Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Արա Գէորգեան Ներկայացուց «Remember» Եւ «Կանք Ու Կը Լինենք» Տեսահոլովակները

$
0
0

 

1027arakevorkian
ԵՐԵՒԱՆ.– «Սեւ Ապրիլ» նախագիծի առաջին տեսահոլովակները, որոնք կը կրեն «Remember» եւ «Կանք ու կը լինենք» խորագիրները, 26 Հոկտեմբերին Մոսկուա շարժապատկերի սրահին մէջ ներկայացուեցան հայ հանդիսատեսին: Երգերու երաժշտութեան հեղինակն է Արա Գէորգեան, հայերէն խօսքերու հեղինակը՝ Լեւոն Բլբուլեան, անգլերէն տարբերակինը՝ ամերիկացի երգիչ Տանիէլ Տեքըր, որուն այս տարի տրուեցաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արա Գէորգեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ինք անպայման պէտք է աշխատանք մը ներկայացնէր: Իսկ երգը պատրաստուած էր, ինք ձեռնամուխ կ՛ըլլար նաեւ երգի ձայնագրման աշխատանքներուն՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ Ազգային ակադեմական երգչախումբին հետ: Երգի ձայնագրութեան մասնակցած են նաեւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրին մէջ Սփիւռքէն Հայաստան եկած տասնեակ երգչախումբեր, որոնք եւս մաս կազմած են նկարահանումներուն։
Շուրջ 700 անձերու մասնակցութեամբ տեսահոլովակի նկարահանումը տեղի ունեցած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ Վահան Սէթոյեանի բեմադրութեամբ: Նշենք, որ երգի անգլերէն տարբերակին մէջ չափ կու տայ Յովհաննէս Չէքիճեանը, իսկ հայերէն տարբերակին մէջ՝ Էդուարդ Թօփչեանը:
Արա Գէորգեան զրոյցին աւարտին յոյս յայտնած է նաեւ, որ այս ճնշումներէն ետք օր մը Թուրքիան ուշքի կու գայ եւ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles