Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայոց Մարտիկներ

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Մեր այսօրուան անվեհեր ջան ֆէտայիներ,
Հայոց մարտիկներ…
Վիգէն Յովսէփեան

Տարիներ շարունակ գովաբանուած են մեր աննման հին ու նոր ֆէտայիները, «Հայոց Մարտիկներ»ը, որոնց արիւնով կերտուած է մեր առաջին անկախութիւնն ու ապա Արցախի ազատագրումը: Յարգա՜նք իրենց անմար յիշատակին:
Մեր աննման ֆէտայիներու կողքին, արդար է նաեւ յիշել ու գովաբանել մեր մշակոյթի մարտիկները, որոնց տքնաջան աշխատանքով կը գոյատեւէ հայը հայ պահող մեր մշակոյթը՝ հայ մշակոյթը, շնորհիւ Համազգայինի Մշակութային Միութեան: Տարի մըն ալ անցաւ Համազգայինի կերտումի թուականէն: Տարի մըն ալ երիտասարդացաւ Համազգայինը:

«Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, յանդգնութիւնն ունեցաւ երկրորդ անգամ կազմակերպելու այս թատերական փառատօնը… Գոհացնելու պատանի եւ չափահաս հայ երիտասարդներու մասնագիտական թատրոնի պահանջը եւ զարգացնելու անոնց մէջ թատերական արուեստը հայերէնով ընկալելու իւրայատուկ ճաշակ եւ վարժութիւն»:
(Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն)

«Անցեալ տարուան յաջող ելոյթներէն խանդավառուած՝ անգամ մը եւս կը ներկայանայ ամերիկահայութեան»։
(Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն)

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նպատակը յստակ է՝ Սփիւռք-հայրենիք համագործակցութիւն. նաեւ՝ երիտասարդութեան մօտ արթնցնել հայ արուեստի, ի մասնաւորի՝ հայ թատրոնի սէրը: 1800 հայ աշակերտներ ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Մարուխեանի «Ամենալաւ Տունը» մանկական ներկայացման: Այս մէկը, ինքնին յաջողութեան դափնեպսակ մըն է: Հայ աշակերտներ, փոխանակ իրենց թանկագին ժամերը անցընելու հեռատեսիլներու դի-մաց կամ հեռաձայններու վրայ «խաղեր խաղալու», ըմբոշխնեցին թատերական գործ մը. վստահաբար, շատերուն մէջ արթնցաւ սէր՝ հանդէպ հայ մշակոյթին, հանդէպ հայ թատրոնին:
Երկրորդ տարին ըլլալով, Լոս Անճելըս հրաւիրուած է մայր հայրենիքի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» պետական թատրոնի թատերախումբը, ներկայացնելու համար 6 օրուան թատերական փառատօն մը (Փետրուար 3էն 8, 2015):
Արդար գովասանական խօսքեր լեցուցին ու տակաւին պիտի լեցնեն հայ մամուլի էջերը: Չեմ ուզեր կրկնութիւններով մրոտել էջեր. փոխարէնը՝ թոյլ տուէք, որ խօսիմ տարբեր «Հայոց մարտիկներ»ու մասին: Հայ մշակոյթի մարտիկներ, Համազգայինի ժրաջան աշխատողներ, որոնց ջանքերով, Լոս անճելըսահայութիւնը դարձեալ առիթն ունեցաւ վայելելու թատերական կտորներ՝ արհեստավարժ դերակատարներու ու բեմադրիչներու կատարողութեամբ:
Քուլիսային աշխատանքներու մասնակցողները մի՛շտ գործած են «մութին մէջ»: Հանդիսատեսը կը հմայուի դերակատարներու խաղարկութեամբ, կը գնահատէ բեմադրիչի դժուարին աշխատանքը: Թատրերգութեան աւարտին, ներկաները յոտնկայս կը ծափահարեն, «պռաւօ»ներու տարափ մը կը տեղայ: Դերասանները կը ստանան ծաղկեփունջեր, իսկ մենք կը մեկնինք մեր տուները, սակայն, քանի՞ հոգի կը մտածէ մութին մէջ աշխատող «խոնարհ հերոսներու»ն մասին, որոնց ճիգով կ՛իրականանան նման հսկայական ծրագիրներ: Պարտք կը զգամ թուելու գիշեր ու ցերեկ անխոնջ աշխատող մշակոյթի մարտիկները, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնն ու այս փառատօնին համար յատուկ պատրաստուած յանձնախումբի անդամներէն քանի մը հատը միայն՝ որպէս նմոյշ: Սոյն յանձնախումբի անդամները, բոլո՛րն ալ անխտիր կ՛աշխատին, առանց «փող ու թմբուկ» հնչեցնելու: Թող ներեն, իրենց զոհաբերութիւնը հրապարակաւ յայտարարելս: Նպատակս իրենց համեստութիւնը վիրաւորել չէ. պարզապէս, ճիտիս պարտքը կը համարեմ քանի մը տողով անդրադառնալ իրենց զոհաբերող ոգիին: Այդ ծանր աշխատանքով, անոնք իրաւունք ունին հպարտանալու, որ կրցան իրագործել չափէն աւելի դժուար մշակութային ձեռնարկ մը:
Արդա՛ր հպարտութիւն։
Ամիսներ առաջ, արդէն կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ… երկար ժողովներ, ծրագիրներ, առաջարկներ, դեր ու դէմ կարծիքներ:

Շուշիկ Արսլանեան եւ Նարկիզ Թերզեան-Միւրիյեան ամիսներ անդադար հեռաձայնով եւ Skype-ով կապի մէջ էին թատերախումբի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի հետ: Նախագիծը պատրաստ է արդէն ու անոնք կը սկսին ծրագիրի իրագործման աշխատանքներուն: Դիւրին չէ երկու տասնեակ արուեստագէտներու ճամբորդութիւնը հայրենիքէն դէպի ովկիանոսներէ անդին: Պէտք է ապահովուի Միացեալ Նահանգներու մուտքի արտօնագիր (վիզա), կեցութեան վայր, սնունդի հայթայթում, ազատ ժամերու պտոյտներ եւ տակաւին՝ շատ ու շատ մեծ ու փոքր կարիքներ, զորս անհրաժեշտ չեմ գտներ նշել մէկ առ մէկ:
Ճամբորդութեան երթուդարձի հսկայական ծախսը յանձն առած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը՝ նիւթական մեծ բեռ մը վար առնելով Լոս Անճելըսի Շրջանային վարչութեան ուսերէն:
Ծախսալից փառատօն մըն է, եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ստիպուած՝ կը դիմէ նուիրատուներու նիւթական օժանդակութեան: Շուշիկ Արսլանեան՝ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին, անդադար կը դիմէ ազգայիններու նիւթական օժանդակութեանց ու կ՛ապահովէ կոկիկ գումար մը, որ մեծապէս կը նպաստէ Համազգայինի նիւթական բեռը թեթեւցնելու դժուարին գործին:
Դիւրին չէ 17 արուեստագէտներու սնունդ ապահովել: Կը դիմեն Լոս Անճելըս գտնուող կարգ մը հայ ճաշարանատէրերու, որոնք սիրայօժար յանձն կ՛առնեն արուեստագէտները սնուցանելու անհրաժեշտ հարցը: Կը ստանան դրական պատասխան բոլորէն, անխտի՛ր: Լոս Անճելըսի պանդոկները բաւական սուղ են, բաւական ծախսալից: Յանձնախումբի անդամներէն Լեւոն եւ Լենա Գարակէօզեանները կը տրամադրեն իրենց բնակարանը, որպէս իջեւան՝ հսկայական գումար մը խնայելով Համազգայինի արդէն իսկ ծախսալից ծրագիրէն: Դիւրի՞ն է 12 հոգի հիւր ընդունիլ իրենց տան մէջ, մօտաւորապէս երկու շաբաթ: Հսկայ Լոս Անճելըսի մէջ դիւրին չէ դիմագրաւել երթեւեկի դժուարութիւնները: Կը վարձուի 15 հոգինոց «վեն» ինքնաշարժ մը, որպէսզի բոլորը միասին ըլլան պտոյտներու կամ տունէն թատրոն երթուդարձի ժամանակ: Վահիկ Վարդապետեանին կը վստահուի «շարժավար»ի պաշտօնը. ան իր ամբողջ ժամանակը կ՛անցընէ խումբին հետ, եւ առաւել, որպէս խումբի հաշուապահ՝ կը զբաղի մեծածախս այս ձեռնարկի հաշիւները պահելով:
Մանուկ Ջուխաճեան՝ Շրջանայինի ատենապետը, «երեսի վրայ ձգած» իր գործն ու ընտանեկան պարտականութիւնները՝ կը հոգայ Համազգայինի մեծ ընտանիքի պարտականութիւնները:
Ներող թող ըլլան այն անձինք, որոնց անունները չեմ յիշած (վստահաբար, ներողամտութենէ աւելի ուրախ պիտի ըլլան՝ ծանօթ ըլլալով իրենց համեստութեան):
Փետրուար 8ին, երկու անգամ ներկայացուեցաւ «Փրկութեան Կղզի» թատերախաղը, եւ այսպիսով վերջ գտաւ Լոս Անճելըսի թատերական փառատօնը:
Յաջորդ առաւօտ, թատերախումբի անդամները իրենց յոգնած վիճակէն դուրս բերելու միտումով, ամբողջ կազմը կը տարուի Լաս Վեկաս, հանգստանալու եւ վայելելու համար «Լոյսերու աշխարհ»ը: Լաս Վեկասի մէջ նմանապէս, պանդոկի ծախսերը թեթեւցնելու միտումով, իրենց տունը կը տրամադրեն Լեւոն եւ Լենա Գարակէօզեանները:
Լոս Անճելըս վերադարձին, խումբը կը մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ, խանդավառելու համար այդ քաղաքի հայութիւնը, ապա՝ Քանատա, ուրկէ, բաւական երկար բացակայութենէ ետք՝ կը վերադառնայ մայր հայրենիք, շարունակելու համար իր ազգանուէր գործունէութիւնը:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles