Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՅՈՒՇԵՐ-Հալէպէն Անդին… Վերջին Կիրակին

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Ծովերէն անդին, յիշէ իմ անգին,
Մեր անբախտ սիրոյ վերջին Կիրակին»:
Յարութ Պալեան կ՛ողբայ իր կորսուած սէրը:
Ողջ հայութիւնը կ՛ողբայ սուրիահայ գաղութին կորուստի վտանգը:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով հաւաք մը կազմակերպուած է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ հայ 3 համայնքներու կղերականներու:
Նախ տեսաերիզով մը կը ցուցադրուին աւերակներու կոյտերու վերածուած Հալէպէն սրտաճմլիկ տեսարաններ, ապա՝ տեսաերիզ մը, որ հպարտութիւն կը պատճառէ: Հակառակ այս դժուար օրերուն, անտեսելով ռումբերը, վերաբացուած են դպրոցները. փոխադրուած՝ յարաբերաբար «աւելի ապահով» վայրեր: Նոյն յարկին տակ միասնաբար կը գործեն քանի մը դպրոցներ: Հայ աշակերտներ կը տօնեն Թարգմանչացը՝ երգ, նուագ, ու պար, մինչ այդ, քանի մը թաղ անդին, ռումբերը կը գոռան եւ… կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ, հայկական ոգիով եւ կարեւորագոյնը՝ լաւ օրերու վերսկսման յոյսով:
Այդ աւերակներուն մէջ իր ժողովուրդին հետ է Շահան արք. Սարգիսեան: Կը զբաղի ոչ միայն եկեղեցական հարցերով, այլ իբրեւ հովուապետ Բերիոյ շրջանին՝ ժողովուրդին մէջ է, կ՛այցելէ վնասուած վայրերը, ակումբները, դպրոցներն ու եկեղեցիները: Իր խրախուսական խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ հալէպահայութեան, իսկ այսօր, Հալէպէն մեկնելու դժուար պայմանները անտեսելով, հասած է Լոս Անճելըս՝ իր երախտագիտական զգացումները արտայայտելու ամերիկահայ գաղութին, որ թիկունք կը կանգնի իր տանջուող քոյրերուն ու եղբայրներուն, նաեւ խրախուսելու գաղութի հայութիւնը՝ գէթ նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու Սփիւռքի առաջին գաղութին՝ հալէպահայութեան: «Մեր նպատակը նոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ կառուցել չէ. տակաւին կանուխ է. մեր նպատակն է ոտքի պահել հայ դպրոցը: Ամէն հայ մանուկ կամ պատանի, առանց հարցուփորձի, անվճար կ՛ընդունուի հայ դպրոց. ուսուցիչները պէտք է հատուցուին, ունին իրենց նիւթական դժուարութիւնները»:
Նախապէս չէի հանդիպած սրբազան հօր: Մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս իր արտայայտուելու ոճը: Ոչ մէկ ճարտասանական աւելորդաբանութիւն: Պարզ խօսակից մըն է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ գաղութը այնպէս, ինչպէս որ է: Չի զլանար ներկաներուն փոխանցելու գաղութին կորսուելու վտանգը, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ ոչ մէկ յուսահատական խօսք: Հայը յաճախ ունեցած է դժուար օրեր, սակայն միշտ ալ կրցած է ոտքի կանգնիլ: «Այսօր պատճառ մը չեմ տեսներ, որ հալէպահայը մէկ կողմ նետէ իր վճռակամութեան ոգին»:
Դիւրին բան չէ առաջնորդել գաղութ մը, որ տարիներէ ի վեր պատերազմի դաժան պայմաններուն տակ կը մարտնչի: Բնակարաններ փուլ եկած են, ունեցած ենք մարդկային կորուստ, անհաշիւ նիւթական վնաս, քայքայուած է հայերու հոգեվիճակը, կորովը: Մեծ թիւով հայեր բռնած են գաղթի ճամբան, շատեր՝ ժամանակաւոր կերպով Լիբանան հաստատուած, յուսալով մօտիկ ապագային վերադառնալ իրենց տուները, ուրիշներ վերջնականապէս գաղթած՝ արեւմտեան երկիրներ: Մաս մըն ալ՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Անորոշ է իրենց վիճակը: Մնա՞ն, թէ վերադառնան: Քիչ է թիւը անոնց, որոնք վճռած են մնալ, չգաղթել ու տէր կանգնիլ մեր աննման գաղութին: Շատ բան կը պարտին սրբազան հօր: Իր հօտին հետ է ամէն վայրկեան, կ՛այցելէ դպրոցներն ու ակումբները եւ իր խրախուսիչ խօսքերով կորովը կը բարձրացնէ յուսահատ ժողովուրդին, իսկ այժմ կ՛այցելէ Ամերիկայի արեւմտեան եւ արեւելեան ափերը, ապա կ՛անցնի Քանատա՝ դրամահաւաքի, թեթեւցնելու համար սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները:
Սրբազանին ճամբորդութիւնը դիւրին չէ: Հաճելի արձակուրդի մը համար չէ, որ եկած է այս հեռաւոր ափերը: Ժողովներ, հաւաքներ, անքուն գիշերներ եւ այս բոլորը՝ ի սէր հալէպահայ գաղութի փրկութեան, անոր գոյապայքարի շարունակութիւնը երաշխաւորելու:
Շահան սրբազան՝ որպէս շրջանի առաջնորդ, իր ժողովուրդին նման, կ՛ապրի վատ պայմաններու մէջ: Ելեկտրականութեան անվերջանալի ու երկարատեւ ընդհատումներ, ջուրի պակաս, ցուրտ օդին վառելանիւթի չգոյութիւն: «Լոս Անճելըսի մէջ մենք կ՛ապրինք լաւ պայմաններու մէջ, չունինք նման մտահոգութիւններ, ինչ որ ունի Շահան սրբազանը». այս նոյն խօսքը կը լսենք շատ մը կղերականներու բերանէն: Բացարձա՛կ իրականութիւն:

***

Տեսաերիզի ցուցադրութիւնը կը շարունակուի: Երեւակայութեամբս կ՛երթամ դէպի անցեալ, եւ ինքնաբերաբար փուլ եկած շէնքերը կը վերականգնին, ու աչքիս առջեւ կը պարզուի նախկին Հալէպը:
Վերադարձած եմ մանկութեանս, պատանեկութեանս ու երիտասարդութեան տարիներուն:
Գրեթէ ամէն տարի, Զատկուան շրջանին, կ՛այցելէինք Հալէպ, ուր տեղի կ՛ունենային Նաւասարդեան խաղերը: Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներէ ՀՄԸՄական սկաուտներ, գայլիկներ, արենուշներ ու մարզիկներ կը խուժէին հայահոծ այդ քաղաքը: Հալէպահայը հիւրասէր եղած է միշտ: Ամէն ընտանիք այդ շաբթուան ընթացքին քանի մը հիւր կը պահէր իր տան մէջ: Գայլիկ մը, մարզիկ մը կամ ալ՝ պարզ այցելու մը: Ոչ ոք պանդոկ կ՛իջեւանէր: Հալէպահայուն համար մեծ ամօթ էր արտօնել, որ այցելու մը պանդոկ իջեւանի: Հալէպահայուն դուռը միշտ բաց եղած է:
Դարձեալ Զատիկ է: «Օթոմոթրիս»ով գացած ենք Հալէպ: Կը տեսնեմ Նոր Գիւղի փոշոտ ճամբաները, կողք-կողքի քարաշէն երկյարկանի տուները՝ իրենց բակով ու մառանով: Հասած ենք մեր ազգականին տունը. հարազատ մօրաքոյրս չէ, սակայն մեզի համար «մօրաքոյր» է:
Հալէպի մէջ «հիւր» բառը միայն բառարաններու մէջ կարելի էր գտնել: Ամէն այցելու «տանտէր» էր, հարազատ մը: Ծանօթ էինք ամբողջ թաղեցիներուն: Ամէն անգամ որ Հալէպ այցելէինք, թաղեցիներէն գրեթէ բոլորը «աչքի լոյս»ի կու գային տնեցիներուն: Տուներնին հիւր ունէին, կարելի՞ էր «աչքերնիդ լոյս» չըսել: Հիւր ունենալը պատիւ էր հալէպահայուն համար:
Աւագ Ուրբաթ: Կ՛այցելէինք 7 տարբեր եկեղեցիներ: Տակաւին երեխայ էինք, նոյնիսկ չէինք գիտէր իմաստը 7 եկեղեցիներ այցելելու: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մուտքին՝ հապճեպով «Հայր Մեր» մը, ու կը վազէինք յաջորդ եկեղեցին: Տարիներ անցած են այդ թուականէն, եւ չեմ ալ յիշեր, եթէ Հալէպի մէջ գոյութիւն ունէի՞ն 7 հայկական եկեղեցիներ: Այնքան ալ կարեւոր չէ: Կրնանք ասորիներու կամ յունական եկեղեցի մը այցելել. բոլորն ալ նոյն Աստուծոյ կ՛աղօթեն, բոլորն ալ Յիսուսի չարչարանքը, թաղումն ու ապա յարութիւնը կը նշեն: Աւագ Ուրբաթ: Սուրիա, իսլամական քաղաք է, սակայն այդ օր քաղաքի բոլոր գիշերային վայրերը, շարժապատկերի սրահները փակ կ՛ըլլային: Զատկուան շաբաթը պայման էր Յիսուսի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը դիտել: Անգիր սորված էինք Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնն ու յարութիւն առնելը, սակայն կարծես անգիր օրէնք դարձած էր ամէն տարի կրկին դիտել բազմիցս տեսած այդ ժապաւէնը: Ուրբաթ կէսօրին բոլոր գործատեղերը կը փակէին, միայն փուռերն էին, որ մեղուի փեթակի տպաւորութիւն կը ձգէին: Տանտիկինները, հսկայ ափսէներու մէջ լեցուցած, խմորը կը տանէին փուռ՝ վայելելու համար «Զատկուան քեխքէ»ները:
Կիրակիի «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»էն ետք կը սկսէին հաւկթախաղերը: Ամէն կողմ երեխայ, երիտասարդ թէ տարեց, դէմը մէկը առած՝ հաւկիթ կոտրելու ջանք մը ունէր, կարծես հաւկիթներու ճակատամարտ մը ըլլար:
Երկուշաբթի, մեռելոց:
Գործատեղերը դարձեալ փակ էին: Ամէն մարդ իր տօնական զգեստները հագած, նախ կ՛այցելէր գերեզմանատուն՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեզմէ յաւերժ բաժնուած հարազատներուն, ապա անպայման պիտի այցելէին իրենց ԲՈԼՈՐ ազգականներուն, հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն տուները՝ Զատիկ շնորհաւորելու:
Յաջորդ Կիրակի՝ Նաւասարդեան տողանցք:
Հազարաւոր մարդիկ, մեծով պզտիկով դաշտն էին: Առջեւէն կը տողանցէր Հալէպի ՀՄԸՄի շեփորախումբը, որուն կը հետեւէին մարզիկները, արենուշներն ու գայլիկները: Իսկական Նաւասարդեան տօն էր այդ օր:
Յաջորդող օրերուն ամէն այցելու կը վերադառնար Լիբանան՝ դարձեալ Հալէպ այցելելու որոշումով:

* * *

60ականներու սկիզբը սուրիահայերը դժուար օրեր ապրեցան քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով, եւ մեծ թիւով սուրիահայեր հաստատուեցան Լիբանան: Լիբանանահայ գաղութը աւելի բարգաւաճեցաւ, հայութեան թիւը բազմապատկուեցաւ: Ուսուցիչներու, կուսակցական գործիչներու ու մտաւորականներու բանակ մը ողողեց Լիբանանը, սակայն չտկարացաւ հալէպահայ գաղութը: Լիբանան հաստատուած հալէպահայերէն միշտ նոյն խօսքը կը լսէինք. «Ա՜խ, մեր Հալէպը տարբեր է», սակայն ոչ ոք մտածեց վերադառնալ իր ծննդավայրը:
Տարիներ ու տասնամեակներ իրարու կը յաջորդեն: Հալէպի մէջ Նաւասարդեան շաբաթը լոկ յիշատակ մնացած է: Մեր ազգականին այլեւս չենք այցելեր:
Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուս կը յաջորդեն երիտասարդութեան տարիներս: Յաճախ կ՛այցելեմ Հալէպ, սակայն՝ ո՛չ ընտանիքովս: Նուագախումբի ընկերներուս հետ կ՛այցելենք յայտնի երաժիշտ Վաչէ Երամեանին, որպէսզի մեր ձայնագրելիք երգերուն երաժշտական դաշնաւորումները կատարէ: Տակաւին աչքիս առջեւ է Վաչէ Երամեանին բնակարանը. հրշէջներուն ճիշդ դէմի շէնքը: Այդ ժամանակ հրշէջները «ճանճ կը քշէին»: Հրդեհ գրեթէ չկար, իսկ այսօր վստահաբար այդ նոյն հրշէջները բազմազբաղ են գիշեր ցերեկ, շաբաթը 7 օր, տարին 365 օր: Մեր սիրելի բարեկամը՝ Վաչէ Երամեան, մեզի ծանօթացուցած էր հալէպահայ կարգ մը երաժիշտներու, որոնք բոլորն ալ անխտիր իր աշակերտները եղած են: Մեզ կը հրաւիրեն իրենց աշխատած գիշերային վայրերէն մէկը: Գիշերային վայրեր ամէն տեղ կարելի է գտնել, սակայն Հալէպի ՀՄԸՄի ճաշարան-պարտէզը իւրայատուկ է. կը նախընտրենք հոն անցընել մեր ժամանակը՝ հայերով շրջապատուած:
Հազիւ ՀՄԸՄի ճաշարան-պարտէզէն ներս մտած՝ տասնեակ մը տղաք կը շրջապատեն Պէյրութէն ժամանած իրենց բարեկամները:
Պէյրութի մէջ եթէ կուսակցական ընկեր ես, անունիդ առջեւ «ընկեր» մակդիրով կը դիմեն քեզի, եթէ ՀՄԸՄական ես՝ «եղբայր» մակդիրով, սակայն Հալէպի մէջ ոեւէ մէկուն հետ խօսած ժամանակ անպայման «ախպար» մակդիրը կը զետեղեն անունին առաջ:
Գործով Հալէպ գտնուած միջոցիս առիթ կը ստեղծեմ Նոր Գիւղի ազգականիս տունը այցելելու: Պանդոկին առջեւ թաքսիի հայ վարորդէն կը խնդրեմ, որ զիս Նոր Գիւղ հասցնէ: Կը փափաքիմ, որ երաժիշտ ընկերներս հետս գան: Ինքնաշարժին վարորդը կը յայտնէ, թէ ինքն ալ Նոր Գիւղի բնակիչ է: Ազգականներուս մականունը կու տամ ու կը հարցնեմ, թէ ծանօ՞թ են իրեն: «Ամօ՛թ ըրիր. Նոր Գիւղի բոլոր հայերս իրարու ծանօթ ենք»:
Կը հասնինք ազգականիս տունը եւ «անկոչ հիւրերու» նման՝ ներս կը մտնենք: Ուրախ են մեր այցելութեան համար, սակայն այս անգամ դրացիներու «աչքերնիդ լոյս»ի փոխարէն՝ ծուռ նայուածքներուն միայն կը հանդիպինք: Երաժիշտ ենք, եւ այդ տարիներուն, կարծես անգիր օրէնք դարձած էր, որ երաժիշտները «Պիթըլզ»ի նման երկար մազեր ունենան. շատեր՝ նաեւ մօրուք: Այդ մէկը անհանդուրժելի է Նոր Գիւղի հայերուն համար: Իր տան դրան առջեւ նստած տարեց անձ մը նոյնիսկ չի վարանիր պախարակելու մեզ: «Ամօ՛թ ձեզի, ասիկա հայ երիտասարդի կը վայելէ՞»: Նոյնիսկ «մօրաքրոջս» նայուածքը տարբեր է: Հին օրերու ժպիտը չքացած է երեսէն. զարմանք կայ աչքերուն մէջ: Զիս տեսած էր մանկութեանս տարիներուն, իսկ հիմա…
Գաւաթ մը սուրճ առնելէ ետք կը մեկնինք իրենց տունէն՝ յաջորդ Հալէպ այցելութեան դարձեալ չայցելելու որոշումով:
Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Քանի մը տարին անգամ մը երաժշտական գործով կ՛այցելեմ Հալէպ: Մեր երէց բարեկամը՝ Վաչէ Երամէան հեռացած է այս աշխարհէն:
Կը յիշեմ իր տան դէմ գտնուող հրշէջները, եւ մէկ քայլ անդին նշանաւոր «Ֆուլճին», ուր ոչ այնքան մաքուր պնակներու մէջ ախորժակով կը վայելէինք իր պատրաստած ֆուլը:
Այդ բոլորը 20րդ դարու կէսերուն էր: 21րդ դարու առաջին տասնամեակին «Երազային Հալէպ»ը վերածուեցաւ «Մղձաւանջային Հալէպ»ի:
Չգիտակցեցանք աղէտին ուժգնութեան: Միամտօրէն հաւատացած էինք, որ քանի մը ամիսէն Հալէպ կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը:
Սխալած էինք:

***

Հալէպ կատարած «շրջապտոյտէս» կը վերադառնամ իրականութեան:
Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եմ դարձեալ: Տասնեակ մը կղերականներ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ «Տէ՛ր, Ողորմեա՛» կ՛երգեն սուրիահայ զոհերու հոգւոյն: Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցւոյ ամբողջ ժողովուրդը կը մասնակցի, եւ միասնաբար բոլորս կ՛երգենք «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»:
«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»:
Տէրը ե՞րբ պիտի ողորմի անմեղներու չարչարանքին:
«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»:
Յաճախ լսած եմ այս շարականը, սակայն այս անգամ, բոլորին սրտէն բխող «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»: մըն է: Այնքա՛ն յուզիչ:
Սի՛րտ ունեցիր ու մի՛ յուզուիր:
Մա՛րդ եղիր ու դիմացի՛ր:
«Տէ՛ր, ողորմեա՛» երգողներէն շատերուն աչքերէն արցունք կը հոսի: Ո՞վ գիտէ, Հալէպը ձգելնուն «Վերջին Կիրակի»ն եղած է, կամ… Երկուշաբթին, Հինգշաբթին: Ի՞նչ կարեւոր է, Կիրակի՞, Երկուշաբթի՞, թէ Հինգշաբթի:
Լիբանան ձգած օրս չեմ յիշեր թէ շաբթուան ո՞ր օրն էր, սակայն այդ օրը ինծի համար դարձած է «Վերջին Կիրակի»ն:
Մեծ թիւով հալէպահայեր, արդէն հաստատուած են «Ծովերէն անդին» ու կը յիշեն իրենց «Երազային Հալէպը»:
Հալէպէն անդին… ծովերէն անդին:
Մեր բարգաւաճ օրերու… Վերջին Կիրակին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles