(Գրագէտ Պօղոս Սնապեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Ճիշդ տարի մը առաջ, Յունիս 20ին, հայրենահան մուսալեռցիներու միջնաբերդին՝ Այնճարի մէջ (Լիբանան), հողին կը յանձնուէր Պօղոս Սնապեանն ալ… գրագէտ, պատմուածագիր, հեղինակաւոր գրաքննադատ, խմբագիր, ուսուցիչ եւ բեմբասաց:
87 տարու պատկառելի վաստակեալ մըն էր Պօղոս Սնապեան, վերջին կէս դարու լիբանանահայ գրական կեանքի հիմնական սիւներէն մին, որուն գիտակցական
կեանքի բոլոր տարիները անցան մի միայն Գիրի ու Գիրքի երանելի աշխարհին մէջ…
«Բագին»ի խմբագրատան իր աշխատասենեակը իր անփոխարինելի դրախտն էր, ուր կ՛անցընէր օրուան ժամերուն մեծ մասը: Հոն ունէր խոշոր գրասեղան մը, որ յաւիտենապէս կը յորդէր հին ու նոր գիրքերու դէզերով եւ անհամար թղթապանակներով, մինչ սենեակի պատերն ալ ծածկուած էին «Բագին»ի կաշէկազմ, հին հաւաքածոներով եւ գրական այն բոլոր սկզբնաղբիւրներով (գիրք կամ մամուլ), որոնք անհրաժեշտ էին իրեն՝ իր գրավերլուծական ուսումնասիրութիւններուն կամ խմբագրական պարտաւորութիւններուն համար:
Պօղոս Սնապեան, անկասկած, իւրայատուկ երեւոյթ մըն էր Սփիւռքի գրական-մտաւորական անդաստանէն ներս, ու իր շիջումը թողուց լայն բաց մը կամ
պարապութիւն մը, զոր կարելի պիտի չըլլայ լեցնել բնաւ:
Սնապեան բնիկ մուսալեռցի էր, Պիթիաս գիւղէն, ուր ծնած էր 1927ին: 22 տարեկանին աւարտեր էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, այնտեղ բախտն ունենալով աշակերտելու Յակոբ Օշականին, որմէ պիտի «ծծէր» գրական իր բնատուր տաղանդը կերպաւորող խորքի եւ ձեւի մասնայատկութիւններ եւ որուն նկատմամբ մինչեւ մահ պիտի պահէր անպարագրելի եւ ուժգին սէր մը:
Սնապեանի գրական անդրանիկ գործը «Ժամանակ Չկայ» խորագիրով վիպակ մըն էր, որ լոյս տեսաւ 1953ին: Անկէ ետք, տասնեակներով հատորներ յաջորդեցին մէկը միւսին. «Ես Այդ Շունն Եմ», «Աղքատներուն Աւանդութիւնը» (եռահատոր), «Կորստական Թոյներ», «Անմիջական Գրականութիւն», «Ինչպէս Հայհոյեմ», «Տարեդարձներ», «Կրկէսին Մէջ» (եռահատոր), «Երկու Սպանդ», «Մեր Փարախէն Ներս», «Վերծանումներ» եւ այլն, եւ այլն:
Ի դէպ, 50ական թուականներու վերջերը, ան հրատարակեց «Միջնաբերդ» անունով գրական տարեգիրքի մը երկու թիւեր:
Սնապեան, տասնամեակներ շարունակ, աչքի լոյս թափեց նաեւ ուրիշներու գրականութեան վրայ, խմբագրեց ու հրատարակութեան պատրաստեց մեծաթիւ գիրքեր: Առաջին իսկ օրէն (1966) մաս կազմած ըլլալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատական մարմինին, ան, շուրջ 40 տարի, հակեցաւ մրցանակին յղուած անհամար անտիպ գործերու ձեռագիրներուն վրայ, լծուեցաւ որոմը ցորենէն զատելու սպառիչ ու ապերախտ աշխատանքին, ուղի բացաւ գրական արժէքաւոր նոր ստեղծագործութիւններու առջեւ:
Այս նոյն ծիրին մէջ իրեն համար նպատակակէտ դարձան մանաւանդ Յ. Օշականի երկերը: 80ական թուականներէն սկսեալ, Պօղոս Սնապեան անհաւատալի հետեւողականութեամբ ու նախանձախնդիր ջանասիրութեամբ լծուեցաւ իր մեծանուն ուսուցիչին գործերուն հրատարակութեան կամ վերահրատարակութեան սեւ աշխատանքին ու անձամբ խմբագրելով զանոնք՝ յաջողցուց անոնց տպագրութիւնը: 30 անուն գիրք տպուեցաւ այս շարքէն: Հրաշալի՜ իրագործում: Թուե՞նք քանի մը վերնագիրներ. «Սահակ Պարգեւեան», «Մնացորդաց» (եռահատոր), «Խոնարհներ», «Մայրիներու Շուքին Տակ», «Ոսկի Ուռնակը», «Հաճի Մուրատ», «Հաճի Ապտուլլահ», «Սուլէյման Եֆէնտի», «Ծակ Պտուկը», «Երբ Պատանի Են», «Անգղին Կտուցին Տակ», «Մաթիկ Մելիքխանեան», «Գիրքերու Քովն Ի Վեր» եւ այլն, եւ այլն: Վէպերէ եւ արձակ այլ գործերէ կազմուած Օշականեան ամբողջ գրադարան մը ահաւասիկ, որ տեւաբար պիտի սպասէ իր ընթերցողներուն…
Հայերէնի նկատմամբ բծախնդրութիւն սնուցանող աշակերտներու սերո՛ւնդ մըն ալ կրցաւ խմորել Սնապեան՝ մանաւանդ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն ներս (Պէյրութ) իր պաշտօնավարութեան քսան տարիներուն (1983-2003): Այդ աշակերտներէն շատեր, հիմա արդէն իրենց կարգին՝ ուսուցիչ, խմբագիր կամ գրչի սպասարկու, երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց երբեմնի սիրելի դասախօսը, ու յետադարձ հայեացքով կ՛անդրադառնան՝ թէ ինչե՜ր շահեցան անոր դասաւանդութիւններէն, ինչպէ՜ս հունաւորուեցաւ իրենց ներսիդին՝ հայ գրականութեան ու հայերէն լեզուի նկատմամբ խորունկ սէրը…
***
Հիմա, երբ տարիէ մը ի վեր այլեւս չկայ ինք, կ՛արժէ հարց տալ.
– Ո՞ւր կը կայանար Սնապեանի իւրայատկութիւնը, ինչո՞ւ «անփոխարինելի» անձ մըն էր ան:
Փորձենք պատասխանել խիտ ու արագ:
ա) Պօղոս Սնապեանի մօտ տիրապետող էր գրաքննադատական շատ զօրաւոր ու եզակի ջիղ մը: Հետազօտող, պրպտող, սխալագրութիւններ հետապնդող եւ բանագողութիւններ երեւան հանող խուզարկու բացառիկ միտք մըն էր ան:
Մօտիկ անցեալի գրականութեան պատմութեան մէջ՝ անմոռանալի կը մնան Սնապեանի շշմեցուցիչ յայտնաբերումները: Դեռ երիտասարդ տարիքին, ան կրցեր էր աւրել ու եղծել շպարը բանաստեղծ Եղիվարդին (Երուսաղէմի ապագայ Եղիշէ պատրիարքը), Յակոբ Օշականէն կատարած անոր ամօթալի իւրացումներն ու բանագողութիւնները հրապարակելով «Նայիրի»ի մէջ, ու այդպէսով՝ ափ ի բերան թողելով ընթերցողները: Ուրիշ անգամ, ան խստօրէն կը խարազանէր հայրենադարձ գրող Կոստան Զարեանը՝ անոր «Նաւը Լերան Վրայ» վէպին երեւանեան «մաքրաջրուած» վերահրատարակութիւնը (1963) էջ առ էջ, այլեւ տող առ տող բաղդատելով 1943ի պոսթընեան անդրանիկ հրատարակութեան հետ: Ինչե՜ր ու ինչե՜ր զեղչուած էին հոնկէ: Զարեանի գլուխ-գործոց այս վէպը ենթարկուած էր գաղափարական նախճիրի մը՝ տուրք տալու համար վարչակարգի քաղաքական հայեցողութեան: Սնապեանի համար՝ Կոստան Զարեանի այդ «նաւ»ը «Աւազախրած նաւ» մըն էր այլեւս…
բ) Սնապեան ամբողջ 40 տարի ձեռնհասօրէն խմբագրեց Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագիրը, սկզբնական շրջանին՝ իր մտերիմ գրչակից ընկերոջ՝ Եդուարդ Պօյաճեանի հետ, այնուհետեւ գրեթէ առանձինն, փոքրաթիւ օժանդակողներով շրջապատուած: Այս որակաւոր պարբերականի էջերուն մէջ ան ոչ միայն թափ տուաւ իր սեփական գրավերլուծական ձիրքերուն, այլեւ խստաբիբ հսկեց Սփիւռքի գրական հրապարակին վրայ: Ուղղութիւն ու թեւ տուաւ խոստմնալից նորերուն, զգաստութեան հրաւիրեց միջակութիւնները, մերկացումներ կատարեց գրականութեան ածուէն ներս թափանցած անտաղանդ յաւակնորդներու գիրքերուն մէջ, գնահատեց ու մեծարեց իրա՛ւ տաղանդաւորները: Մօտէն հետեւեցաւ նաեւ հայաստանեան գրականութեան վերիվայրումներուն եւ նուաճումներուն:
Ի դէպ, «Բագին»ը, այդ շրջանին, արգիլեալ պարբերաթերթ մըն էր Սովետական Հայաստանի մէջ, սակայն խորհրդաւոր ճամբաներով Երեւան հասած ատոր քանի մը թիւերը գաղտնօրէն ձեռքէ ձեռք կը փոխանցուէին մտաւորական շրջանակներէ ներս ու կ՛ընթերցուէին յափշտակութեամբ…
Մինչեւ 2003 (երբ ամսագիրը դիմագիծ ու տէր փոխեց), «Բագին»ը Սնապեանին աւազանն էր ու իր անունին հոմանիշը:
Աւելի ուշ, 2007էն սկսեալ, «Ազդակ» օրաթերթի ամպհովանիին տակ Սնապեան կեանքի կոչեց «Ազդակ Գրական- Ազդակ Արուեստի» պարբերաթերթը ու այնտեղ, հաւատարիմ աշխատակիցներու ալ նեցուկով, շարունակեց պահպանել «Բագին»ի աւանդութիւններն ու մթնոլորտը… Այս նոր պարբերաթերթին իւրաքանչիւր թիւին Ա. էջին վրայ, Սնապեան միշտ կ՛ունենար «Յուշագիր» խորագրեալ առաջնորդող յօդուած մը, շատ այժմէական ընդգծումներով, ուր շինիչ թելադրանքներ կ՛ընէր առ որ անկ է: Զորօրինակ, ան յուշագիրներ կը յղէր «քծնողներուն եւ քծնուողներուն», «ճառախօսներուն», «դիւրահաճներուն», «համագումարներ կազմակերպողներուն», «մեր մեկենասներուն» եւ այլն: Պարբերաթերթը առանձին ծաւալուն թիւեր նուիրեց Միսաք Մեծարենցին, Լեռ Կամսարին, Ուիլիըմ Սարոյեանին եւ այլոց:
գ) Սնապեան Սփիւռքի լաւագոյն ու լայնահորիզոն գրականագէտներէն մէկն էր, անկասկած: Սքանչելի գրավերլուծող մը, վերծանող մը, որուն համար գրեթէ գաղտնիք չունէին ո՛չ արեւմտահայ, ո՛չ արեւելահայ գրականութիւնները, ո՛չ խորհրդահայ գրական աշխարհը, ո՛չ սփիւռքահայ գրական անդաստանը:
Ճիշդ է թէեւ, որ իր դատումներուն մէջ ան յաճախ շատ խիստ էր ու կծու, երբեմն նոյնիսկ՝ նախապաշարեալ: Կարգ մը գրողներու նկատմամբ ունէր պաշտամունքի հասնող համարում ու սէր (Օշական, Շուշանեան, Համաստեղ, Չարենց, Բակունց), մինչ ուրիշներու նկատմամբ ալ տեւաբար պահեց անզիջող ու զարմանալի վերապահութիւն մը (Ծառուկեան, Շահնուր, Հրաչեայ Քոչար, Աւետիք Իսահակեան, պոլսահայ գրողներ…):
Գրական որեւէ երեւոյթ՝ իր գրիչին տակ դիւրաւ կրնար ենթարկուիլ մանրակրկիտ սեւեռումի, կրնար ծաւալիլ անհամեմատօրէն: Ասոր լաւագոյն ապացոյցն էր, զորօրինակ, Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան նուիրած իր քննական հիւթեղ ուսումնասիրութիւնը, որ ի վերջոյ 160 էջանի առանձին հատորի մը վերածուեցաւ…
դ) Փնտռուած բանախօսն էր գրական ձեռնարկներու: Կատարելապէս կը տիրապետէր իր նիւթին, կը խօսէր անգիր՝ յորդ, գեղեցիկ ու առինքնող հայերէնով, ճոխ բառամթերքով: Կա՞յ մեր շուրջը գէթ այս մարզին մէջ զինք փոխարինող մը:
Բարեբախտաբար, լեցո՛ւն կեանք մը ապրեցաւ Պօղոս Սնապեան: Արտադրեց առատօրէն, մեծարուեցաւ յոբելենական հանդիսութիւններով ու շքանշաններով, պատեհութիւն ունեցաւ յաճախակի հրաւէրներով շրջագայելու Սփիւռքի մինչեւ հեռաւոր ափերը, ուր ելոյթներ ունեցաւ բազմութիւններու առջեւ: Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ իր առջեւ բացուեցան նաեւ հայրենիքի երբեմնի փակ դռներն ալ…
Ճակատագրական կորուստ մըն էր իր մահը սակայն: Ափսոսալի՝ ո՛չ թէ իր ֆիզիքական շիջումին համար (քանի որ, ի վերջոյ, իր լրումին հասած կեանք մըն է որ հողին կը դառնար), այլ իր ուղեղին մէջ կուտակուած հսկայ պաշարին անէացումին համար…
Կեանքի ու մահուան տարօրինակ խորհո՜ւրդը…
Բարեբախտաբար, վերջին տարիներուն, ան ջանադիր եղած էր հատորներու մէջ մէկտեղելու իր անտիպ կամ դէս ու դէն ցրուած գրութիւնները՝ փրկելով զանոնք հաւանական մոռացումէ: Իր ստորագրութիւնը կը կրեն 40ի չափ գիրքեր:
Անձնապէս, իրմէ կը պահենք թանկագին յուշեր ու իր իսկ ձօնագրութեամբ մեզի ղրկուած տասնեակ մը գիրքեր: