ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«… Յայտնուեցաւ նոյնիսկ կամաւոր ստրկութիւնը. տկարներ հաճոյքով կ՛ենթարկուէին զօրեղներուն, միայն անոր համար, որ անոնք օգնէին իրենց ճնշել իրենցմէ տկարները»։
Ֆ. Տոսթոեւսկի
Բարեկամուհի մը ինքնաշարժով պտոյտի տարաւ զիս, թէեւ հիմա պտոյտի ելլելը արկածախնդրութիւն է։ Հին Հալէպը արգիլուած գօտի է, կրնայինք մտնել միայն ուր որ արգելապատնէշներ չկան։
Նոր Հալէպի շքեղ թաղամասերը անվնաս են, միայն վերածուած են համատարած «պազար»ի։ Պողոտաներու եւ նեղ փողոցներու մէջ կտաւէ կամ «նայլոն»է շինուած անթիւ անհամար կից տնակներ, որոնք երկրորդ՝ միայարկ քաղաք մը եւս շինած են, եւ ուր կը ծախուին աշխարհի բոլոր բարիքները՝ պտուղ-բանջարեղէնէն սկսեալ մինչեւ գրենական ու արհեստաւորական պիտոյքներ. մսավաճառն ու բացօթեայ սափրիչը քով-քովի… Կեանքը կ՛եռայ, մարդիկ կը վխտան մինչեւ արեւամուտ, որմէ ետք ամայութիւն կը տիրէ։ Հեքիաթի մեռեալ քաղաքն է, որ կը վերապրէր գիշերային կեանքով։
Նոյնն է պատկերը աւելի «ժողովրդական» թաղամասի՝ Ճեմիլիէի, ուրկէ մինչեւ կեդրոնական հանրային այգի՝ «Մեշտէլ» անընդմէջ մայթային շուկայ է, փողոցներէն անցնելիք տեղ գրեթէ չկայ։ Կը թուի, «Ներսի շուկա»ն հոս տեղափոխուած է՝ արեւելեան համեմունքներէն («Ներսի շուկայ»ի բուրումները յիշեցի…) մինչեւ գիտութեան վերջին արգասիք համակարգիչներ՝ մայթերու վրայ, ու՝ «մոթոր»ներ։ Չար լեզուներ կ՛ըսեն, թէ ելեկտրականութիւնը այսչափ կտրելը ասոնք ներածող ինչ որ «մեծաւոր»ի շահերուն հետ կապ ունի։ Հնարաւոր է, կրկնուած պատկեր՝ երբ բոլոր խանութներու «տարապաներ»ը (թիթեղեայ ոլորուող փեղկեր.- Խմբ.) կանաչ ներկել տրուեցաւ. ինչ որ մէկուն պահեստներու մէջ կանաչ ներկը մնացած էր… կը պատահի՛։ Իսկ ջուրի՞ն կտրուիլը, իսկ հեռաձայններո՞ւն. չէ՛, աւելի լաւ է՝ չբամբասենք։
Համալսարանական թաղամաս. հանրակացարաններու քովէն երբ կ՛անցնէինք, գնչուական տեսարանները աչքի զարկին՝ մարդկային թշուառութեան պատկերներ, որոնք, թերեւս, հոն տեղաւորուածներէն ոմանց համար առօրեայ կենցաղ են, նոյնիսկ՝ շքեղութիւն. սակայն հա՞յը… Ուղեկցուհիս ըսաւ, թէ անոնց հետ միասին հայ ընտանիքներ ալ կ՛ապրին… Հայը նոյնպէս մարդ է ու ազգ, ինչպէս ուրիշներ, բայց մենք սովոր չենք հայը տեսնել գնչուական մթնոլորտի մէջ։ Չե՛նք ուզեր տեսնել։
Սուրիան հայաթափ կ՛ըլլայ շատ արագօրէն։ Մնացողներուն մէկ մասն ալ օդակայանի բացուելուն կը սպասէ, քանի որ ոչ բոլորն են, որոնք կը քաջալերուին Թուրքիոյ մէջէն ճամբորդել դէպի «լայնօրէն բացուած մայրական գիրկ»։ Բազմաթիւ են տակաւին թշուառ ու օգնութեան կարօտ հայ ընտանիքները, ու եթէ այսօր արտակարգ միջոցներ չձեռնարկենք, վաղը պիտի չունենանք նաեւ դպրոցներ ու նաեւ՝ այլ բաներ…։
Ես ոչինչ կրնամ ընել։
***
«Երազայի՜ն Հալէպ»ը, այժմ արդէն ո՛չ տասնամեակներու հեռուէն դիտուած, ինչպէս պիտի ընէր Օթելլօ մը կամ Ծառուկեան մը, այլ ընդամէնը… երկու տարուան։ Երազային ու անձկալի՝ իր մէջ ապրողներուս համար իսկ։ Քանի որ այն ինչ անցաւ, հազիւ թէ ետ դառնայ։ Իսկ այդ Հալէպը ե՛ւ աղայ մըն էր միջնադարեան, ե՛ւ քսանմէկերորդ դարու գիտունիկ մանուկ. ե՛ւ քիլօներով ոսկին միայն վստահութեան վրայ առնող ու ծախող վաճառական էր, ե՛ւ «աչքի սիւրմա թռցնող» փերեզակ, ե՛ւ խանում-խաթուն տիկին էր, ե՛ւ եւրոպական բարքերու հետեւող արդիական օրիորդ, ե՛ւ ոտքէ գլուխ ծածկուած խորհրդաւոր գեղեցկուհի։ Հալէպը ե՛ւ մզկիթներէն ալիքուող գիշերային աղօթք էր, ե՛ւ եկեղեցիներու զուարթ զանգահարութիւն։ Հալէպը բազմախորհուրդ ու բազմածալք, Հալէպը՝ կաթի ու մեղրի քաղաք, Հալէպը՝ իր բազմազգութեամբ ու անոնց մշակութային գոյներով հարստացած իր հնադարեան ու նորօրեայ խճանկարով. Հալէպը՝ երազային, այսօր՝ վիրաւոր ու որդեկորոյս մայր, նստած աւերակներու մոխիրներուն։ «Եւ արդեօք ո՞վ է երազել այսքան դաժան», պիտի ըսէր հայոց բանաստեղծը։
Ու անոր վէրքերով ցաւողներու առաջին կարգի վրայ են անոնք, որոնք չե՛ն այս հողին զաւակը, որոնք հիւընկալուած են այս երկիրը ու սակայն՝ կապուած են անոր հայու իրենց տաք հոգիով։ Յաճախ նոյնիսկ կրնան իրենց սիրոյ ու նուիրումի ջերմութեամբ մրցիլ բնիկ տեղացիներուն հետ։ Լայն մարդասիրութիւն, այլասիրութիւն՝ այլապէս ազգային լաւագոյն յատկանիշներ, որ սակայն նոյնիսկ առաջինը՝ Հայրականը մոռցնելու չափ ծայրայեղ կրնան ըլլալ։ Դարերով գաղթականի վիճա՞կն է, որ անոր մէջ խորացուցեր է աշխարհաքաղաքացիի մեծ սէրը Երկիր մոլորակի բոլոր անկիւններուն հանդէպ ու ամէնուր հարազատ զգալու, սիրելու, նուիրուելու, երկրորդ հայրենիք ստեղծելու պատրանքին կապեր զայն։
Փոքր Մհերի ժողովո՛ւրդ, երանի՜ աշխարհն ալ քեզի վերաբերէր այնպէս, ինչպէս դուն կը վերաբերիս անոր։
***
Այլեւս բառերը կորսնցուցեր են իրենց կշիռքն ու տարողութիւնը, եւ ամենադիպուկն իսկ չի կրնար բնորոշել կատարուողը։ Մարդկային այս անկումին դիմաց կը մնաս կարկամած, ու աղքատ կը թուին նոյնիսկ ամենաժանտ թշնամիներն ունեցած հայ ազգին բառարանները։ Հրէշ, գազան, ճիւաղ, թուրք բառերը այլեւս շատ տկար կը մնան բնորոշելու համար այս մոլագարութիւնը։ Ու բառ փնտռելու եւ ճշգրիտ բնորոշումը գտնելու տագնապիդ մէջ յանկարծ կ՛անդրադառնաս, որ իզուր են ճիգերդ՝ անուն տալու օրէցօր «զարգացող» վայրագութեանց։ Կը մնայ միայն դրուագներ պատմել ու պատկերը կ՛ամբողջանայ։ Բառերով չես զարմացներ մարդը, որ գիտէ թէ սա՛ է յաւերժական մարդը, որուն անցած հազարամեակներու ճամբաներէն արեան գետեր կը հոսին։
***
Յարաբերական խաղաղ օրերէ ետք կրկին աշխոյժ կը գործէ ռազմադաշտ-քաղաքը։ Չեն լռեր հրետանին ու հրազէնները, գիշերուան խաւարը կը ճեղքեն հրթիռները ու կրկին իր լայն թիկնոցը կը տարածէ մահուան ստուերը։ Քանի՜ հիւանդ ու ծեր չտոկացին ցնցումներու երկիւղին, հարցուցէ՛ք պատերը լեցնող չարագոյժ մահազդներուն, որոնք այս օրերուն ընթերցումի մեր կարեւոր «թերթերն» են։ Եւս քանի՜ տուն առանց առաստաղի մնաց, քանի՜ մայր՝ սգաոր, քանի մանուկ՝ որբ, ո՜վ է կարեւորողը։
Անդին մեր հիւսիսային բարեկամը գլուխը կ՛օրօրէ՝ թէ քիմիական զէնք գործուած է Հալէպի մէջ, հետեւաբար հարցը լրջացած է ու այլեւս համաձայնութեան պէտք է գալ։ Այսինքն՝ մինչեւ հիմա եղած արիւնհեղութիւններն ու սպանդները լուրջ հարցեր չէին… Ահա փաստ մը եւս, որ բառերը այլեւս կորսնցուցեր են իրենց արժէքը։
Թէ՞ անոնց Սուրիան եւս պէտք է առանց սուրիացիներու, ինչպէս որ Հայաստանը՝ առանց հայերու…