ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ճշմարտութիւնները աշխարհի «խուլերուն» հասկցնելու դժուարութիւնը բացայայտ իրողութիւն է: Խուլերը չակերտեցինք, որովհետեւ աշխարհի մէջ ֆիզիքապէս խուլերէն շատ աւելի է ականջ ունեցող ու չլսող մարդոց քանակը:
Ինչքան ալ այսօր ուսման ու գիտութեան ոլորտներէն մէկը կը հանդիսանայ խուլ, կոյր ու համր անձերուն դասաւանդութիւն կատարելը, որ ինքնին մասնագիտութիւն կ՛ենթադրէ, միւս կողմէ սակայն, չէ՛ լուծուած զոյգ ականջներով լսող, զոյգ աչքերով տեսնող եւ սահուն խօսող մարդոցմէ ոմանց խօսք հասկցնելու դժուարութիւնը:
Կ՛ըսուի, թէ ընդհանրապէս խուլերն են, որոնք իրենց զրուցակիցները խուլ կարծելով, աւելի բարձր կը խօսին: Սակայն այս տեսակէտը չ՛արդարանար, որովհետեւ անոնց ֆիզիքական տկարութիւնն է որ պատճառ կը դառնայ իրենց այդ վերաբերումին: Անոնք փաստօրէն իրենց ձայնը լաւ չեն լսեր, ատոր համար բարձր կը խօսին, որպէսզի նախ իրենք իրենց ըսածը լսեն:
Պատմութեան ընթացքին տառապած ու իրաւազրկուած ազգեր, ինչպէս հայ ժողովուրդը, միշտ կը բարձրաձայնեն իրենց իրաւունքներու խնդիրը, արդարութեան պահանջով գոռալով աշխարհին: Բոլորս ալ գիտենք, որ այդ ձայնը բոլորն ալ կը լսեն, սակայն անոնցմէ միայն ոմա՛նք ականջ կու տան ըսուածին: Միւսները կա՛մ խուլ կը ձեւանան կամ ուղղակի կը յայտարարեն թէ չեն լսեր…
Անհատ մարդոց պարագային ալ շատ տարբեր չէ կացութիւնը: Ոմանք բեկ-բեկ հոգիով իրենց սիրտի ցաւը կ՛ողբան ուրիշներու դիմաց, կարիքաւոր իրենց դրութիւնը կը պարզեն, այն յոյսով, որ ցաւակիցներ անպայման կը գտնուին լսողներու շարքերուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք կը յուսադրուին, երբ խղճամիտ մարդիկ զօրավիգ կը կանգնին իրենց, ու կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար կը հանդիսանան: Իսկ ուրիշներու համար մժեղի մը տզզոցին չափ ալ արժէք չ՛ունենար անոնց կատարած ողբ ու կոծը: Ընդհակառակը, անոնք կ՛ուզեն վայրկեան առաջ հեռանալ իր տարտը պատմողէն, վստահ ըլլալով, որ այդքան լացը զայն պիտի հասցնէ մուրացկանութեան: Ուրեմն, լսողները լաւագոյնը կը համարեն չլսելու տալ անոնց ձայնը, փրկուելու համար օգտակար հանդիսանալու փորձանքէն:
Մարդիկ իրենց նեղութիւնները իրարու պատմելէ աւելի, Աստուծոյ կը պատմեն: Ուրեմն չի կրնար մէկը հաւասարիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ մարդոց տարտ ու ցաւերը լսելու մրցումին մէջ: Ամէնէն աւելի Ան մտիկ կ՛ընէ մեր դժուարութիւնները, որոնք աղօթքի ճամբով կը մատուցենք Անոր, վստահ ըլլալով որ անպայման լուծում մը պիտի տայ մեր խնդրուածքին:
Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կան սակայն միամիտներ, որոնք իրենց ըսածը քանի մը անգամ կը կրկնեն, կա՛մ կարծելով թէ Աստուած բթամիտ է ու մէկ անգամով չի՛ հասկնար մեր ըսածը կամ այնպէս կը խորհին, թէ Ան խուլ է, ու պէտք է կրկնել եւ բարձրաձայն ըսել Անոր, անպայման լսել տալու համար մեր խնդրանքը:
Այս ամէնը անշուշտ կռապաշտական օրերու մտայնութեանց հետեւանքներ են, զորս անգիտակցաբար կը գործադրեն մարդիկ, առանց անդրադառնալու որ հոգեղէն Աստուծոյ է որ կը դիմեն իրենց զանազան խնդրանքներով: Հոգեղէն Աստուածը, որ ամէն ժամանակ ամէն տեղ ըլլալու հնարաւորութիւն ունի, ֆիզիքական թերութի՞ւն կրնայ ունենալ: Կրնա՞յ ըլլալ որ Ան խուլ ըլլայ, կամ կոյր: Կատարեալ Աստուածը ո՛չ իսկ կը ձեւացնէ, մարդոց նման, թէ խուլ է կամ կոյր, որովհետեւ Բարի է Ան:
Աստուած Իր բարութեամբ կ՛ակնկալէ ու նոյնիսկ կը սպասէ, որ մարդիկ Իրեն դիմեն իրենց խնդրանքներով, որպէսզի Ինք օգնէ անոնց ու դուրս բերէ դժուարութիւններէ:
Կը պատմուի, թէ գիւղի մը քահանան պատարագած պահուն շատ մեղմ կ՛երգէր իր բաժինները, այնքան մեղմ՝ որ հազիւ լսելի կ՛ըլլար ժողովուրդին (այդ օրերուն բարձրախօսներ ալ չկային անշուշտ):
Իսկ երբ պատարագի կիսուն, քարոզի՝ կը դառնար ժողովուրդին, իր ամբողջ ուժերը հաւաքած, գրեթէ պոռալով կը քարոզէր: Ժողովուրդէն յայտնի մարդիկ կը մօտենան տէր հօր եւ որդիական յարգանքով բացատրութիւն կը խնդրեն այս առեղծուածին մասին: Անոնք կ՛ըսեն, թէ երգեցողութեան ժամանակ ականջնին կը սրեն եւ հազիւ կը լսեն ձայնը, մինչ քարոզի ժամանակ իրենց ականջները գոցել կը պարտաւորուին երբեմն, ձայնին պոռչտուքային բարձրութենէն:
Տէր հայրը իր պատգամը ժողովուրդին հասցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ, իրեն մօտեցողներուն կ՛ըսէ, թէ Կիրակի օր, քարոզի պահուն այդ մասին բացատրութիւն պիտի տայ, որպէսզի բոլորն ալ լսեն եւ իմանան իր այդ վարմունքին պատճառը:
Կիրակի օր, սովորականէն աւելի թիւով հաւատացեալներ կը խռնուին եկեղեցին: Մինչեւ քարոզի պահը, տէր հայրը իր սովորութեան համաձայն՝ շատ մեղմ ձայնով կ՛երգէ իր բաժինները:
Սակայն երբ քարոզի պահը կու գայ, շատ լսելի եւ նոյնիսկ խլացուցիչ ձայնով կը դիմէ ժողովուրդին: Ան իր տուած բացատրութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ այն երգի բաժինները, որոնք կը կատարեմ, ուղղուած են Աստուծոյ: Իսկ Աստուած խուլ չէ՛ որ չլսէ զանոնք: Ան նոյնիսկ մեր միտքերը կը կարդայ ու մեր հոգիներն ու սիրտերը կը քննէ:
Մինչ դուք, խուլեր էք: Ձեզի հետ բարձր պէտք է խօսիլ, որպէսզի լսէք եւ սորվիք ճշմարտութիւնը, որմէ կը խուսափիք յաճախ:
Ուրեմն, ձեզի ուղղուած խօսքս բարձր կ՛ըսեմ, ձեզ խուլի տեղ դնելով, որպէսզի հրաշքով բացուին ձեր ականջները եւ լսէք Աստուծոյ պատուիրանները…
Ահաւասիկ բարոյալից պատմուածք մը, որուն մէջ Աստուծոյ պատուիրաններուն չհետեւելու կամաւոր խլութեան օրինակը կը ձաղկուի: Ինչքան ալ մարդիկ դերասան ձեւանան, այնպէս ընելով որ չեն լսեր, դարձեալ ի յայտ կու գայ անոնց խաբեբայութիւնը, եւ անպայման կը պատժուի կամաւոր խլութեան մեղքը:
Նոյնն է նաեւ մարդկային փոխյարաբերական կեանքի պարագային: Ինչքան ալ մարդիկ անտարբեր մնան ուրիշի ցաւին ու լացին, այնպէս ձեւացնելով, թէ իրենց հետ որեւէ առնչութիւն չունի այդ, սակայն, դարձեալ, օր մը կը զղջան խուլ ձեւացուցած ըլլալնուն համար: Որովհետեւ նոյն ցաւը կրնայ նաեւ իրենց կեանքին մէջ պատահիլ, եւ այս անգամ իրենք կը մնան առանձին, առանց ոեւէ օգնականի կամ իրենց հետ լացողի, եւ կը ստիպուին առանձին լալ իրենց սեւ բախտը:
Աստուած խուլ չէ՛, ու մանաւանդ կոյր չէ՛: Ան մեր բոլորին կեանքին կը հետեւի անձանձրոյթ: Ան կը լսէ մեր ամէնէն մեղմ ձայնով ըսած խնդրանքերը, ինչպէս նաեւ ամչնալու հետեւանքով մեր չըսածներն ալ: Որովհետեւ Ան մեր սիրտերուն բոլոր ծալքերու գաղտնիքներուն տեղեակ է արդէն:
Աստուծոյ հետ քաղաքավար վարուելու սկզբունքին հետեւողութեամբ, մարդէ մարդ յարաբերութիւնն ալ պէտք է ըլլայ բարձրագոյն աստիճանի հոգատարական: Այդ հոգատարութեան ու ողորմածութեան առաքինութիւններն են, որոնք կը բանան մեր ականջները եւ կը բուժեն մեր լսողութիւնը:
Հոգատարութիւնը եւ ողորմածութիւնը մեր խուլ ականջներուն դրուած, ձայնալիքներ հաւաքող մասնաւոր զրնգուն գործիքներ են, մեր լսողութիւնը դիւրացնող: Այլապէս անխիղճ մարդու տպաւորութիւնը կը թողունք մեր շրջապատին վրայ, երբ մարդիկ իրենց դժուարութիւնները պատմեն մեզի, իսկ մենք այնպէս ձեւացնենք թէ չենք լսեր: Աստուած բնա՛ւ խուլ չէ՛: Իսկ մենք՝ երբեմն այո՛: