Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԸ «…Տեսաք Զտէր» (Յովհ. 20։25)

$
0
0

Քրիստոսի հրաշալի Յարութենէն ետք արտասանուած այս խօսքը իր մէջ կ՛ամփոփէ այն գերագոյն ճշմարտութիւնը, որուն զգացողութիւնն ու հաւատքի գիտակցութիւնը ունեցած էին Անոր առաքեալները եւ հաստատակամ յայտարարած էին իրենց պատգամը դիմելով Թովմասին ու ժամանակներու հոլովոյթներուն հետ ծնունդ առած նոր Թովմասներուն.
«…Տեսաք զՏէր»։
Այս բառերուն մէջ կայ կենդանի պատկերը Յարութեան մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի, որուն հետ հաղորդակցութեան ընդառաջ եկող մարդը իր էութեան մէջ կը զգայ մահուան պարտութիւնը։ Քրիստոս Իր յաղթական Յարութեամբ կը յեղաշրջէ մարդկութեան կեանքը դէպի լոյս եւ առաւել կեանք։ Քրիստոսի Յարութեան մէջ խտացած է աստուածային յաւերժականութեամբ նուիրականացած զօրութիւն, անսպառ եռանդ։ Խոնարհումով ապրուած կեանքերը գիտեն եւ կ՛ապրին անկորնչելի արժէքը Յարութեան խորհուրդին, որուն առաջնորդութեամբ ալ միութիւն են հաստատած Աստուծոյ հետ եւ Անոր առաջնորդութեամբ ապրած են հրաշագործուած կեանք։ Եթէ մեր նախնիք չունենային Յարութեան խորհուրդով սրբագործուած կեանք, իցիւ թէ մենք այսօր ապրէինք որպէս Նոր Հայաստան, դէպի Երկինք սլացող յաւերժական Սուրբ Էջմիածին եւ կեանքի հորիզոնները վերածէինք արշալոյսներու։
Յարութեան խորհուրդին առջեւ ծնրադիր մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերը իրենց էութեան մէջ արմատացուցած են նորին տեսիլքը. «Քրիստոսի Յարութիւնը պէտք է մեր մէջ վերածուի անսպառ այն հոգեկան ոյժին, որ խաւարին մէջ լոյս կը ծագեցնէ, անձկութեան մէջ լոյս կը ներշնչէ, վախին ու կասկածին դիմաց հաւատքով կը գօտեպնդէ, երջանկութեան մէջ համեստութիւն կը խառնէ, անձնական շահին մէջ ուրիշին շահն ալ կը ներառնէ, մէկ խօսքով՝ ամէն բանի մէջ սիրոյ զօրութեամբ մեզ կը տոգորէ եւ անմահութեան տենչով ու տեսիլքով կը վառէ» (Գարեգին Ա.)։
Քրիստոսի Յարութիւնը խաւարին մէջ ծնունդ առնող լոյսն է։ Քրիստոսի կեանքը դարձնենք հայելին մեր կեանքին, որպէսզի իրեն հետ դէպի խաչը բարձրացող կեանքը հասցնենք Յարութեան բարձունքին ու մերժենք խաւարները մեր կեանքի։
Քրիստոսի Յարութիւնը անձկութեան մէջ ճառագայթող յոյսն է, որուն արմատը իւրաքանչիւրիս էութեան մէջ խորացած է։ Աղօթքի զօրութեամբ ջուր տանք յոյսին, որպէսզի Յոյսին խորհուրդը դարձնենք մեր կեանքը։
Քրիստոսի Յարութիւնը՝ վախին ու կասկածին տուն տուող ալիքները իր մէջ խորտակող սաստն է։ Ամէն անգամ, երբ մեր մարդկային էութիւնը հեռու է աստուածայինին տանող ճանապարհէն, ապա մեր հայեացքն ուղղենք դէպի Երկինք, որուն անսահմանութեան մէջ տարածուած է Յարութեան լոյսը մեր Տիրոջ։
Քրիստոսի Յարութիւնը իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ ներթափանցող աստուածային սէրն է, որ կը մերժէ մարդկային ամէն տկարութիւն, որպէսզի մեր քայլերը համընթաց ուղղենք Մեծ Վարդապետին քալած ճանապարհին։
Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով ապրուած ամէն մէկ կեանք իր մէջ կը գտնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, իր հոգիին խորքը կը տեսնէ մանրակերտը Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին՝ անժամանցելի գերագոյն ճշմարտութիւնն է մարդկութեան պատմութեան ու կեանքին մէջ։ Այս սրբութեան հետ մրցակիցներ չեն կրնար ըլլալ։ Աստուած եւ աստուածներու թատերաբեմն է կեանքը, որուն պատկերին մէջ դերակատարներն ենք մենք բոլորս։ Եթէ երբեք մեր կեանքն Աստուծոյ հետ է, ապա յաւերժի ճամբորդներն ենք ու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին ճառագայթները կը դարձնենք մեր կեանքերը։
Քրիստոսի Յարութեան ճշմարիտ պատկերն է նաեւ մեր ազգին կեանքը, որ մոխիրներուն մէջէն ապրեցաւ իր նոր Ծնունդը, քանզի մեր նահատակները իրենց հոգիներուն մէջ ամրօրէն պահեցին Յարութեան խորհուրդը, որպէս «անկէզ մորենին»՝ նոր կեանքի ճանապարհը, ոսկեայ կամուրջ դէպի նորանկախացեալ Հայաստան, որուն նուիրագործուած հողէն դէպի Երկինք բարձրացող Սուրբ Էջմիածինը դարձաւ կրակը այն հերոսներուն, որոնք Միածնաէջ Խորանի կանթեղին լոյսովը ստացան պատգամը Սարդարապատի յաղթանակին ու իրենց արեան կանչը վերածեցին նոր արշալոյսներու Յոյսին նորահաս սերունդներու հոգիներուն մէջ։
«Տեսաք զՏէր»։ Յարութեան խորհուրդը տօնախմբենք, որպէսզի ապրինք մեր կեանքով, նոր յոյսերով, նոր եռանդով ու հաւատքով, որպէսզի դառնանք նոր ժամանակներու առաքեալները մեր ժողովուրդի զաւակաց համար, եւ անոնց հոգիին ու կեանքին մէջ նոր արձագանգ դառնայ Քրիստոսի առաքեալներու պատգամը. «Տեսաք զՏէր»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles