ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Մտածեցէք երջանկութեան մասին եւ կառուցեցէք զանիկա, եւ պիտի տեսնէք, որ անիկա ձեր ձեռքերուն մէջ է: Երջանկութիւնը դժուար չէ իրականացնել, ինչպէս շատեր կ՛երեւակայեն, այլ անիկա անոնց երեւակայածէն աւելի հեշտ է, եւ անձ մը կրնայ իր կեանքի անձուդարձերն ու պատկերները վերածել երջանկութեան ձեւի մը:
Պայման չէ, որ երջանկութիւնը ըլլայ տաժանակիր նպատակ մը, որուն կը ձգտինք, կամ՝ հեռու երազ մը, զոր կը փորձենք իրականացնել, կամ՝ անկարելի բան մը, որմէ յուսահատած ենք, եւ ահա անիկա յանկարծ կիրականանայ եւ այդ ալ՝ շատ դիւրաւ:
Երբ կը պնդենք բանի մը վրայ, իւրացուցած կ՛ըլլանք այն գործիքը, զոր մեզի կ՛օգնէ հասնելու մեր պահանջին, եւ չեմ կարծեր, որ երջանկութեան պնդումէն աւելի գեղեցիկ բան կայ… Պնդել՝ անոր իրականացման համար, ամէն ժամանակի մէջ… Պնդել, որ մեր օրը երջանկութեամբ աւարտի եւ մեր ցերեկը սկսի անով… Պնդել, որ կացութիւնը՝ ի՛նչ ալ ըլլայ այդ, վերածել մեր օգտին… Նայիլ բաժակի լեցուն մասին… Մեր ապրած վայրը վերածել գեղեցիկ պարտէզի մը եւ ոչ թէ կրակի մը, որ չորն ու թացը այրէ:
Երջանկութեան տեսակներէն մին այն է, որ մենք զանիկա սեպենք՝ ինչպէս ձախողածները կը կոչեն՝ «ձախողանք», օգտակար փորձառութիւն մը, որմէ սնանինք ապագային, օգտուինք եւ ուրախանանք՝ սխալները ճշդելով, վարժուելով նայիլ փայլուն կողմը այն հարցերուն, զորս կը դիմագրաւենք. այսպիսով, անիկա կ՛ըլլայ այդ լայնաբաց դուռը, որ մեր կեանքին մէջ մեզի երջանկութիւն կ՛ապահովէ:
Շատեր կ՛երեւակայեն, որ երջանկութիւնը միայն կը հանդիպի անոնց, որոնք հարուստ են, սակայն կրնայ անիկա ըլլալ երազ մը, զոր չեն կրնար իրականացնել: Կ՛երեւակայեն շատեր, որ անիկա գեղեցիկին կը պատկանի, սակայն կրնայ անոնցմէ շատ հեռու ըլլալ, կամ կ՛երեւակայեն, թէ երջանկութիւնը միայն պատճառով կամ առանց պատճառի խնդացողին մօտ կ՛ըլլայ, սակայն անիկա կրնայ լքուած կայարան մը ըլլալ անոր կեանքին մէջ:
Ուրեմն, ո՞ւր կը թաքնուի երջանկութիւնը եւ ի՞նչ է անոր հասնելու գաղտնիքը: Անիկա այլոց հետ մաքուր միտքով իրականութիւնը խօսելուն եւ հաւատարիմ ըլլալուն մէջ կը կայանայ: Անիկա բաւարարուած զգալու զգացումին մէջ է: Երջանկութիւնը հանգիստ խիղճով քնանալուն մէջ է, սիրտին մէջ ոխ կամ վրիժառութիւն չպահելով կամ որեւէ օր չզգալով, որ անարդարութիւն կատարած էք:
Բայց եթէ անարդար եղած էք, ապա անիկա շատ հեշտ հարց է, որովհետեւ իրաւունքը երկար ժամանակ չի կորսուիր եւ երեւան կու գայ անպայմա՛ն, ուշ կամ կանուխ: