


ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Մայիս 16ի երեկոյեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ մշակութային կեդրոնը ժամադրավայրը եղաւ Հայ Դատի համակիրներուն, որոնք եկած էին գործնականապէս նեցուկ կանգնելու 2014ի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի թելեթոնին:
Ձեռնարկի հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր բարերար Ալեքս Քարապաճաքեան՝ ի մի բերելով շրջանին մէջ վերջերս զգալի աճ արձանագրած հայութիւնը, ներառեալ՝ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութիւնը, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ յարակից մարմինները, ՀՕՄը եւ ՀՄԸՄը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան՝ լուսարձակի տակ առնելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ անոր կազմակերպած թելեթոնին աջակցելու կոչ ընելով բոլորին:
Օրուան հիւր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը՝ դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ, միաժամանակ շեշտելով կամաւոր գործիչներուն տարած աշխատանքին կենսական կարեւորութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին ցուցաբերած օժանդակութիւններուն համար:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀԵԴի երկարամեայ ղեկավարներէն Գառնի Արմէնեան, Սփիւռքի հզօրութիւնը կապելով Հայաստանի եւ Արցախի հզօրութեան, միաժամանակ՝ շեշտելով, թէ իւրաքանչիւրս պարտականութիւն ունի Հայ Դատի պայքարին մէջ:
Աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնանց օժանդակ մարմինը հիւրասիրեց ներկաները:
Հայ Դատի թելեթոնը պիտի սփռուի Յունիս 1ին, կ.ե. ժամը 3էն 9:
Մանրամասնութեանց համար, այցելել www.ancatelethon.org կայքը: