Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորելու Օպամայի Որոշումին Պատճառով Հացադուլը Կը Շարունակուի

$
0
0

ՊԸՐՊԵՆՔ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Ամերիկահայ լրագրող եւ իրաւապաշտպան Արա Մանուկեան Կիրակի, Մարտ 17ին հացադուլ յայտարարած էր՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պահանջելով ետ քաշել Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու կեղծուած արդիւնքով նախագահ հռչակուած Սերժ Սարգսեանի ուղղուած իր շնորհաւորանքը: Ան այժմ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ի հարկին հացադուլը շարունակելու շաբաթներ եւ նոյնիսկ՝ ամիսներ:
Մանուկեան իր հացադուլը կը կատարէ Պըրպենքի Օլիվ թաղամասին վրայ գտնուող շէնքի մը առջեւ, ուր կը գտնուի քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը:
«Երբ նախագահը շնորհաւորական նամակ մը կը յղէ, կը նշանակէ, թէ դուն, ես եւ բոլոր ամերիկացիները կը շնորհաւորենք այդ անձը», կ՛ըսէ Մանուկեան՝ աւելցնելով, թէ Սարգսեան իր իշխանութիւնը արդարացնելու նպատակով կը շահագործէ Օպամայի շնորհաւորական խօսքերը:
Յիշեցնենք, որ նախագահական թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւս հացադուլի դիմած է Մարտ 10էն ի վեր: Արա Մանուկեան 8 տարի իբրեւ լրագրող եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ապրած է Հայաստան: Ան Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է 2005ին՝ ապահովական պատճառներով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles