիւնը: Յոյսը այդ պահ դրուած գումարն է, որուն քանակը միայն իր տիրոջը յայտնի կ՛ըլլայ: Ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ես ինչքա՛ն յոյս ունիմ իմ սիրտիս մէջ, ո՛չ ալ ես կրնամ գիտնալ, թէ դիմացինս ինչքա՛ն յոյս ունի իր սիրտին մէջ: Իւրաքանչիւրին ունեցած այս հարստութիւնը միայն իրե՛ն ծանօթ է: Նաեւ, այնպիսի հարստութիւն է սա, որուն քանակը կրնայ աւելնալ կամ պակսիլ: Սակայն, նիւթական հարստութենէն ասիկա կը տարբերի անով, որ ինչքա՛ն օգտագործենք՝ այնքան աւելի կը բազմանայ…
Յոյսը յուսալո՛վ կը բազմապատկուի:
Յուսա՛ միշտ եւ յոյսդ պիտի աւելնայ: Սակայն, յոյսին պէտք է յաջորդէ գործը. այլապէս միայն երազանքի աշխարհին մէջ կը թեւածէ մարդ: Յոյսը իր մեծ նպաստը կը բերէ՝ սկիզբի մը համար: Այդ գիծին վրայ մեզ դնելէ վերջ, յոյսը իր պարտականութիւնը ամբողջացուցած կ՛ըլլայ ու պահ մը կը հեռանայ մեր մօտէն: Մեզի կը մնայ անոր հասցուցած տեղէն մեր աշխատանքը շարունակել, հասնելու համար մեր նպատակին:
Ուսում, գործի ասպարէզ, ակադեմական կեանք, պաշտօնի ստանձնում եւ բոլոր բնագաւառները մեր կեանքի, կարիքն ունին յոյսին, տեսնելու համար գործին աւարտը: Յոյսը նաեւ ձգտում ու խթան կը դառնայ մեր մէջ, պայծառ տեսնելու համար ապագայի նպատակակէտը:
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի յոյսդ խլելու կամ նոյնիսկ սրտիդ մէջ զայն նուաղեցնելու, այնպէս, ինչպէս միամտօրէն կ՛ըսէր վերոյիշեալ անձը. «Ի՞նչ իրաւունք ունի զիս յուսահատեցնելու»: Յոյսո՛վ նայիր ապագայիդ եւ նպատակակէտդ շատ աւելի պիտի մօտենայ քեզի: