Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեանը»՝ Գերմաներէնով

$
0
0


Ա. Գ.

«Բակը՝ սեղանին տակ, նստած կը խաղայի, մինչ չափահասներ կը խօսէին հին օրերու մասին եւ կամ կ՛երգէին տխուր բովանդակութեամբ մեղեդիներ… Տղեկը քիչ մը հեռացնէինք, կ՛ըսէր երբեմն մօրաքոյրներէս մին կամ հօրաքոյրներէս մին։ Թող մնա՛, կ՛ըսէր մեծ հայրիկը, մէկը միշտ պիտի մնայ պատմելու համար, հաւանաբար ան պիտի ըլլայ պատմիչը»։
Այս օրերէն շուրջ կէս դար ետք, Վարուժան Ոսկանեան՝ վերը յիշուած մանուկը, մեր աչքերուն առջեւ կը փռէ նուրբ բանուած գորգ մը, որ հիւսուած է հին պատմուածքերով ու պատկերներով։ Ռումանիոյ գաւառի քաղաքներէն Ֆոքշանիի մէջ զիրար կը խաչաձեւէին գաղթական հայերու ճակատագիրները։ Տիրական դէմքն էր միշտ իմաստուն մեծ հայրիկը՝ Կարապետ Ոսկանեան, որուն ձեռքն են այս հրաշալի եւ դաժան դիցավէպին լարերը։
Վարուժան Ոսկանեան ծնեալ 1958ին, Գրայովայի մէջ, իսկ մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը կ՛անցընէ Ֆոքշանի մէջ։ Իբր տնտեսագէտ 2006-2009 Ռումանիոյ ելեւմտական ու տնտեսական նախարար, դարձեալ 2013էն ի վեր նոյն պաշտօնին վրայ )մինչեւ Հոկտեմբեր) պահպանողական քաղաքագէտ՝ մեզ կ՛առաջորդէ դէպի ողբերգական պատմութեամբ հեռաւոր ու օտար աշխարհ մը։
Վէպը կը սկսի անցեալ դարու յիսունական թուականներու վերջաւորութեան Ռումանիոյ Ոքշանի քաղաքէն, ուր պատմիչը բոլորած է իր երիտասարդութիւնը։ Ընթերցողը սկիզբը այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայ թէ կը կարդայ յիշատակներու վերաբերեալ գիրք մը, երբ Ոսկանեան կը նկարագրէ հայոց սովորութիւններն ու յատկանշական կիրարկումները։ Բայց ան կը ներկայացնէ դիցավէպը՝ մահուան եօթը շրջան անցած ժողովուրդի մը։ «Շփիկըլ» պարբերականը զայն կը նկատէ Կապրիէլ Կրսիա Մարքեզի «Հարիւր Տարուան Առանձնութիւն» գիրքին փոխադարձը՝ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի համար։
Վէպը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ ռումաներէնով 2009ին, Պուքրէշի մէջ։ Գերմաներէն թարգմանութիւնը կ՛իրականանայ 2013ին, աւելի քան 500 էջ, Վիեննայի մէջ, հեղինակին պէս Ռումանիա՝ 1952ին, ծնած գերմանացիի մը՝ Էռնէստ Վիհէրի ջանքերով, որ 1975էն ի վեր կ՛ապրի Գերմանիա եւ կը զբաղի ռումանացի հեղինակներու գործերը գերմաներէնի թարգմանելով։

(Քաղուած գիրքի կողքին վրայ տրուած տեղեկութենէն)

«Մարմարա»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles