ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2011ին, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ֆոնտին, Կիլիկիոյ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանը լոյս ընծայեց սփիւռքահայ ծանօթ բժիշկ եւ մեր ազգային կեանքէն ներս իր գործօն եւ բեղուն մասնակցութիւնը բերող Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորը: Յիշենք, որ 2000 թուականին, բժիշկ Հարպոյեան լոյս ընծայած էր իր առաջին հատորը՝ «Բժիշկին Խօսքը» խորագիրով:
Այս նուիրեալ հայուն այս նոր հրատարակութիւնը բաղկացած է 360 էջերէ եւ 7 բաժիններէ, կամ, ինչպէս ինք անուանած է՝ գլուխներէ: Յիշեցնելու կարգով պէտք է նաեւ ըսել, թէ իրեն յատուկ տրամադրուած բաժինին մէջ, յօդուածագիր բժիշկը հայ մամուլի հաւատարիմ ընթերցողին ամէն առիթով հրամցուցած է իր փորձառութենէն եւ գիտութենէն ծնունդ առած թելադրանքներ, յորդորներ, հիւանդութիւններու մատնանշումներ:
Հատորին սկիզբը նախ հեղինակը երախտագիտական եւ շնորհակալական իր զգացումները յայտնած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, անոր օրհնաբեր օժանդակութեան եւ հայրական քաջալերանքին համար:
Դարձեալ իբրեւ երախտագիտութիւն՝ կարգով յիշած է բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի անունը, որ սիրայօժար կատարած է այս հատորի խմբագրական աշխատանքները եւ գրած «Յառաջաբան»ը, ապա՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի Յասմիկ Նաճարեանը, որ կատարած է հատորի լեզուական սրբագրութիւնները, իսկ վերջաւորութեան՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնն ու անոր Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը, հատորի մեկենասի պատիւը ստանձնելուն համար:
Գիրքի կողքին համար հեղինակը օգտագործած է իր առաջին հատորի կողքի գծանկարը, որ պատրաստուած էր ողբացեալ Վազգէն Թիւթիւնճեանի կողմէ:
Բժիշկ Հարպոյեան շեշտած է, թէ այս երկը ձօնուած է «1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած բոլոր հայ բժիշկներուն»:
Հրաշալի եւ արժանի յիշատակութիւն:
Առաւել, իբրեւ հատորի մուտք, հեղինակը իր յատուկ խօսքի բաժինին մէջ պարզած է, թէ իր երկու հատորներուն «նպատակը եւ թիրախը կը մնան նոյնը՝ պատրաստուած ժողովուրդին համար»: Ապա աւելցուցած է, թէ ինք իբրեւ բժիշկ, իր գրութիւններով ուզած է մեր ժողովուրդին փոխանցել բժշկական եւ առողջապահական գիտելիքներ ու թելադրանքներ:
Խօսելով այս հատորին մասին, որ հեղինակին իսկ խօսքով՝ «համեստ աշխատասիրութիւն» մըն է, ըսենք, որ անիկա կը բովանդակէ 57 բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներ: Այլ խօսքով, մեր կեանքի ընթացքին դիմագրաւած հիւանդութիւններն ու անոնց դէմ պայքարը եղած են հեղինակի գրիչին հարազատ աղբիւրը:
Ինծի համար, կենդանի գործ մըն է, որ տարուած է հոս: Նուիրական եւ նոյնքան օգտաշատ ու անշահախնդիր, միշտ հաւատարիմ, գիտական ճշմարտութիւններուն գիտակից՝ մարդկային տառապանքին եւ յատկապէս անոր ճակատագրուած հիւանդութիւններուն: Պիտի ըսէի՝ ընդհանրական բարիք մըն է, որ յանկարծ տարաւ զիս անցեալ դարու յիսունական թուականներուն, երբ մեր տան մէջ, տակաւին նախակրթարանի աշակերտ՝ «աչքէ կ՛անցնէի» Ֆրանսայէն հօրեղբօրս ուղարկած Շ. Նարդունիի «Հայ Բոյժ»ը, ապա Ճեմարանի գրասեղաններէն կը ծանօթանայի Ռուբէն Սեւակի «Բժիշկի Գիրքէն Փրցուած Էջեր»ուն, որոնք գրականութիւն կը բուրէին, իսկ որոշ շրջան մը ետք՝ Պէյրութէն հասած «Բժիշկ» ամսաթերթ-պարբերաթերթը. յստակ չեմ յիշեր: Հիմա, այս մէկը՝ «Բժիշկին Բ. Խօսքը», որ կարծես իրական կամ որոշ բաց մը ամբողջացնելու օգտաշատ եւ լաւագոյն որդեգրում մըն է:
Հատորի յառաջաբանին մէջ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան յստակօրէն իր միտքը պարզելով՝ բացայայտած է, թէ այս եւ նախորդ հատորին միջեւ արդէն իսկ տասը տարիներ անցած են, եւ բժիշկ Հարպոյեան շարունակած է իր ընթերցողները տեղեակ պահել առողջապահական յառաջդիմութիւններու մասին: Ապա մանրամասնած է այս մէկուն բովանդակութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, բժիշկ Տէր Գալուստեան հաստատած է, թէ «Սփիւռքահայ ազգային կեանքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած ըլլալով, բժիշկ Հարպոյեան իրազեկ է մեր ազգային ընդհանրական մտահոգութիւններուն»:
«Նախկին հատորին նման, կը յուսամ, որ «Բժիշկի Բ. Խօսքը» գիրքն ալ ըլլայ օգտակար ներկայութիւն մը հայ ընտանեկան յարկերէն ներս, ոչ միայն իր հետաքրքրական ու օգտակար տեղեկութիւններով, այլեւ՝ իր հիմնական սկզբունքներու եւ որոշ ազգային կեցուածքներ փոխանցող ոգիով», իր խօսքը ամբողջացուցած է Տէր Գալուստեան:
Այլ խօսքով, թելադրանք մը՝ մօտէն հետեւելու մեր կեանքի թանկագին օրէնքին, որն է՝ պահել ֆիզիքական մեր առողջութիւնը՝ պայքարելով մեր կեանքի ապերախտ պայմաններուն դէմ:
Պէտք է ըսել, թէ հատորը նոր մուտք մըն է մեր գրականութեան կալուածէն ներս: Ուստի, ինծի համար նոյնքան ծափահարելի է: Հոս լոյսի բերուած են ախտեր, հիւանդութիւններ, համոզումներ, դարմանումի միջոցներ, կեցուածքներ՝ մեր կեանքին հետ առնչուող հիմնական եւ շատ յաճախ տագնապալի երեւոյթներու մասին: Այսպէս, սկսելով հատորի առաջին բաժինէն, որ իբրեւ խորագիր կը կրէ «Հայ Դպրութիւնը Հին Դարերէն Մինչեւ 19րդ Դարու Սկիզբը», պատմականօրէն կարեւոր եւ հետաքրքրաշաժ բաժին մըն է, ուր շեշտուած է, թէ հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է առողջութեան նկատմամբ. հոն հիմնաւորուած է, թէ հայ բժշկութիւնը դարեր առաջ արդէն ունեցած է բարձր մակարդակ եւ զարգացում։
Շուրջ քսան էջերու մէջ ամփոփուած այս վաւերագրական վկայութիւններու շարքին մէջ ինկած են մեր հեթանոսական շրջանի բժշկական նախնական դարմանումները, դեղաբոյսերը, օրուան իշխաններու եւ թագաւորներու անուններն ու անոնց այս մարզէն ներս կատարած բարի գործերը, անոնց մտահոգութիւններէն մեկնած տարուած աշխատանքներն ու ճիգերը, հայ յայտնի դասական բժշկութեան դէմքերն ու զանազան աշխատասիրութիւնները:
Արտաշէս թագաւորի շրջանէն մինչեւ 1832, Պոլսոյ մէջ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնումը, Հայաստանէն ներս կամ աշխարհի հայաշատ գաղթօճախներու տարածքին հիմնուած բժշկական բազմաթիւ հաստատութիւններու, դարմանատուներու, հիւանդանոցներու եւ հանրայայտ բժիշկներու անուններու յիշատակումները անգամ մը եւս բժիշկ Հարպոյեանի գրիչով կու գան մեր միտքերը զարգացնելու, հպարտութիւն ներշնչելու եւ հաստատելու հայ միտքի, հայութեան ու մարդկութեան ծառայելու նկարագիրը:
Հոս, արդէն իսկ բացայայտուած է հեղինակ բժիշկին հմուտ, ազգասէր եւ բժշկագիտական վերջին նորութիւններուն հետեւող անձնաւորութիւնը: Անցնելով յաջորդ բաժիններուն՝ Բ. գլուխին մէջ ներկայացուած են «Մարդկային փոխպատուաստում եւ անդամներու տուչութիւն» կոչուածը ու մանրամասնուած ողրածուծը:
Յաջորդին մէջ տեղ գրաւած են ականջ, գլխապտոյտ, ձայն, բերան եւ ասոնց հետ ատաղձ ունեցող հիւանդութիւններուն մասին հիմնաւորումներ եւ դարմանումներու ձեւեր: Դ. գլխուն մէջ կը հանդիպինք մանուկի աճման ու կազմաւորման մասին լայն տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ անոր «օթիզմ»ին եւ ոջլոտութեան մասին գիտելիքներու:
Ե. գլուխը յատկացուած է տարեցներու եւ ծերութեան զանազան հիւանդութիւններու: Անոր յաջորդին մէջ ներկայացուած են արեան իւղը՝ քոլեսթերոլը, մարմինի ջերմութիւնը, հազն ու գլխացաւը: Մէկ խօսքով՝ կարեւոր ախտաճանաչումներու բաժին մըն է, որուն աւարտին ներկայացուած են արեան մասին հետաքրքրական տուեալներ: Հատորի ամէնէն երկար եւ սակայն օգտաշատ բաժինը կրնանք ըսել այս մէկն է: Իսկ գիրքի վերջաւորութեան յաջորդաբար տեղադրուած են հայերէնով ներկայացուած բառացանկը, ապա՝ անգլերէնովը:
Մեծ յարգանքի արժանի է այս բժիշկը: Իր ունեցած հարուստ գիտելիքները, զանազան հիւանդութիւններու մասին կատարած իր ախտաճանաչումներն ու մատնանշումները, անկասկա՛ծ, կը մատնեն իր մարզէն ներս ունեցած իր հասունութիւնը:
Այլ խօսքով՝ գիրքի կողքին տակ կան լայնաշունչ ուսումնասիրութիւններ եւ երկար տարիներու ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւններու արդիւնք եղող աշխատասիրութիւններ: Ուստի, ընթերցողը կամ հիւանդը, առանց վարանելու, վերեւը նշուած որեւէ հիւանդութեան կամ կասկածի մը պարագային, կրնայ բանալ այս գիրքը եւ ստանալ յստակ պատասխան իր բոլոր մտահոգութիւններուն մասին:
Պէտք է ըսել, որ բժշկութիւնը նուիրական գործ մըն է՝ աշխատանք մը կամ մասնագիտութիւն մը ըլլալէ առաջ, եւ աւելին՝ մեծ առաքելութիւն մըն է, որ կը միտի հիւանդ մարդուն շուտափոյթ բուժման ձեւերու որոնման եւ անոր առողջութեան վերականգնումին։ Անկասկած, որ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը իր կոչումին տէր նուիրեալ անձնաւորութիւն մըն է, որմէ միշտ կ՛ակնկալենք իր տեսակէտներն ու թելադրանքները, մարդկային հին ու նոր բոլոր հիւանդութիւններուն եւ ախտերուն պարագային:
«Բժիշկին Բ. Խօսքը» հետաքրքրական եւ համոզիչ գիրք մը ըլլալէ աւելի՝ բժշկութեան մարզէն ներս մեր ազգային պատմութիւնը յիշատակող խրախուսիչ, դաստիարակիչ ու տպաւորիչ երկ մըն է:
Գիրքի մը հեղինակը ճանչնալու լաւագոյն միջոցը անոր գործերուն ծանօթանալն է, ուստի՝ խստիւ թելադրելի է այս հատորը կարդալու հաճոյքն ստանալը։
Ի սրտէ շնորհաւորութիւններս. վարձքդ կատա՛ր, սիրելի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան: