Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
որ դարերու ակունքէն ծնունդ առած է
ու դարերէն որպէս ժառանգ,
հայկեան հողին դրօշակիրը դարձած…
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
որ վկան է պատմութեան
ու այս մեծ աշխարհին մէջ,
ինքնին փոքր աշխարհ մը դարձած։
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
որ կը ներկայացնէ մարդկութեան,
թէ հարիւր տարիներ առաջ
իր նման քանի ծաղկուն քաղաքներ կործանուեցան
ու իր զաւակները
տեղահանուեցան ու նահատակուեցան…
Բայց ծննդավայր իմ սիրելի
խոր վիշտդ կրելով հանդերձ,
լեռներդ կանգուն,
նոյնիսկ գալիք դարերուն դէմ պիտի չկքին,
ծունկի պիտի չգան…
ժայռոտ էութիւնդ
պիտի չընկճուի
ու հզօր կամքդ պիտի չթուլնայ։
Որովհետեւ դուն վկան ես պատմութեան,
որովհետեւ ազգիս մարմնացումն ես
ու անարդարութեան դէմ կանգնած
վիթխարի պարիսպ ես,
բոլորիս սրտին զարկերակն ես
ու անունովդ իսկ ջամբող հզօր լոյս ես։
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
Ես ծնունդ եմ քու հողիդ,
մանուկ աչքերս գրկիդ մէջ ես բացի
կանգուն էութիւնդ ըմբոշխնեցի
հասկնալով իւրաքանչիւր պատգամդ
թէ հայրենիքդ շատ մեծ է,
ազգդ շատ մեծ,
բայց վիշտդ ալ շատ մեծ։
Հայ երիտասարդը կերտեցիր,
երբ լեռներդ բարձրանալով
իւրաքանչիւր քայլի ոյժ կը ներարկէիր
ու ժայռերուդ նման հզօր կամք կը ջամբէիր,
իւրաքանչիւր զաւակիդ ու բոլորին։
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
Պատգամդ Մեծն Տիգրանէն կը սկսի,
Մեծն թագաւորութիւնը Կիլիկիոյ
սրտովդ կը բաբախէ
ու ճանապարհդ կը տանի մինչեւ
Մուսայ լեռ, Մուշ, Սասուն, Վան…
առանց վհատելու,
առանց ընկրկելու…
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
որ կրկին վիշտ տեսաւ
ու կրկին տեսաւ աւեր,
բայց որպէս վկայ այս անարդար պատմութեան
կրկին պիտի կանգնի
ու ապացոյցը պիտի դառնայ,
թէ այս անգամ պատմութիւնը
իր դառն էջը պիտի չկրկնէ։
Ես զաւակն եմ քու հողիդ,
Ես ծնունդ եմ քու հողիդ,
Մենք զաւակներն ենք քու հողիդ
Սիրելի ՔԵՍԱՊ։
ՍԵՒԱՆ ՀԱՆԷՇԵԱՆ-ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ