ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ
Ամբողջ սեղանը՝ փոքրիկ եւ քառակուսի սեղաններու միացումով պատրաստուած այդ երկար տարածութիւնը, կը լռէ. ընդամէնը 39 աշակերտ եւ չորս ընկերակցող ուսուցիչ: Ստեփանակերտի «Նուէր» բացօթեայ ճաշարանին մէջ կը լռեն նաեւ պատառաքաղներն ու դգալները, բաժակներն ու դանակները: Ռիթան, 18 տարեկան այդ աղջնակը պիտի արտասանէ: Փոքրակազմ է ան: Սակայն իր հզօրութիւնը իր քալուածքին մէջ է եւ կեցուածքին. սէգ, խրոխտ եւ բարձրավիզ: Իր մանր մարմինին վրայ այդ հայուհին հաւաքեր է իր կիլիկեցիի արմատներու դարաւոր հպարտութիւնն ու իմաստութիւնը (հօր կողմէ զէյթունցի է եւ այնթապցի, մօր կողմէ՝ մարաշցի եւ տիգրանակերտցի): Ու կը հնչէ անոր ձայնը.
… Եւ երբ տեսան, էլ չարորդին մօտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝ էլ վառօդի հոտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝
Էլ չի՜ թափւում հողին արիւն,
Եւ երբ տեսան՝
Եկաւ աշուն, եկաւ գարուն,
Առանց ահի, կոտորածի,
Բա՜ց արեցին սուփրէն հացի:
«Սասունցիների Պարը», Գ. Էմին
Սեղանին գլուխը նստած, դիտելով ամբողջ տեսարանը, անխուսափելի էր չհիանալ կատարուածին վրայ ու նաեւ մտածել, թէ «սուփրէ»ն ի՛նչ թռիչքով հասաւ Հայաստան ու իջաւ Սասնոյ լեռները:
Արաբերէն է «սուֆրա» բառը: Ուստի, բաւական ճամբորդած է ու ստուգաբանականօրէն կը պարունակէ «ճամբորդութիւն» միտքը: Արմատն է «սֆր», որ նախ նշանակած է ճամբորդի ուտելիք: Լեզուաբաններ այդ արմատը կը համեմատեն «սաֆար» (թրք.՝ սեֆեր) բառին հետ՝ երկար ճամբորդութիւն, ուղեւորութիւն: Աճելով «ճամբորդի կերակուր» իմաստէն, նշանակած է նաեւ սեղանի ծածկոց, սեղան ու վերջապէս՝ հացկերոյթ կամ հանդիսաւոր կոչունք, ուր կան երգն ու «կենաց»ը, թամատան ու «սրտի խօսք»ը:
Լեզուաբաններ ստուգած են նաեւ, թէ բառը սերած է արամերէն եւ ասորերէն «սփր» բառէն՝ «սահման, կտրել, հատանել»: Իսկ անոր ցեղակից էր աքքադերէն «սափարրու»ն, որ կը նշանակէր «կառք, ձեռնասայլ»:
Բառը Հայաստան հասած ըլլալ կ՛երեւի միջնադարուն, արաբական արշաւանքներուն ժամանակ: Ապա ճամբորդած է հիւսիս ու հասած է Վրաստան: Հոն «սուփրա» է բազմանդամ ճոխ սեղանը: Վրացիները ունին ժողովրդային երգերու յատուկ հաւաքածոյ, զոր կը կոչեն «սուփրայի երգեր», ուր կը գովերգուին ազգային հերոսները, գինին, գեղեցիկն ու բնութիւնը:
16րդ դարուն աշուղ Նահապետ Քուչակ ուզեր է իր եարին հետ նստիլ սուֆրա ու երգել անոր.
Էպրըշում խալի ձըգիմ ոսկի թել տոշակի վըրայ.
Բարձիկ մը սուֆրա դընիմ, տապակած կաքաւ մի վըրայ.
Շուշայ մի գինի բերեմ, ան խըմիմ քու սիրուն վըրայ.
Հագնիմ ի շարէ շապիկս, որ շարէ ծիծերս երըւայ:
Մինչեւ 1915 թուականը «սուֆրա»ն Մշոյ 12 մեծ ու փոքր թաղերէն մէկն էր, «Սուֆրա Մահլա»: Իսկ Մուսա լեռ, տան սեղանը հիւսուած կ՛ըլլար ցորենի ցողունով՝ ծեղով:
Ցածրահասակ սեղանը, որուն շուրջ ծալապատիկ կը բոլորուէին ճաշի ժամուն, կը կոչէին սուֆրա: Եւ անոնք ճաշի կը սկսէին Տէրունական աղօթքով, որ կը հնչէր այսպէս.
Եա միր տուտը,
Քի էիր կենք տէօն կուս, սէօրբ թըղըննօ
Քը էնէօն, թըղ ու գու
Քըթէ գեւուրութէյն, թըղըն նոքը կոմք՝ չոցըրէիր կենք տըրզաննի գիտանք:
Դէօն զմիր հուց տէօր իսուր…
«Սուփրա» բառով ունեցեր ենք երկու դարձուածք: Նախ՝ «Սուփրա կը բանանք», ապա՝ «Սուփրա կը ժողվենք կամ կը ծալենք» (Դարձուածքային Բառարան, 1975, Երեւան)։
«Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հասկացաւ,
Որ պար չէ սա, այլ՝ մի ազգի քաջ պատմութիւն,
Ուր պարտութի՜ւնն անգամ ունի հպարտութիւն»:
Երբ աշակերտուհին կ՛աւարտէ բանաստեղծութեան վերջին միտքերը, կը բարձրանան բաժակները յանուն յաղթանակի եւ անգամ հպարտ պարտութեան ու բոլորը կը զգան, թէ հին սերունդներու բարեհամբոյր նայուածքին տակ, օրհնուած է պատանիներու այս «սուփրէ»ն: