Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Հող Եւ Արհեստագիտութիւն» Ծրագիրին Նուիրուած Ներկայացում

$
0
0

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ ժամանակակից հինգ արուեստագէտեր՝ Չարլի Խաչատուրեան, Արա Օշական, Սամուէլ Սաղաթէլեան, Վաչակ Տէր Սարգիսեան եւ Հերի Որբերեան, պիտի ներկայացնեն անցեալ Հոկտեմբերին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցած Շուշիի Արուեստի ծրագիրի նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Հող եւ արհեստագիտութիւն» իւրայատուկ փառատօնին իրենց մասնակցութեան փորձառութեանց մասին:
Փառատօնին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել ընկերային շարք մը հարցեր՝ միաժամանակ քանդելով միջմշակութային ու համաշխարհային երկխօսութեան առջեւ ցցուած արհեստական խոչընդոտները: Նշեալ փառատօնին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպային, Հայաստանէն ու Արցախէն 20 արուեստագէտներ:
Շուշիի Արուեստի ծրագիրին (Shushi Art Project) յաջորդ գլխաւոր նախաձեռնութիւնը պիտի իրականանայ 2014ին ու ներկայիս ծրագրումի հանգրուանին մէջ է: Անոր հիմնադիրն է արուեստագէտ Հերի Որբերեանը, որ սեփականատէրն էր Փասատինայի «Հոլի Սթրիթ» արուեստի ցուցադրասրահին եւ արուեստ դասաւանդած է «Շամլեան» վարաժարնէն ներս ու այլ արուեստասէրներու: Անոր վերջին անհատական ցուցահանդէսը՝ «The I»ը, տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 2010ին: Մինչեւ վերջերս ան նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնն էր: Ձեւաւորման իր ամէնօրեայ աշխատանքին կողքին, Որբերեան ներկայիս կը պատրաստուի իր յաջորդ ցուցահանդէսին ու կը խմբագրէ «Հող եւ արհեստագիտութիւն» փառատօնի գրքոյկը: Ապրիլ 17ի ձեռնարկը կը հովանաւորուի Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի Արուեստ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ: Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street: Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles