ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Խոհարար Վարդան Աբգարեան արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնէ բանալու նոր ճաշարան մը, որուն գլխաւոր խոհարարը եւ սեփականատէրերէն մէկը պիտի ըլլայ։ «71Above» անունով մկրտուած նոր ճաշարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2016ին, Քալիֆորնիոյ ամենաբարձր շէնքին՝ «US Bank Tower»ի 71րդ յարկին վրայ։
Վարդան Աբգարեան Հայաստանէն արտագաղթած է 1991ին ու յաճախած է խոհարարներու հռչակաւոր «Քորտոն Պլէ՛օ» վարժարանը, ապա աշխատած է Լոս Անճելըսի շարք մը ճաշարաններուն մէջ։ Սիլվըր Լէյքի մէջ գտնուող «Քլիֆ՛ս Էճ» ճաշարանին մէջ անոր ստեղծագործութիւններով տպաւորուած գործարար Էմիլ Իւաւոֆ իրեն առաջարկած է համագործակցիլ այս նոր ճաշարանը մէջտեղ բերելու համար։