Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լոյս Տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Պուէնոս Այրես, Արմէնիա Փողոց» Խորագիրով Գիրքը

$
0
0

Լոյս տեսաւ հալէպահայ գրագէտ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանի նոր գիրքը՝ «Պուէնոս Այրես-Արմէնիա Փողոց»ը։
«Ինչպէս անունէն ալ յայտնի կը դառնայ, այս գիրքը կը բովանդակէ այն յօդուածները, զորս ան գրի առած էր, երբ 2011 թուականին Պուէնիս Այրես գացած էր, հրաւիրուած ըլլալով որպէս առաջին բանախօս այժմ հանգուցեալ Պետրոս Հաճեանի յոբելենական հանդիսութեան։ Յօդուածաշարքը ատենին հրատարակուած էր «Մարմարա»ի մէջ։ Ի՜նչ մեղք որ այս այցելութենէն հազիւ տարի մը վերջ Պետրոս Հաճեան անակնկալ մահով պիտի բաժնուէր մեզմէ։ Բայց անկէ առաջ Լեւոն Շառոյեան, շնորհիւ իւրայատուկ ուշադրութեան ու հայապահպանման գործերու նկատմամբ իր ունեցած բծախնդրութեան, Պետրոս Հաճեանի առաջնորդութեամբ առիթը ունեցած էր հաղորդուելու Պուէնոս Այրեսի հայկական շունչով, տեսակցութիւններ ունեցած էր զանազաններու հետ, պտոյտներ ըրած էր՝ միշտ իր մորթին վրայ զգալով Պուէնոս Այրեսի մէջ Արմէնիա անունով մկրտուած համեստ փողոցին հարուստ ապրումները», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Գիրքը վկայութիւն մըն է Պուէնոս Այրեսի հայկական կեանքէն, եւ «այդ տեսակէտով կը ծանօթացնէ գաղութ մը, որ մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան շատ ալ ծանօթ գաղութ մը չէ։ «Բայց անկէ առաջ, ինչպէս այս գիրքին համար գրուած ներածականին մէջ ըսած է մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան, այս գիրքը յուշարձան մըն է Պետրոս Հաճեանի կեանքին ու գործին նուիրուած։ Շառոյեանի համար կարեւորը Պուէնոս Այրէսի զբօսաշրջական աշխարհագրութիւնը չէր, այլ հոն ապրուած հայկական կեանքը։ Եւ այս գիրքին մէջ ան կրցած է ցոլացնել այդ կեանքը, նաեւ այն տեղը, զոր ունէր Պետրոս Հաճեան այդ ապրումներուն մէջ», կը յայտնէ «Մարմարա»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles