Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ինչպէ՞ս Տուն-Տուն Խաղանք»

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Աժմէական» թատերախումբը կը ներկայացնէ Պետիկի «Ինչպէ՞ս Տուն-Տուն Խաղանք» թատերախաղը՝ մէկ արար եւ մէկ բատկեր։
Գլխաւոր դերակատարներ՝ Սերժ Սարգիսեան եւ Ռեչեփ Էրտողան
Հանդիսատես՝ աշխարհ եւ մանաւանդ Եւրոմիութիւն
Առաջին կարգի վրայ տեղ գրաւած յատուկ հրաւիրեալներու կարգին են՝ համայն հայութիւնը:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ մեր օրերուն, Երեւան-Անգարա նամակատան մէջ:

Ս.Ս.- Հէ՜յ, դրացի, կը յիշես քեզի հրաւիրած էի 24 Ապրիլ, 2015ին Երեւան, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը միասնաբար յիշատակելու… ո՞ւր մնացիր, մինչեւ հիմա պատասխան մը չտուիր:
Ռ.Է.- Հէ՜յ, «ղօնշու», ես ալ քեզի հիմա կը հրաւիրեմ 24 Ապրիլ, 2015ին, Անգարա, Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակը միասին յիշատակելու, միւս բարեկամներուս հետ: Հրաւէրս ստացա՞ր:
Ս.Ս.- Այո, հրաւէրդ ստացայ, բայց մի մոռնար, որ նախ ես քեզ հրաւիրած էի մասնակից դառնալու առաջին աշխարհամարտին մարդկութեան պատմութեան ամենազարհուրելի էջերէն մէկու յիշատակի հանդիսութեան:
Ռ.Է.- Հիմա որ մէկը կարեւոր է. իմս թէ ոչ քուկդ:
Ս.Ս.- Իմս Ցեղասպանութեան յատուկ է, որուն զոհ գացած են մէկ ու միլիոն հայրենակիցներս:
Ռ.Է.- Իմս ալ յաղթանակի փառատօն է, նորէն մի՛ սկսիր հին պատմութեանդ:
Ս.Ս.-Իմ ըսած այս Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնն էր, որ հող պատրաստեց Հոլոքոսթին:
Ռ.Է.-Էհ, վերջ տուր. ալ երկարեցի՛ր, ելիր եկուր:
Ս.Ս.-Քեզի խորհուրդ կու տամ չմոռնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը. հրամմէ՛, դուն եկուր:
Ռ.Է.-Ըսի՛. ալ երկարեցիր:
Ս.Ս.-ԷŸհ, դուն հասակով երկար ես ըսելով, ես ալ երկարեցի: Չես հասկնար. առաջ ես քեզ հրաւիրեցի,
Ռ.Է.-Է՛հ, դուն ալ կարճ ես ըսելով, ալ կարճցո՛ւր. դո՛ւն եկուր մեր տունը:
Ս.Ս.- Մեր մօտ ընդունուած չէ հիւրընկալել հրաւիրողը, առանց սեփական պատասխան մը ստանալու: Ելի՛ր եկուր:
Ռ.Է.- Հերիք է, դո՛ւն ելիր եկուր:
Ս.Ս.- Ոչ, դո՛ւն եկուր, առաջ ես քեզ հրաւիրած եմ:
Ռ.Է.- Ելի՛ր եկուր ըսի. նազ մի՛ ըներ:
Ս.Ս.– Ո՛չ, դուն եկուր մեր տունը:
Ռ.Է.- Ո՛չ, դո՛ւն եկուր մեր տունը:
Ս.Ս.- Ո՛չ, նախ դո՛ւն…
Ռ.Է.- Ո՛չ, նախ դո՛ւն…

Ու անիմաստ այս երկխօսութիւնը կորսուեցաւ պարապ թատերասրահի հին ծափահարութիւններու արձագանգին մէջ:
Յաջորդ արարը կամ արարները՝ ուրիշ առիթներով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles