Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ-Զոյգ Հատորներու Եւ Հաւատքի Մարդու Մը Մասին*

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մասին խօսիլ՝ կը նշանակէ բախել ամէն օր քիչ մը աւելի փակուող դռներ: Սփիւռքածին առաջին սերունդի տիպար էր: Սերունդ, որ կը ձգտէր, առանց ձեւականութեան, ինքզինք իրականացնել ազգային համաստեղութեան մէջ, առանց հռետորական հնչեղութեան: Մարդիկ բնական կերպով հայ էին, «ծագումով հայ» չէին:
Այն օրերուն արդէն ոմանք թեքած էին դէպի ոլորապտոյտները օտարման՝ ազգի աւազանը նեղ գտնելով, վասն յաջողութեան եւ փառքի՝ այլ տեղեր լարած էին իրենց վրանները: Քաղքենիացումը եւ հոգիներու գաղութացումը սկսած էր: Անոնց նկատմամբ կը շարունակենք հիացում մշակել՝ աղքատ ազգականի հոգեբանութեամբ, օրինակ, օտարագիրներու, բարդոյթ, այնքան ուժեղ թիւր ըմբռնուած ինքնահաստատման թափահարումներ, որոնք չեն կոչուած ազգի մշակոյթը հարստացնելու եւ ազգ պահպանելու: Ընդհակառակն, կ՛ընդունուին, հոգիներու աւեր գործած են եւ կը գործեն: Հետզհետէ շեշտուող նահանջականութեան ընթացք մը:
Արտաշէսին հետ աշխատած ենք 1958-1961 տարիներուն, Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուսուցիչ էինք: Կը դասաւանդէր պատմութիւն, գրաբար, պատմութիւն եւ մատենագրութիւն, այն օրերուն ալ ապերախտ դարձող նիւթեր: Աշակերտները դժկամութեամբ կը հետեւէին այդ նիւթերու դասաւանդութեան, քանի որ շրջապատին մերուելու ընթացքը թափով սկսած էր, եւ ինչպէս այսօր, մարդոց ուշադրութեան առարկայ էին հայերէնէ եւ հայագիտական նիւթերէ տարբեր բոլոր առարկաները, որոնք կեանքի մէջ յաջողութեան դռները պիտի բանային: Բայց իրեն եւ իր սերունդէն շատերու համար հայերէնի, հայագիտական առարկաներու ուսուցումը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթը առաքելութիւն էին: Հալէպի երեք տարիներէն ետք Պէյրութի մէջ շարունակեց գործել, մինչեւ…
Մարդը ինքնուրոյն էր այն օրերուն ալ, անցօղիկը եւ հրավառութիւնները իր հետաքրքրութիւններէն հեռու էին: Ընկերային եւ յարաբերական կեանքին տրամադրելիք ժամանակ չունէր: Կարծէք՝ ժամանակին հետ վազքի մէջ էր:
Զոյգ հատորներու մասնագիտական վերլուծումը պիտի ընէ անոնց ուշադիր խմբագիրը, Կարօ Յովհաննէսեան:
Ընթերցողի տպաւորութիւններս:
Հայերէնը հարկ էր յարգել, որպէսզի ան մնար ստեղծագործական լեզու, գործիքներ պէտք էին: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան պատրաստեց ուղղագրութեան գիրք, կատարեց բառարանագիտական մրջիւնի աշխատանք: Երկու խօսքով ըսուած՝ այս գործերը օրերու եւ տարիներու տքնաջան նուիրում կը պահանջեն: Երբեմն այդ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել նորերուն, որպէսզի դիրքերը դատարկ չմնան, օրինակը ըլլայ ներշնչող: Աւելի՛ն. որպէսզի գիրքերը գտնուին մեր գրասեղաններուն վրայ, նաեւ՝ մեր տան անդամներուն:
Ուղղագրութեան ձեռնարկ պատրաստել նպատակային էր այդ օրերուն եւ է այսօր: Շատեր կը խորհին, որ մեր ուղղագրութիւնը դժուար է, հարկ է պարզացնել, զայն բերել մեր անգիտութեան չափերուն, փոխանակ տէր կանգնելու մեր ազգային մեծագոյն ժառանգութեան, ինչպէս ըսած է Շաւարշ Նարդունի՝ զայն կոչելով ոսկեղնիկ: Մէկ հատիկ փաստ պէտք է տալ, թէ ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի ուղղագրութիւնները աւելի պարզ են, բայց կը սորվինք, շահախնդրուածութեամբ: Եթէ ունենանք մեր ինքնութեան անսեթեւեթ գիտակցութիւնը, պճեղ մըն ալ՝ պատկանելիութեան հպարտութիւն, բծախնդրօրէն կը կիրարկենք ոսկեղնիկի ուղղագրութիւնը՝ մերժելով սխալագրութիւնները: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան եւ ուրիշներ ընձեռած են գործիքը, որ ուսուցչական-դաստիարակչական գործի շարունակութիւն է, նաեւ անոնց համար, որոնք դպրոցական տարիքէ ետք կ՛ըլլան չափահաս եւ մայրենին մառան չեն դներ:
Ինքզինք որպէս այդպիսին չխոստովանող քաղքենիի եւ «էսթէպլիշմընթային» կեղծիքը յաղթահարելով, ինչո՞ւ չբանանք ուղղագրութեան գիրքի մը կամ բառարանի մը էջերը: Ոգեկոչել մշակոյթի գործիչ մը ոչինչ կ՛աւելցնէ անոր հանդէպ մեր ունեցած գնահատանքին վրայ, եթէ անոր միտքի լոյսով մեզի հասած գիրքերը մաս չկազմեն մեր առօրեային, որ բովանդակութիւն ունեցող վաղուան երաշխիք է, կարգախօսներէ եւ դիրքապաշտութիւններէ անդին: Հեղինակները կ՛ապրին այդ գիրքերուն մէջ:
Այս երախտաշատ աշխատանքը կատարած են եւ կը կատարեն ուրիշներ ալ: Բարեբախտաբա՛ր: Գնահատելի՝ արդիականացման եւ վերանորոգման համար: Շատերուն ծանօթ է ֆրանսական «Լարուս» բառարանը, որ ամէն տարի կը հրատարակուի, ակադեմիային կողմէ ընդունուած եւ նոր բառերով, եւ վերամուտին կը գտնուի գրատուներու եւ վաճառատուներու մէջ: Եթէ գիտնանք բառարանի արժէքը, զայն գործածենք, ան չմնայ գրադարանի մը անկիւնը, գաղտնի պահուող իրի մը պէս, մենք ալ օր մը կը հասնինք վերանորոգուած եւ լրացուած բառարաններու վերահրատարակութեան, երախտաւորներու գործը ապակեդարանի գեղօր չըլլար: Այդ ընելու համար մայրենիի հարազատութեան կապուած սերունդ եւ զանգուած պէտք է, որ այսօր աստիճանաբար կը կծկուի: Ըսի՝ զանգուած, չըսի՝ ընտրանի, քանի որ լեզուները կ՛ապրին ժողովուրդով:
Նման հարցերու մասին երբ կը խօսիմ, կը մտաբերեմ աւելի քան կէս դար առաջ ըսուած Շաւարշ Միսաքեանի այնքա՜ն պատկերազարդ խօսքը՝ գործածուող եւ խեղճացող հայերէնի մասին. «Հաց պանիրի հայերէն»… Մենք մեզի հարց տանք, թէ այսօր խօսուած հայերէնը չէ՞ գլտորած դէպի այդ նահանջական սահմանները… Եւ նման հայերէնը ո՛չ ուղղագրութեան գիրքի պէտք ունի, ո՛չ բառարանի: «Հաց պանիրի հայերէն»ը այսօր ալ կը մղէ շատերը ըսելու, որ պա՛րզ գրեցէք, դժուար բառեր մի՛ գործածէք… Իսկ գործնականութեան ասպետները աշխարհի բոլոր լեզուներէն բառեր փոխ առնելով՝ նորահայերէն կը ստեղծեն: Պարտուածի «էսփերանթօ»…
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին մշակութական հիմնական գործը եղաւ հայ մամուլի հաւաքումը եւ ցանկագրումը, մատենագիտութիւնը, որպէս վկայութիւն այն մասին, որ յառաջադէմ ժողովուրդներուն պէս, մենք թերթ կը հրատարակէինք մեր հիացման առարկայ շատերէն առաջ: Թերթ եւ տպարան ունէինք, երբ ուրիշներ դեռ տեղքայլ կ՛ընէին բանաւոր կամ ձեռագիր հաղորդակցութեան սահմաններէն ներս: Այդ մամուլը մեր ժողովուրդի պատկերով էր, այսօր ալ այդպէս է, այսինքն՝ տարտղնուած հեռու եւ մօտ տեղեր: Այդ տարտղնուած մամուլի հաւաքման աշխատանքը ինծի կը յիշեցնէ Մահաթմա Կանտիի միտքը, որ կ՛ըսէ, թէ՝ «ճիգին մէջ է, որ կը գտնենք բաւարարութիւնը եւ ոչ՝ յաջողութեան: Լիակատար ճիգ մը լիակատար յաղթանակ մըն է»:

Արդարեւ, մամուլի հաւաքման եւ անոր համայնապատկերի կազմութիւնը զանգուածներու գլխուն վրայէն կ՛անցնի, կը հետաքրքրէ փոքրամասնութիւն մը, այն, որ հայ մշակոյթի ազգապահպան դերին կը հետեւի, զայն կը պահէ առաջնահերթութիւններու շարքին, հրավառութիւններէ եւ իմաստէ դատարկուող կարգախօսներէ անդին:
Փակագիծի մէջ խոստովանութիւն մը ընենք. մեր ժողովուրդին ո՞ր տոկոսը ներկայի մամուլով կը հետաքրքրուի, ընթերցող է, որ հետաքրքրուի նաեւ մամուլի պատմութեամբ: «Ղեկավարում»ի, «ազգային գաղափարախօսութեան» եւ «հեռանկար»ի բացակայութեան հարցեր ունինք, անոնց բացը միշտ փորձած են գոցել հաւատաւորներ, անոնք անմիջականի չեն սպասարկած, ծառայած են հեռանկարի: Առանց փոխադարձութեան ակնկալութեան: Ինչ որ մտածելու չէ մղած որոշողները, ի կեանս գնահատելու, յետ մահու առատաբան խօսք շռայլելու փոխարէն: Եթէ ի կեանս ըստ արժանւոյն գնահատուէին, գնահատուին միտքի աշխատաւորները, անոնց ժառանգութիւնը այլապէս ծաւալ, տարողութիւն եւ արժէք կ՛ունենայ: Ա՛յս՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ: Միտքի աշխատաւորները կը յամենան սիրողականի սահմաններուն մէջ: Այսինքն անոնց կը պակսին նիւթական միջոցներ: Պիտի գա՞յ օրը, որ ազգովին լսենք Յակոբ Օշականի կտակ-խօսքը, որ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք թող մեկնաբանէ…
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գործին լայնօրէն պիտի անդրադառնայ իր գիրքերը հրատարակութեան բծախնդրօրէն պատրաստած Կարօ Յովհաննէսեան: Անոր կենդանագիրը գէթ ուրուագծային կերպով ամբողջացնելու համար ես ինծի թոյլ պիտի տամ արագ թռիչքով մը շրջիլ էջերու վրայէն, ուր կեանք մը կայ, եւ այդ կեանքն է, որ կը տեւէ, ներկայ է հոս: Կը յիշէ՞ք Սիմոն Զաւարեանը, որ պատգամեց, թէ՝ «գործն է միայն կենդանի»: Ներկայացուող զոյգ հատորները այդ կ՛ըսեն:
Այս հատորները պիտի ծառայեն պրպտում ընողներուն: Բայց նաեւ համեստ ընթերցողը, շարքային ընթերցողը, քիչ մը ճիգով երբ դարձնէ էջերը, հպարտութիւն կը նուաճէ՝ մասնակից դառնալով հայ տպագրութեամբ սկսած ինքնատիպ արկածախնդրութեան: Մեծ անուններու ետին զգալով սեւ աշխատանքի հերոսները՝ Յակոբ Մեղապարտ, Աբգար Դպիր, Յովհաննէս Տէրզնցի եւ ուրիշներ, բայց նաեւ՝ գիրերը պատրաստողներ եւ ձուլողներ: Գիրքեր՝ տպագրուած աստ եւ անդ, Իտալիա, Մարսէյ, բայց նաեւ՝ Ամսթերտամ: Կրնաք մտածել, ուրկէ՜ ո՜ւր, ինչպէ՞ս եւ ո՞ր տրամաբանութեամբ: Բայց նաեւ՝ Շուշի, Երուսաղէմ: Շուշի՝ 1828ին:
Քաղաքական երթեւեկ. կ՛ակնարկեմ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, որոնք բարոյականութեամբ պարտին ճշդել հողին տիրութիւնը… մշակոյթի արմատներով: Տպագրութիւն եւ գիրք, երբ եկուորներ վաչկատուն էին: Հայ գիրքի տպագրութեան վայրերը հայոց պատմութիւն են: Հարկ է ծանօթանալ ոչ թէ մասնագէտ ըլլալու համար, այլ՝ հակահռետորական պատգամ լսելու:
Խօսելէ առաջ հայ մամուլի մատենագիտութեան մասին, հետաքրքրական է կարգ մը հայ գրողներու եւ դէմքերու գործերուն մատենագիտական ծանօթացումը: Եթէ փորձուինք կարդալ, օրինակ, Ռուբէն Զարդարեանի մատենագիտութիւնը, հայ գիրքի պատմութեան հետ կը սորվինք ընդհանրապէս պատմութիւն, հայ կրթական կեանքի պատմութիւն, դասագիրքերու պատմութիւն: Կը պատահի՞, որ ուսուցիչներ բանան հայերէնի դասագիրք «Մեղրագէտ»ները… Ընթերցման փորձութիւն ունեցողը կը ծանօթանայ Ռուբէն Զարդարեանի գրականութեան եւ հրապարակագրութեան, ստեղծագործական ծաւալուն ժառանգութեան: Նաեւ՝ Դանիէլ Վարուժան, Կոմիտաս: Յիշուած անուններէն շատեր՝ զոհ Հայոց Ցեղասպանութեան, երեսուն տարեկան, քառասուն տարեկան:
Կը տողանցեն անուններ: Հին, նոր: Կը նշանակէ, որ հայուն ստեղծագործ աւիշը չէ ցամքած՝ հակառակ շեշտուող տեղատուութիւններուն:
Յիշեմ նաեւ Լեւոն Շանթի մատենագիտութիւնը: Այդ աշխատանքը կ՛ըսէ, որ Լեւոն Շանթ բաժակաճառային անուն մը չէ, այլ՝ ժողովուրդի մը հոգեմտաւոր ժառանգութեան գանձարանը:
Թերեւս քանի մը անգամ պէտք է կրկնել, որ «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորը ուղեցոյց է ապրող եւ ապագայ պրպտողներուն: Այս տեսանկիւնէն պէտք է արժեւորել գիրքը, 422 էջերով բացուած պատուհան մը:
«Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» հատորը այժմէական է: Աշխարհասփիւռ հայութեան համար մամուլը շնչառական թոք է:
Կարօ Յովհաննէսեան կը մէջբերէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կարծիքը հայ մամուլին մասին, որ ինքնին գաղափարախօսութիւն է: Կը թելադրուի այն միտքը, որ մամուլին առաջադրանքն է «պատրաստել մարդը, էապէս եսասէր եւ եսապաշտ մարդը դարձնել ընկերասէր, այլասէր, ընկերութեան սպասարկու անհատ», ապագայ կը ճշդէ, որ ան նոյնքան կարեւոր դերի կոչուած է, որքան՝ դպրոցը եւ եկեղեցին: Պարզ չէ՞ միթէ, որ մամուլը դաստիարակիչ դեր ունի չափահասութեան տարիքէն մինչեւ խոր ծերութիւն: Կամ պէտք է ունենայ…
«Լրագրութեան ծագումն ու զարգացումը, յամառօտ տեսութիւն» գլխուն տակ հեղինակը կը դառնայ մամուլի պատմաբան: Կը պատմէ՝ առանց յոգնեցնելու: Նոյնիսկ աշակերտներու կարելի է թելադրել ընթերցումը: Հռոմէն մինչեւ մեր օրերը, այսինքն՝ տպագրուած մամուլը:
Քաղաքականապէս եւ մշակութապէս ինը հզօր երկիրներէ ետք հայը կը հրատարակէ լրագիր: Տասներորդն ենք: Առաջնագոյններու շարքին: Յիշեցում՝ ստորակայութեան բարդոյթէ տառապողներուն:
1794ին Մատրասի մէջ լոյս կը տեսնէ առաջին հայ լրագիր «Ազդարար»ը, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի խմբագրութեամբ: Նոր սերունդին պէտք է ըսել այս: Եւ անկէ ի վեր հրատարակուած են բազմաթիւ թերթեր, զանազան ձեւերով: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան գնահատումներ կ՛ընէ, երբ կը խօսի Սփիւռքի մամուլի ոչ մասնագիտական բնոյթին մասին, այսինքն ան կ՛անդրադառնայ հայ կեանքի բոլոր երեսներուն՝ քաղաքական, եկեղեցական, կրթական, մշակութային: Կու տայ նաեւ թիւեր՝ անցեալի եւ ներկայի, որոնք ապշեցուցիչ են, երբ նկատի կ՛ունենանք մեր հաւաքականութիւնները, անոնց տարտղնումը եւ միջոցները:
Իր անուան կապուած պիտի մնան հայ մամուլի ցուցահանդէսները, որոնք ուշագրաւ, նշանակալից եւ դաստիարակիչ եղան: Կարելի կ՛ըլլա՞յ վերսկսիլ… Այս աշխատանքին համար ան իր ետին չունեցաւ պետական նեցուկ եւ յատկացումներ: Այս պատճառով ալ պէտք է գնահատել անձը, անոր նուիրումը, ազգային եւ մշակութային արտակարգ եւ օրինակելի գիտակցութիւնը:
Կը դարձնէք էջերը, հայ մամուլի պատմութեան քայլերով կը շրջինք մոլորակի հեռուն եւ մօտը, հինգ ցամաքամասերը: Նաեւ՝ ներազգային կեանքի շերտերը, եկեղեցի, կրթութիւն, մշակոյթ, մարզական եւ քաղաքական կեանք: Յեղափոխական աշխատանքի համար մամուլ էր պէտք, յեղափոխութիւնները եղած են նաեւ մամուլով, եւ ինչե՜ր կը պատմէ մատենագիտութիւնը: Եթէ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան դեռ ապրէր, թերեւս պիտի յայտնաբերէր, որ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռներու վրայ ալ թերթ հրատարակող հայ խենթեր եղած են…
Հետաքրքրական է իմանալ, որ առաջին թերթի՝ «Ազդարար»ի լեզուն գրաբար էր, քահանան եւ իր օգնականները չէին տիրապետէր հայերէնին: Մեր օրերուն ալ, մանաւանդ համացանցային, հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային հայերէն լրատուական կայքերու հայերէնը ընդհանրապէս, նոյն ախտէն կը տառապի, եւ ոչ ոք կ՛անհանգստանայ:
Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կ՛անդրադառնայ մեր մամուլի այլազան պիտակներուն եւ ծիածանային գոյներուն: Ասոր համար է, որ մատենագիտական այս աշխատանքը պատմութիւն է, որ կը պատմէ մեր կեանքը՝ ինչպէս որ է:
Մեծ մասնագէտ կամ պատմաբան ըլլալը պայման չէ այս զոյգ հատորներուն մէջ շրջելու համար: Նման «արշաւանք» կը բանայ ինքնաճանաչման, ազգային գիտակցութեան եւ, ինչո՞ւ չըսել, հպարտութեան դռները:
Մանաւանդ աշխարհացրիւ ժողովուրդի մը ապրելու, ստեղծելու, տոկալու եւ տեւելու կամքի օրագրութիւնն է իր մամուլը, ճակատագրին պատմութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն:
Այս զոյգ հատորները, իրենց ձեւով, առանց ամպագորգոռ ճառի, կը սպասարկեն հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Այս տիտանեան աշխատանքը պէտք չէ որ այս հատորներով կանգ առնէ, այլ ըլլան շարունակողներ եւ լրացնողներ՝ նկատի առնելով ներկայ եւ մանաւանդ գալիք թուայնացող մամուլը: Ինչո՞ւ ոչ՝ նաե՛ւ ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային խօսքը:
Զոյգ հատորներու մասնագիտական երեւոյթը եւ ծաւալը պէտք չէ սարսափեցնեն, պէտք չէ ըսել՝ մեզի համար չէ: Կարդալ, երբեմն փակել գիրքը եւ երեւակայել: Ինչե՜ր պիտի տեսնենք եւ թերեւս ալ հասկնանք՝ վաղուան համար: Հայերէն գիրքը տուն տանելու ազնիւ սովորութեան կանչին պէտք է արձագանգել:
Հայերէնով գանձ են մեր գիրքերը եւ մամուլը: Հայրենի գրող մը՝ Հայկ Խաչատրեան, օտարախօսութեան դէմ ծառացած իր «Արտաշէս» պատմավէպին մէջ կը գրէր. «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի՝ հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկիրի եզրերը կ՛աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»:
Հայերէն գիրքի էականութեան իմաստունը եղած է Վիգէն Խեչումեան: Ո՞վ կը յիշէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), «Գիրք Գրոց»ը եւ «Գիրք Լինելութեան»ը, երբ մեր հոգիները ծախած ենք օտարագիր գիրքին եւ գրականութեան, ոչ թէ ստեղծագործական հպարտութեան համար, այլ՝ նահանջի եւ սնափառութեան:
Հայերէնի ստեղծագործական աշխարհին սահմանապահը եղաւ խելացի մրջիւն Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, իր անուանակից Արտաշէս արքային եւ Վիգէն Խեչումեանին պէս, որ կը գրէ, թէ հայ վաճառականները ձէթ տուին հայոց պատմութիւն գրողին՝ Աւետիքին, ըսին, որ՝ «գիրքը ձէթով կը գրուի»… Ձէթը՝ ի կեանս…
Գրական պատկեր չէ. տօնախմբութենէ եւ ծափերէ անդին, այս զոյգ հատորները՝ մարմարէն աւելի ապրելու կոչուած մերօրեայ եւ գալիքի մագաղաթներ…

24 Փետրուար-14 Մարտ 2014, Նուազի լը Կրան – Պուրճ Համուտ

* Խօսուած՝ 20 Մարտ 2014ին, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի աշխատանքին նուիրուած զոյգ հատորներու հանդիսաւոր ներկայացման ձեռնարկին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles