Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Համա-ՀՄԸՄական 10րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին

$
0
0

ԲԻՒՐԱԿԱՆ.- 10 օրեր Արագածի լանջերուն՝ Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 Օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄական 10րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ՝ հաղորդակից դառնալով հայրենի օդին եւ ջուրին հետ եւ իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին նկատմամբ:
Բանակումի վերջին օրը ընթացք առաւ շրջաններուն միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով: Յետմիջօրէի ժամը 5էն ետք, Երեւան գտնուող ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին բանակավայր, ուր ներկայ գտնուեցան փակման պաշտօնական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30ին: Բանակումին մասնակիցները տողանցքով մուտք գործեցին նորակառոյց բանակավայր: Փակման հանդիսութեան ներկայ էին Արագածոտնի փոխմարզպետ Մուշեղ Աբգարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամները:
Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան արժեւորելէ ետք Արարատեան կարգի աշխատանքները, այդ կարգի դասընթացքին մասնակիցները հրաւիրեց ստանալու իրենց կարգերը՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ձեռամբ:
Ապա կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում՝ շրջաններու պատուիրակութիւնները գլխաւորողներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան բանակումի խմբապետական կազմի անդամներուն:
Կարպիս Գապասագալեան յիշատակեց Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ եւ բազմամեայ անդամ Միհրան Շիմշիրեանի կորուստը, եւ իր անուան մրցանակը յանձնուեցաւ բանակումի քայլերգի հեղինակ Կարինէ Սիսեռեանին:
Ելոյթներ ունեցան Արագածոտնի մարզի փոխմարզպետը, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Օշին Փիրումեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որոնք շեշտեցին Համա-ՀՄԸՄական բանակումներուն միջոցով հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ եկած երիտասարդներուն միջեւ կապուածութեան ամրապնդման իրողութիւնը:
Աւարտին դրօշները վար առնուեցան՝ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ, չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով: Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան բանակումի դրօշը փոխանցեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեանին, որ պաշտօնապէս յայտարարեց բանակումին փակումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles