Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԳՐՈՂԻ ԱՆԿԻՒՆ.Ի՞նչ Լուր Հալէպէն

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթներով շուրջիններուս, բարեկամներուս, հարազատներուս եւ հայրենակիցներուս կը հարցնեմ. «Հալէպէն ի՞նչ լուր»: Ու կարծես բոլորն ալ խօսքերնին մէկ ըրած ինծի գրեթէ նոյն պատասխանը կու տան՝ կարճ եւ լակոնական. «Նոյնն է» կամ ալ «Ոչին»չ:
Բայց գիտեմ, որ ամէն օր չարագուշակ փսփսուքներ կը հասնին ականջիս: Ամէն ժամ հիւսիսէն ու հարաւէն զիրար խաչաձեւող դահիճներ իրենց հրահանգուածը կը գործադրեն:
Այլեւս ուրախութեան ակերը ցամքած են:
Ու այս «նոյնն է»ն եւ «ոչին»չը, ուրիշ բաներ չեն, եթէ ոչ այդ քաղաքի բնակչութեան լռութեան աղաղակէն բաժին մը, որ ծնունդ առած է ոճրագործ քաղաքականութեան դիւային խաղերէն:
Լռութեան աղաղակ ըսի ու կը կրկնեմ: Որովհետեւ հոն, մեր պատմական Հալէպի մէջ, այլեւս հին ու բարի աստուածները կարծես ալ մեռած են չգերեզմանուած մահերով:
Արդեօք, հարց կու տամ միշտ, տակաւին ինչե՞ր կան պահուած մեր այս գաղութին յատկապէս ու նաեւ մեր միւս հայկական գաղութներու գլուխներուն՝ ընդհանրապէս: Եւ աւելին՝ տակաւին հայրենի եւ Սփիւռքի տարածքին մեր հայութեան դէմ ի՜նչ ծրագիրներ կան հիւսուած՝ ոճիրներով, տառապանքներով, ատելութիւններով, մահերով եւ սէրերով լեցուն այս աշխարհի ծոցին մէջ: Չեմ գիտեր: Դո՛ւք ըսէք:
– Ի՞նչ լուր Հալէպէն,- կը հարցնեմ ամէն օր, արդար ու անկեղծ հետաքրքրութեամբ մը: Արդէն այս մէկը սովորական հարցում մըն է, Հալէպէն հեռու ապրող իւրաքանչիւր հալէպցիիս բերնին մէջ:
– Ի՞նչ լուր պիտի ըլլայ, ճանըմ, երբ հոն սպաննած են պատիւն ու ազնուականութիւնը, եւ ամէն վայրկեան դիւանագիտութիւնը մարդկային կեանքերը կը սակարկէ:
Այս բոլորով հանդերձ, մենութեանս մէջ միշտ կը փորձեմ երջանիկ վերադարձ մը կատարել դէպի իմ անցեալը: Գոնէ այդ ձեւով մխիթարուիմ: Կը հաւատամ, որ հոն այդ գրեթէ աւերակ քաղաքին մէջ ապրող հայութեան գանկերուն մէջ լռութեան աղաղակի երգն է, որ բողոքի նման աշխարհի մարդկային բարոյականի սնանկութեան դէմ բարձրացած է:
– Ի՞նչ լուր Հալէպէն… Նոր գիւղէն՝ «Մէյտան»էն:
Պատասխան՝ «Այս օրերուն եւ ընդհանրապէս ուրախ լուրեր չկան»:
Այսպէս կ՛արտայայտուին շատեր եւ ուրիշներ կը կրկնեն: Օրերով ջուրի տագնապ, օրերով ելեկտրական հոսանքի անջատում ու ամէն օր եւ ամէն վարկեան ահ, վախ եւ մահ: Ամէն վայրկեան կեանքի վտանգ: Բայց հակառակ այս բոլորին, պատիւ իրենց, տակաւին հոն վառ է գաղութի ազգային ջիղը, վերապրելու եւ մանաւանդ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը:
Կ՛ուզեմ գոնէ այս ձեւով ժպիտ մը ստեղծել հոն՝ իմիններուս չորցած այտերուն վրայ: Գոնէ:
Հալէպ: Հոն կայ լռութեան աղաղակը, որ աւելի ահաւոր է քան կիսատ լուր մը եւ որ աւելի ողբերգական է եւ մարդազոհ՝ քան ճշմարտութիւնը: Անոր համար աչքիս աշխարհը սեւ կ՛երեւի: Անոր համար է, որ արդարութեան ու խաղաղութեան ուրախ ներկայութիւնը կը փնտռեմ միշտ: Անոր համար է, որ ազգովին կը մնանք սպասումի եւ յոյսի լարին վրայ գամուած առանձին:
Աստուած իմ, տակաւին ինչե՜ր կան մեր հասցէին պահուած գրուած ու չգրուած:
Հալէպ: Ամէն օր կը տարուիմ հեռաւոր իրականութիւններու կրկներեւոյթներով, նոյնիսկ մոռնալով իմ ապրած կեանքիս իրականութիւնը: Ուստի կը խնդրեմ, մի՛ հեգնէք լռութեան այդ աղաղակը:
Հալէպի նոր պատմութիւնն է ասիկա: Մէկ խօսքով սեւ տախտակ մը, որուն վրայէն սրբուած են կեանքին ու պատմութեան գիրերը: Կամ ալ պատմութիւն մը, ուր պատիւի եւ վստահութեան, հաւատքի եւ մահուան ընդմէջէն կրնանք կարդալ եւ կամ լսել լռութեան աղաղակը, որ միայնակ միշտ կ՛երգէ:
Ես զիս կը համոզեմ: Փորձ մըն է: Յուսահատութեան ծնունդ: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ վերջ ի վերջոյ, ամէն բան վերջ մը ունի կամ անպայման պիտի ունենայ: Յաւիտենական ոչինչ կայ բացի Ամենակալէն: Ուստի, կը համոզուիմ թէ այս վիճակն ալ իր վերջակէտը պիտի ունենայ օր մը, անպայման: Օր մը, ուշ կամ կանուխ այս մահ հնձող փոթորիկը պիտի մեռնի ու իր վախազդու եւ կատաղի ալիքները պիտի քնանան ու նոյնիսկ վայրագն ու դահիճը պիտի վախնան նոյն այս լռութենէն, մարդոց անէքծներէն աւելի:
Ի՞նչ լուր Հալէպէն:
Մի հեգնէ՛ք, ըսի, կը խնդրեմ, որովհետեւ այդ գաղութէն ներս, տակաւին մեր հայրենակիցները լուռ եւ անձայն կը պայքարին կեանքին ու մահուան ճանկերուն մէջ եւ դէմ:
Լսեցէ՛ք: Ականջ դրէ՛ք: Կարդացէ՛ք ու պիտի համոզուիք: Յոյս եւ կամք կայ: Դուք ալ այս բոլորը աւելցուցէ՛ք: Պիտի գայ ժամանակը, որ այս լռութեան մէջէն, հոն մարդիկ իրենց շինարար ձեռքերը պիտի շարժեն նորակերտելու համազգային մեր այս մայր գաղութը: Օր մը դարձեալ այդ դահիճներու ականջին պիտի երգուի մեր ազգին երգը:
Այս բոլորը պիտի կատարուին անձայն եւ անշշուկ, որովհետեւ կեանքի բոլոր գեղեցիկ երեւոյթները յարութեան լռութեան մէջ կը ստեղծագործուին:
Կը հաւատամ, որ օր մը մահուան այս ծանր հպումէն ետք, ազգային վերաշինութեան յաղթական քայլերը պիտի ճեղքեն լռութեան աղմուկը, եթէ իսկապէս մենք բոլորով հետեւինք այս բոլորին:
Ի՞նչ լուր Հալէպէն, կամ Հալէպը ո՞ւր հասաւ:
Իր տեղն է եւ իր տեղը չէ: Այս է պատասխանը:
Որքան տկար կը զգամ ինքզինքս եւ որքան փոքր այս հրէշային մեծութիւն ունեցող հարցումին ու անոր պատասխաններուն առջեւ, որ մահուան խորհուրդներով պատանքուած է:
Քաղաքականութիւն կոչուած աղբանոցին մէջ տակաւին չարերն են, որ կը յաջողին բարձրացնել անմեղներու արիւնով թաթխուած վատութեան դրօշները:
Անոր համար միշտ անմեղօրէն հարց կու տամ. «Ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի աղբիւրները: Չեմ ուզեր կեանքիս էջերէն սրբուին այդ քաղաքին մէջ գրուած ու միտքիս մէջ քանդակուած կեանքիս գեղեցիկ ու երջանիկ բաժինի պատմութիւնը եւ ապրուած յիշատակները:
Ու անհամբեր, բոլոր հալէպցիներու նման, ես ալ իմ կարգիս կը սպասեմ այն բախտաւոր օրուան, երբ ծննդավայրս կրկին գեղեցկացած ընդունէ իր աշխարհացրիւ զաւակները, որպէսզի ես ալ կրկին անգամ կարօտի համբոյրովս դրօշմեմ անոր անբարբառ շրթները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles