Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Գիւմրիի Մէջ Կայացաւ «Հայատեացութիւնը Ադրբեջանում» Ռուսերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը

$
0
0

ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Գիւմրի «Սախարովի անուան մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կենտրոն»ին մէջ, Փետրուար 23ին տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւնը Ադրբեջանում» ռուսերէն փաստավաւերագրական գիրքի շնորհահանդէսը, որուն ներկայ եղաւ գիրքի համահեղինակը՝ ատրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան: Ձեռնարկը կազմակերպած էր պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբը:
Աշխատութեան համահեղինակներ Անժելա Էլիպեկովան եւ Արմինէ Ադիբեկեան օգտագործած են միայն պաշտօնական փաստեր եւ յայտարարութիւններ, մէջբերումներ կատարուած են ատրպէյճանական մանկական, գեղարուեստական, ուսումնական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին յայտարարութիւններէն, որոնք բոլորը Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան օրինակներ են: «Նպատակը բոլորին ցոյց տալ է, թէ ովքեր են ատրպէյճանցիները, ինչ դրսեւորումներ կը ցուցաբերէ ատրպէյճանցի հասարակութիւնը, եւ այս առնչութեամբ ինչ խնդիրներ ունինք Հայաստանի մէջ։ Ասիկա պարզապէս ուղեցոյց կարելի է համարել: Ես եւ իմ համահեղինակս, բացարձակապէս ոչ մէկ սեփական կարծիք եւ վերաբերում արտայայտած ենք, գիրքին մէջ միայն փոքրիկ ներածական խօսք կայ, ուր կոչով դիմած ենք հասարակութեան՝ գիրքը կարդալէ ետք զայն առիթ չնկատել ատրպէյճանատեացութեան: Մենք ոչ մէկ պարագայի այդ նպատակը կը հետապնդենք: Գիրքը կ՛արգիլենք նաեւ կարդալ անչափահասներուն եւ թոյլ ջիղեր ունեցող մարդոց», յայտնեց հեղինակը: Խօսելով Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան դրսեւորման մասին՝ Անժելա Էլիպեկովան նշեց, որ ատիկա նոր երեւոյթ չէ եւ չէ ծագած վերջին տարիներուն, այլ աւելի հին հիմեր եւ արմատներ ունեցող երեւոյթ է, ինչ որ գիրքին մէջ կը փաստուի։
Գիրքին մէջ նաեւ ներառուած են հայատեացութիւն արտայայտող ատրպէյճանական հեքիաթներ, ասացուածքներ եւ առածներ:
Կարճ ժամանակի մէջ գիրքը բաւական մեծ արձագանգ գտած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ արտերկրի մէջ: Անիկա լոյս տեսած է պետական աջակցութեամբ: Երկու հազար տպաքանակով լոյս տեսած գիրքը արդէն սպառած է: Անիկա ոչ միայն պիտի վերահրատարակուի պետական միջոցներով, այլ նաեւ պիտի թարգմանուի անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու:
«Այս փաստագրական գիրքի առաւելութիւնն այն է, որ լոյս է տեսել ռուսերէն՝ հասարակութեան աւելի լայն շրջանակներին հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու իրավիճակին: Կարեւորում եմ նաեւ փաստագրական լինելու հանգամանքը՝ հասարակութեանը իրավիճակը փաստերով ներկայացնելու առաւելութիւնը», հանդիպումին ընթացքին նշեց պատմաբան, պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբի նախագահ Լիլիթ Ասոյեանը:
«Շատ կարեւոր եւ հիմնարար աշխատութիւն է: Անշուշտ, շատ լաւ կը լինի, որ գիրքը լոյս տեսնի ե՛ւ անգլերէն, ե՛ւ ֆրանսերէն տարբերակներով: Ուրախ կը լինեմ, որ մեր երկրում տարբեր դեսպանատների միջոցով իրականացուի այս գրքի տարածումը, որովհետեւ միջազգային ասպարէզում շատ քիչ են տեղեկացուած, թէ Ադրբեջանն ինչ քաղաքականութիւն է վարում իր երկրի ներսում», հանդիպման ընթացքին նշեց քաղաքագէտ Գագիկ Համբարեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles